«Jamanak». Կը տեղեկանանք, որ իրաւաբան Սիմոն Չեքէմ երէկ Իսթանպուլի Հանրապետական աւագ դատախազութեան դէմ դիմում կատարած է՝ Քրալ Պեքինքայայի դէմ, որ վերջին օրերուն ընկերային ցանցերու վրայ հանդէս եկած էր հայատեաց յայտարարութիւններով։ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի վերջին բախումներուն ժամանակ ան հրապարակած էր տեսանիւթ մը, որու տեւողութիւնը մօտաւորապէս քառորդ ժամ էր։ Թէ՛ Հայաստանէն գալով Թուրքիա հաստատուած եւ թէ Թուրքիոյ Հանրապետութեան քաղաքացի հայերուն դէմ անէծք կը տեղացնէր Քրալ Պեքինքայա։ Ան կ՚ըսէր, որ Թուրքիոյ մէջ հայեր տեղ պէտք չէ ունենան եւ մարդիկ երբ որ հայ մը տեսնեն՝ անմիջապէս պէտք է սպաննեն։ Իր խօսքերով՝ չի բաւեր գլխատել հայերը, այլեւ՝ պէտք է բոլորին գլուխը ջախջախել։ Պեքինքայա որոշ ակնարկութիւններով կ՚արդարացնէր նաեւ ցեղասպանութիւնը։
Այս բոլորի լոյսին տակ իրաւաբան Սիմոն Չեքէմ դիմած է դատախազութեան՝ հաշուի առնելով նաեւ այդ յայտարարութիւններուն պատճառ դարձած ցասումը։ Սիմոն Չեքէմ, որ կը գլխաւորէ Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդը, այս դիմումին զուգահեռ կ՚ակնկալէ՝ ենթակային դէմ դատական իշխանութիւններուն շարժման անցնիլը։
Հարկ է յիշեցնել, որ Սիմոն Չեքէմ միջոց մը առաջ ալ նման քայլ մը առած էր՝ ընկերային ցանցերու «աստղ» Մուրատ Էօվիւչի դէմ, որ 24 ապրիլի շրջանին հանդէս եկած էր հայատեաց յայտարարութիւններով։