Սեւրի Դաշնագրի 100-ամեակին առիթով Ս.Դ.Հ.Կ.-Հ.Յ.Դ.-Ռ.Ա.Կ. միացեալ յայտարարութիւն
Այսօր կը լրանայ Դաշնակիցներու եւ Թուրքիոյ միջեւ խաղաղութեան՝ Սեւրի Դաշնագիրի ստորագրութեան հարիւրամեակը։
Սեւրի Դաշնագիրը միակ դաշնագիրն է, որ ստորագրուած է թէ՛ Թուրքիոյ եւ թէ՛ Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ, հայկական կողմի ազա՛տ կամքով։
Սեւրի դաշնագիրը ոչ միայն Թուրքիան կը ճանչնայ որպէս պատասխանատու նախօրէին անոր գործադրած պատերազմի օրէնքներու դէմ ոճիրներուն համար, ոչ միայն Թուրքիայէն կը պահանջէ քայլեր՝ այդ ոճիրին գործադրութեան անմիջական մասնակիցները պատժելու գործընթացները դիւրացնելու համար, ոչ միայն Թուրքիայէն կը պահանջէ չեղեալ ու առ ոչինչ հռչակելու 1915-ին որդեգրուած «Լքեալ գոյքերու» վերաբերեալ օրէնքն ու յաւելուածները եւ անհատական թէ համայնքային սեփականատէրերուն վերադարձնելու բռնագրաւուած բոլոր կալուածները, այլ նաե՛ւ իրաւական հիմք կու տայ Հայաստան-Թուրքիա սահմանը ճշդելու համար Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ուուտրօ Ուիլսընին կատարուած իրաւարարութեան դիմումին։
Կարդացեք նաև
Հայ Դատի Կենտրոնական Խորհուրդ