Գալ տարուան Հոկտեմբեր 1-ին կը լրանայ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան հիմնադրութեան հարիւրերորդ տարին։ Մեր ժողովուրդին եւ յատկապէս անոր արտերկրի հատուածին համար խիստ նշանակալից այս դարադարձը, անտարակոյս, պիտի նշուի արժանավայել տօնակատարութեամբ, ո՛չ միայն Մայր Հայրենիքի մէջ տեղի ունենալիք շքեղագոյն հանդիսութեամբ, այլ նաեւ սփիւռքի ամբողջ տարածքին կայանալիք յոբելենական բազմաթիւ նախաձեռնութիւններով։
Դար մը ամբողջ, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը, յարաճուն վճռականութեամբ, վիթխարի աւանդ եւ անգնահատելի ներդրում ունեցած է ազգապահպանման, ազգային գիտակցութեան եւ հայրենասիրութեան վառ պահուելուն, ինչպէս նաեւ պահանջատիրութեան նուիրականագոյն նպատակներուն ի սպաս։
Կուսակցութեանս հարիւրամեայ, ազգանուէր բոլոր նուաճումները արդար հպարտութեամբ կը համակեն Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան աշխարհատարած ամբողջ անդամակցութիւնը եւ համակիր լայն շրջանակները։
Հարիւրամեակի տօնախմբական միջոցառումներու կազմակերպման եւ իրագործումնին համար կենաքի կոչուած են յոբելենական զոյգ, հեղինակաւոր յանձնաժողովներ։
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան երկնագոյն դրօշին տակ, վերանորոգ եռանդով համախմբուելու հոյակապ պատեհութիւն կը ստեղծէ հարիւրամեակի պանծալի մեր յոբելեանը։
Կարդացեք նաև
ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ