Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Մտորումներ Լիբանանի և լիբանանցիներու վաղուան մասին․ «Հայրենիք»

Օգոստոս 15,2020 10:00

Ափսո՜ս… Դրախտավայր յիշեցնող Լիբանանը ահագնադղորդ աղէտի մատնուած է: Խօսեցան պատկերները: Անցնող ամէն օր կը շեշտէ աղէտի ահաւորութիւնը: Տեսնուածը եւ լսուածը պահ մը փակագիծի մէջ դնելով պէտք է հարց տալ, թէ ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս ոչ-պատերազմական այս աւերիչ աղէտը տեղի ունեցաւ: Միշտ կարելի է պատասխանատուութիւնը քանի մը անձերու վրայ բարդել, բայց այդքա՞ն միայն:

Անդին երթալ հարցումէն:

Երկրի դատա-իրաւական սպասարկութիւնները քննութիւնները պիտի կատարեն եւ հրապարակեն արդիւնքները, առանց խուսանաւումներու կը ճշդե՞ն բոլոր մակարդակներու անպատասխանատուներու պատասխանատուութիւնները, որպէսզի յուզուած հանրային կարծիքը եւ ընդվզած քաղաքացիները հանդարտին:

Ներկայ տուեալներով արդէն աղէտի պատմութիւնը կարելի է բեմադրել, սարսափի դիպաշարը գրելով: Աւեր, մահեր եւ ողբերգութիւններ:

Ի՞նչ կ’ըսեն տուեալները:

Խարխլած ռուսական բեռնատար մը պէտք չէր որ խարսխեր Պէյրութի նաւահանգիստը: Բայց Ռոզուս բեռնատարը, որ մեկնած էր Վրաստանէն, հասնելու համար Մոզամպիք, խարսխած է Պէյրութ, բեռնելու համար շինարարական սարքեր: Նաւահանգիստի իշխանութիւնները արգիլած են անոր մեկնումը յետ դատական խնդիրներու, եւ ի վերջոյ նաւուն փոխադրած 2.750 թոն ամոնիոմի նիտրատը պարպած են: Դէպքը պատահած է 2013ին, եօթը տարի առաջ:

Երկրի նախագահը կը խօսի պատասխանատուութեան մասին, այնպէս, որ կարծէք փոքրիկ Լիբանանէն շատ հեռու տեղ մը պատահած են դէպքեր: Ան կ’ըսէ, որ պէտք է ճշդել, թէ այդ պայթուցիկ նիւթերը ինչպէ՞ս հասած են նաւահանգիստ, ինչպէ՞ս մթերուած են եւ անոնք տարիներով ինչպէ՞ս պահուած են: Աւելցնենք. ինչո՞ւ:

Որո՞ւ ուղղել հարցումը:

Պիտի չզարմանանք եթէ ձուկը ջուրին մէջ խեղդելու վարժ վարպետորդիներ յանցաւորներ փնտռեն, ընդհանուր պատերազմական վիճակին եւ աւանդական դարձած թշնամութիւններու վերագրեն,- ռումբ կամ հրթիռ,- 2.750 թոն մթերուած (եւ մոռցուա՞ծ) եւ առանց յաւելեալ զգուշութիւններու պահուած եւ յանկարծ պայթած ամոնիոմի նիտրատը: Ինչո՞ւ մթերած են, ինչո՞ւ պահած, եօթը տարուան ընթացքին ինչո՞ւ չեն փորձած, կամ չեն ուզած, ձերբազատուիլ անկէ:

Հանրային կարծիքը հանդարտեցնելու համար թիրախ կարելի է դարձնել արտաքին թշնամի մը: Բայց այդ մթերուածը եօթը տարի պահել ոչ մէկ չքմեղանք ունի: Հաւանօրէն, 2.750 թոն ամոնիոմի նիտրատը վաճառելով շահեր ապահովելու միտումը պատճառ եղած է ե՛ւ անպատասխանատուութեան ե՛ւ անփութութեան: Հարկ է խօսիլ անհոգութեան մշակոյթի մասին, զոր լիբանանցին երեք բառով կ’ամփոփէ. մալէշ, պասիթա, պուքրա, որք թարգմանին, ինչպէս կ’ըսենք, վնաս չունի, մանրուք է, վաղը… Այս մտայնութիւնը կ’առաջնորդէ պատասխանատուութենէ խուսափելու, հարցերուն նկատմամբ լրջութիւն չցուցաբերելու, թերացումները շրջանցելու:

Ըստ պաշտօնական լուրերու քսան անձեր ձերբակալուած են, եօթը անձերու դրամատնային հաշիւները սառեցուած են, որոնց շարքին՝ նաւահանգիստի եւ մաքսի տնօրէններուն:

Առանց այս մեծ աղէտին ալ, Լիբանան անդունդի եզրին էր: Կար ժամանակ, երբ մէկ տոլարը շուրջ 2 լիբանանեան թղթոսկի կ’արժէր, նուազագոյն աշխատավարձը՝ 250 լիբանանեան թղթոսկի էր, քանի մը տարի առաջ մէկ տոլարը կ’արժէր 1500 լիբանանեան թղթոսկի, իսկ վերջին շրջանին տոլարը արդէն 9000 կ’արժէր…, եթէ գտնուէր: Այս տագնապին վրայ գումարուած էր պսակաձեւ ժահրը:

Լիբանան փոքրիկ երկիր մըն 10.000 քառ.ք.մ. տարածութեամբ եւ շուրջ հինգ միլիոն բնակչութեամբ: Ան ապաստան է նաեւ շրջանի անկայունութիւններու հետեւանք գաղթականներու հոսքի, բնակիչներու 1/5րդը, բնակչութեան քսան տոկոսը գաղթականներ են:

Բայց Լիբանանը այս կամ այն ձեւով կը պատշաճէր, կեանքը կը շարունակուէր, ամէն օրը ուրախութիւն համարելով: Յաճախ չխորհելով անգամ որ օղակներ կը սեղմուէին իր շուրջ. տնտեսական, բնապահպանական, գաղթականութեան գերաճով: 5 միլիոն բնակչութեամբ երկիր, ուր կան 1,5 միլիոն գաղթականներ, ստեղծելով աշխատանքի եւ ապահովութեան խնդիրներ: Երկու օր առաջ բազմաթիւ երկիրներ յանձն առին շուրջ 250 միլիոն տոլարի օժանդակութիւն ընել: Պէտք է գումարել բարեսիրական կազմակերպութիւններու յատկացումները: Կը ղրկուին դեղ, բժշկական սարքեր եւ սննդեղէն:

Հարց է, թէ ինչպէ՞ս ժողովուրդին պիտի հասնի օգնութիւնը: Ո՞վ պիտի կարենայ հսկել, որ, ըստ սովորութեան, իւրացումներ եւ չարաշահումներ տեղի չունենան:

Բայց օգնութիւնը, նոյնիսկ անմիջականը չի բաւարարեր: Ինչպէ՞ս պիտի վերակառուցուի երկիրը, ուր վնասները կը գնահատուին 3էն 5 միլեառ տոլար: Երկրի արտաքին պարտքը՝ 92 միլեառ տոլար է՝ զոր չի կրնար վճարել:

Այս խառնակ եւ յուսահատական կացութեան խորքի պատկերը անելանելի եւ ժամանակավրէպ քաղաքական կեանքի կառոյցն է, որ քաղաքական գիտակցութիւն, ըմբռնում եւ ձեռնհասութիւն փոխարինած է համայնքային իրաւունքներով եւ անոնց պաշտպանութեամբ: Անհատական-ընտանեկան-աւատապետական իրաւունքները խցանուած են նաեւ կրօնական պատկանելիութեան զսպաշապիկին մէջ: Նախագահութիւն, վարչապետութիւն, խորհրդարանի նախագահութիւն գրեթէ անկախ իշխանութիւններ են եւ կրօնական աւատապետական իրաւունք, որոնք սահմանուած են ոչ թէ Սահմանադրութեամբ, այլ Ազգային Ուխտով մը (national pact), որ ոչ հեռուէն ոչ ալ մօտէն կ’առնչուի հանրապետական եւ քաղաքացիական իրաւունքի:

 

Մարք ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» թերթի այս համարում

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Օգոստոս 2020
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Հուլ   Սեպ »
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930
31