«Եռագոյն». Պէյրութի նաւահանգիստն ու շրջակայ թաղամասերը քար ու քանդ ըրած՝ 4 Օգոստոսի պատմական պայթումէն ետք, շաբաթը չբոլորուած, վարչապետ Հասսան Տիապի կառավարութիւնը Երկուշաբթի, 10 Օգոստոսին հրաժարական տուաւ, ինչ որ իրողապէս նոր էջ մը բացաւ այն հակաճառութեանց ու քաղաքական հակամարտութիւններուն համար, որոնք այս երկիրը տագնապէ տագնապ կը տանին տարիներէ ի վեր: Ստեղծուած է իրավիճակ կը յիշեցնէ տղմուտ ջրափոսի մը մէջ ինկած անձ մը, որուն իւրաքանչիւր շարժումը զինք քիչ մը աւելի կ’ընկղմէ տիղմին մէջ, անոր օգնութեան կանչերը կը հասնին այնպիսիներու, որոնք կարծէք թէ դիւական հաճոյքով կը դիտեն սուզուողը:
Եթէ պահ մը մտնենք մաշկին մէջ այն լիբանանցիներուն, որոնք դէպքերը կը դիտեն ժամանակի նեղ սահմաններու մէջ, օրինակ՝ 4 Օգոստոսէն ասդին տեղի ունեցած զարգացումներուն սահմաններուն մէջ, պիտի տարուինք այն ալիքով, որ գոյացած է խօսքի աճուրդներու հետեւանքով եւ ստեղծուած տագնապին ամբողջ պատասխանատուութիւնը կ’ուզէ բեռցնել Տիապի կառավարութեան ուսերուն: Փաստօրէն, վարչապետին հրաժարականին բովանդակութիւնը աննախընթաց սաստկութեամբ ամբաստանագիր մըն էր զինք ու իր կառավարութիւնը քննադատողներուն, քայլերը խոչընդոտողներուն: Ան խոստովանեցաւ, որ իր կառավարութիւնը անզօր մնացած է յաղթահարելու այն փտածութիւնը, որ գոյացած էր նախընթաց տարիներուն եւ շատ աւելի վիթխարի է, քան իր կառավարութեան կարողութիւնները: Այս ամբաստանագիրին դիմաց, կառավարութեան ընդդիմադիր կողմերը նոր թափ տուին քննադատութիւններուն՝ վարչապետը մեղադրելով իր խոստումներուն տէրը չկանգնելու, որոշ կողմի մը դիտաւորութեանց անսալու եւ ներքին համերաշխութեան հետամուտ չըլլալու ամբաստանութիւններով:
Տակաւին, կառավարութեան հրաժարականին նախօրեակին, ու աղէտալի պայթումէն միայն քանի մը օր ետք, հրապարակները անգամ մը եւս առնուեցան «յեղափոխութիւն» եւ «հիմնական փոփոխութիւններ» պահանջող ցուցարարներու տիրապետութեան տակ, որոնք քիչ մը աւելի՛ աւեր ու քանդում տարածեցին: Հաւանաբար շատեր մոռցած են, թէ այս կառավարութեան դէմ նման պահանջներ հնչած էին անոր կազմութեան յաջորդ օրերուն իսկ…
Պէտք չէ մոռնալ նաեւ միւսը՝ հարցերուն արմատը: Ո՛չ միայն այսօր, այլ 17 Հոկտեմբերէն ի վեր, նաեւ անկէ շատ առաջ ալ, Լիբանանի հրապարակին վրայ հնչած է արդար հարցում մը. ժողովուրդին ցասումն ու բարեփոխման պահանջները հիմ ունի՞ն, արդա՞ր են: Կարճ ու անվիճելի պատասխանը ԱՅՈ՛ է: Սակայն անկէ անդին, «սատանան թաքնուած է մանրամասնութիւններուն մէջ», իսկ արդարութիւն եւ չարաշահութեանց դադարեցումը, նեխածութեան ու կաշառակերութեան-չարաշահութիւններու դարմանումը պահանջող զանգուածը, տագնապին բոլոր երեսներուն մի՛շտ ծանրագոյն տուրքը վճարող զանգուածը՝ առանց աշխարհագրական վայրի, համայնքային կամ այլ տարբերութիւններու, մատնուած է խաբէութեան, պատրանաթափութեան, արդարօրէն հարց տուած է թէ իր ամբողջ ուժականութիւնը ի գործ դնելէ ետք, ինչո՞ւ քայլ մը յառաջ չի կրնար շարժիլ, այլ ընդհակառակն, երկրին հետ ինք եւս բթաչափ առ բթաչափ կը մատնուի յաւելեալ աւազախրումի:
Կարդացեք նաև
Գաղտնիք չէ, որ այս տագնապը, իր պատմութեան բոլոր փուլերուն, ունեցած է եւ ունի ներքին եւ արտաքին ճիւղաւորումներ: Այդ բոլորին «մանրամասն քարտէս»-ը կազմել՝ պիտի նշանակէր երկար սիւնակներ, հատորներ լեցնել: Այսօրուան սիւնակին մէջ, փորձենք ուրուագիծը կազմել ներքին գլխաւոր գործօններուն, յաջորդիւ խօսիլ նաեւ արտաքին ազդակներու մասին, իսկ թէ այս բոլորը ինչպիսի՞ ներգործութիւն ունին հայկական մեր օճախին վրայ՝ արդէն կը կարօտի մասնայատուկ հայեցակէտի, հեռու՝ խօսքի եւ ցանկալի ու երեւակայածին ծրագիրներու աճուրդներէ:
***
Աւելի մեծ հարցականներ կ’ուրուագծուին քաղաքական հորիզոնին վրայ:
Ո՞վ պիտի գայ փոխարինելու հրաժարեալ կառավարութիւնը: Հրապարակ նետուած լուծումները բազմագոյն են: Կը խօսուի մասնագէտներէ եւ անաչառ-անկաշառ նոր դէմքերէ գոյանալիք նոր կազմի մը մասին, այլ ընտրանք մըն է ազգային միասնութիւն մարմնաւորող կազմ մը (հրաժարականէն երկու օր առաջ, Տիապ այս իմաստով մարտահրաւէր մըն ալ արձակած էր, յայտարարելով, որ պատրաստ է երկու ամիս եւս դիմանալու, որպէսզի կողմերը ի մի գան եւ համաձայնութեան մը հասնին համախոհական տարազի մը շուրջ: Այս մարտահրաւէրը հիմա կը թուի կորսուած ըլլալ բարձրացած ժխորին մէջ): Այս դիտանկիւնէն, խորհրդարանի նախատեսուած նիստը անհրաժեշտ լրջութեամբ քննարկումի բեմ պիտի դառնա՞յ, թէ հրաժարական յայտարարող կարգ մը երեսփոխաններու հետապնդած բացայատ կամ թաքուն նպատակները պիտի սաւառնին հոն:
Խորքին մէջ, Լիբանանի դիմաց բարձրացող էական հարցական մըն է հետեւեալը: Այս երկրի քաղաքական կեանքին ու պատմութեան քիչ թէ շատ ծանօթներ (խօսքը չի վերաբերիր կարգ մը արտաքին կողմերու, որոնք Լիբանանը իսկապէս չեն ճանչնար եւ սակայն, լուծումներ ու տարազներ կը թելադրեն՝ պահ մը ընդունինք՝ բարեմիտ մօտեցումով) կը վարանին վճռորոշ պատախաններ բանաձեւելու: Ի վերջոյ, նոր վարչապետն ու նոր կառավարութիւնը, առաւելագոյն կամ նուազագոյն չափով, պիտի ըլլան բոլոր կողմերուն, գետնի վրայ իրական ուժ եւ ազդեցութիւն ունեցողներուն ներկայացուցիչը, պիտի յենին համախոհութեան վրայ, քաղաքական բառամթերքով՝… խորհրդարանին վստահութեան քուէին վրայ: Բնականաբար ո՛չ ոք կը մտածէ այնպիսի կազմի մը մասին, որ նմանի… աշխարհի լաւագոյն ֆութպոլիստներէն կազմուած խումբի մը: Պարսելոնա մը, Ռէալ Մատրիտ մը, Փարի Սէն Ժերմէն մը, Մանչեսթըր Եունայթըտ մը կամ Սիթի մը, Լիվըրփուլ մը, Միլանոյի խումբերը, Եուվենթուս, Պայէրն Միւնիխ եւ այլ հզօրներ, մինչեւ իսկ… Լիբանանի ու Հայաստանի ֆութպոլի խումբերը ունին օտարերկրացի լաւ մարզիկներ հաւաքագրելու պերճանքը, սակայն կառավարութիւն մը ֆութպոլի խումբ չէ, լաւագոյն պարագային՝ ազգայի՛ն խումբ է, որուն մէջ օտար մարզիկներու ներկայութիւնը արգիլուած է: Ըսել կ’ուզենք, յաջորդ կառավարութիւնը դուրսէն կամ Հրատ մոլորակէն բերուելիք կազմ պիտի չըլլայ, այլ՝ լիբանանցիք ստիպուած են «իրենց իւղով տապկուելու», վստահելու լիբանանեան կողմերուն ներկայացուցիչներուն, նախարարները ըլլան առաջնակարգ անձնաւորութիւննե՞ր, թէ՞ զանոնք ներկայացնող՝ «երկրորդական դէմքեր» (իրականութենէն բան չի փոխուիր):
Որեւէ կառավարական կազմի համար մարտահրաւէրի համազօր հարցական է նաեւ այն, որ երկրէն գումարներ դուրս տանողները բռնել-պատժե՞լը, ի հարկին գնդակահարելն ու կախաղան բարձրացնե՞լ են շահեկանը, թէ ձեւը գտնել անոնց պարտադրելու, որ կողոպտուած գումաները վերադարձնեն երկիր, զանոնք ի սպաս դնեն բազմերես աղէտներուն դարմանումին: Լիբանան 50-ական, 60-ական եւ 70-ական տարինրեուն ալ տագնապած է չարաշահներէ, սակայն այդ տարիներուն, կարծէք թէ «ապրէ՛, եւ թոյլ տուր որ ուրիշն ալ ապրի»ի տրամաբանութիւնը աւելի՛ տիրապետող էր եւ… բոլորին համար շահաբեր:
***
Բնականաբար բացուած է նաեւ սակարանը երեսփոխանական կանխահաս ընտրութիւններու, որ պահանջներէն մէկն է «ամէն բան հիմէն փոխելու» շարժումին (անոր զարգացման պատմութիւնն ալ ծանօթ է, զայն շահագործողներն ալ ըստ բաւականին՝ քողազերծուած): Կարելի՞ է գտնել բարեմիտ-պարզամիտներ, որոնք կը հաւատան, թէ կանխահաս ընտութիւնները լուծման ճամբան պիտի բանան: Ընտրութիւններու պատմութեան ամէնէն մակերեսային ծանօթութիւնը ունեցողն իսկ պիտի չերկմտի ըսելու, որ եթէ ընտրութիւնները վաղը տեղի ունենան, յաջորդ խորհրդարանը դարձեալ պիտի ըլլայ նորաձեւ մարմնաւորումը այն ուժերուն ու կուսակցութիւններուն, համայնքային-ընտանեկան-աւատապետական ղեկավարներուն, որոնք ներկայ են խորհրդարանի եւ իշխանութեան թեւերուն վրայ: Այդպէս պիտի ըլլայ, մինչեւ իսկ եթէ հիմնական փոփոխութիւն իրականացուի եւ այժմու դրութիւնը փոփոխութիւն կրէ: Այսօրուան քննադատուող եւ դատափետուող «հիները» ձեւը պիտի գտնեն պահպանելու իրենց դիրքերը, եւ այդ՝ զիրենք մեղադրողներու քուէո՛վն իսկ…
Զուգահեռ գիծի մը վրայ, մինչեւ իսկ կը խօսուի նոր Թաէֆի մը մասին: Եւ իսկապէս, պէտք է հարց տալ, թէ կանխահաս ընտրութիւնները լուծո՞ւմ են, ուժի տէրերուն ակնոցով՝ բաղձալի՞: Ի՞նչ պիտի նշանակէ «նոր Թաէֆ» մը (անմիջապէս արձանագրենք, որ յիշողութեան կորուստէ չտառապողներ գիտեն, թէ Թաէֆը իսկապէս որ իր օրերուն բարիք մը եղաւ, մեկնակէտը՝ 15 տարիներու պատերազմական վիճակի եզրափակման): Մօտաւորապէս 30 տարի առաջ, Թաէֆի մէջ ի մի եկող հակամարտ կողմերը շօշափելի փոփոխութիւններ բերին լիբանանեան աւանդական ու քարացած թուացող տարազին. ձեւով մը՝ Թաէֆը թարգմանը եղաւ, ու՝ մարմնաւորումը՝ պատերազմի տարիներուն գետնի վրայ ստեղծուած նոր իրավիճակին: Խորհրդարանի աթոռները հաւասարապէս բաժնուեցան իսլամներու եւ քրիստոնեաներու միջեւ, քրիստոնեաներու նախապէս վայելած առաւելութիւնը պատմութեան անցաւ, նախագահին վայելած առանձնաշնորհումները սահմանափակումի ենթարկուեցան, տեղի ունեցան սահմանադրական որոշ բարեփոխումներ եւ այլն…: Սահմանադրութեան կողքին, «Ազգային ուխտ»ին տրամաբանութիւնը ըստ կարելւոյն պահուեցաւ անփոփոխ, սակայն քաղաքական կեանքին մէջ, գետնի վրայ արձանագրուած փոփոխութիւննե՛րն էին տիրականն ու գործնականը: Հիմա, նոր Թաէֆ մը պիտի գայ ի՞նչ ընելու: Անկարելի ետդա՞րձ մը՝ դէպի նախա-թաէֆեան որոշ վիճակներու, թէ՞ գործնական նոր թարգմանութիւն մը՝ գետնի վրայ ստեղծուած իրավիճակին, համապատասխանաբար՝ ուժերու այժմու պատկերին (անկախ, թէ անիկա հաճելի պիտի ըլլայ այս կամ այն կողմին-համայնքին, կամ զայն դժգոհութեամբ պիտի ընկալեն ուրիշներ, ինչպէս որ ատենին եղաւ Թաէֆին նկատմամբ…):
Ինչպէս նշեցինք սկիզբը, հարցականներու ցանկը շատ աւելի երկար է, քան նշմարուող պատասխանները: Մէկ բան յստակ է սակայն, եւ զայն պէտք է տեսնել-ընկալել՝ անկախ կողմնակի ու հատուածական հաշիւները, նախատրամադրութիւններէ: Փիւնիկը կրնայ վերածնիլ միայն այն պայմանով, որ Լիբանանը բաղկացնող մեծ ու փոքր համայնքաները իրենք զիրենք զգան արդարութիւն եւ հաւասարակշռութիւն երաշխաւորող հաւաքական հովանոցի մը տակ, որքան ալ որ նման իրագործում անիրկանա թուի ցաւի, կորուստներու եւ ցասումի ներկայ մթնոլորտին մէջ: Մեր խօսքը չի վերաբերիր երազային եւ իտէալական տարազներու, այլ կարելի-ցանկալիին, որ բարիք բաշխէ բոլորին, սկաելով պայթումին հարուածը կրողներուն:
Բնականաբար կը մնայ այլ մեծ հարցումը. նման տարազի ձեւաւորում եւ իրականացում պիտի արտօնուի՞ դուրսէն…
Ս. Մահսէրէճեան