«Եռագոյն». Հալէպը լուռ կը մղկտայ իր ցաւերը, հեռու միջազգային լրատուամիջոցներու աղմուկէն։ 10 տարուան պատեռազմի հետեւանքները կրող քաղաքը, տակաւին ծանրաբերնուած ընդհանուր փլուզման եզրին գտնուող տնտեսական համակարգով, այսօր անպաշտպան կը դիմագրաւէ ժահրի մարտահրաւէրը։
Քաղաքի գրեթէ բոլոր դեղատուները, դժկամութեամբ կը փորձեն հիւանդ հաճախորդներու աղերսներուն պատասխանել, դեղորայքի ահաւոր պակասի պատճառաւ, երբ բժշկական հոգատարութեան մասին խօսիլն իսկ աւելորդ է ու վարակուած հիւանդները, այլ բժշկական օգնութիւն տեսած վարակուողներու դեղագիրերով ու անձնական ճիգերով կը փորձեն պայքարիլ համավարակին դէմ։
Քաղաքի պետական եւ անհատական հիւանդանոցներու իրավիճակը, անբաւարար եւ անկարող իրողութիւն կը պարզեն, երբ բուժօգնութեան կազմերը հնարաւորութիւններու պակասին մէջ կը խարխափին ու վարակակիրներու ախտը ստուգելու հնարաւորութիւն իսկ չունին։
Բոլոր բժշկական օգնութիւն ցուցաբերող մասնաւոր նախաձեռնութիւնները, կը սահմանափակուին մարդոց զգուշաւորութեան հրաւիրելով ու կանխարգելիչ միջոցներ օգտագործելու կոչեր ուղղելով։
Կարդացեք նաև
Հալէպ քաղաքը, իր ապրած դժնդակ օրերու հաշուարկին վրայ, կը գումարէ անորոշութիւն եւ արհաւիրքներ բուրող օրհասական օրեր եւ օր առաջ, շտապ կարիքը կայ, ժահրի դիմագրաւման անհրաժեշտ կենսանիւթերու, դեղորայքի, մաքրութեան եւ հականեխիչ պարագաներու։
Ընդհանուր այս մթագնած մթնոլորտին մէջ, ժահրի պատճառած մահուամբ, կորուստները կը դառնան առաւել խոցելի, որովհետեւ դարմանումի հնարաւորութիւն չունենալը նուաստացում է մարդու տարրական իրաւունքներուն, ալ ինչ խօսք երբ վարակի զոհերը համայնքի կազմակերպական աշխատանքներուն մէջ ներարուած, թեմական, միութենական, մշակութային ու եկեղեցական կառոյցներու ծառայող, պատրաստուած ու թրծուած հայորդիներ են։
Համայնքի հայութեան միակ յոյսը, կը մնան սփիւռքն ու Հայաստանը, վստահելով անոնց կարողականութեան սահմաններուն։ Իւրաքանչիւր հայու աչքերը ակամայ ուղղուած են ողջ հայութեան որդիական կարիքի զգացումներով։ Այս պայմաններուն մէջ, պայքարող Հալէպը անտեսելը ու անոր օգնութեան ձեռք չմեկնելը, համազոր է պատմական մեր գաղթօճախը ու սփիւռքի ամենացայտուն ամրոցներէն մին դիտմամբ կործանման մատնելու։
Ռազմիկ Տունկեան