«Գանձասար». Չորեքշաբթի, 12 Օգոստոս 2020-ին, Դամասկոսի Պետական Համալսարանի տնօրէն Նպուղ ալ Աու յայտնեց, որ Սուրիան Ռուսիայէն պիտի ներածէ պսակաձեւ ժահրին դէմ իր արտադրած պատուաստը յառաջիկայ երկու կամ երեք շաբաթներուն ընթացքին, երբ Ռուսիա աւարտած կ՚ըլլայ իր վերջնական փորձերը եւ ստուգած կ՚ըլլայ, թէ պատուաստը մարդու մարմինին մէջ որեւէ վնաս չի յառաջացնէր։
Աու յայտնեց, որ շուրջ 20 պետութիւն Ռուսիայէն պահանջեց պատուաստը եւ արտօնութիւն ստացաւ ռուսական հսկողութեամբ պատուաստը պատրաստելու, ինչ որ դրական ազդեցութիւն պիտի ունենայ պսակաձեւ ժահրի համաճարակի յաղթահարման մէջ։