Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Լիբանան կարիքը ունի երկրագունդի բոլոր պարկեշտ, սիրող եւ հոգատար ձեռքերու. Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւն

Օգոստոս 06,2020 14:26

Տարածաշրջանի հակամարտ ուժերը պէտք է կարգաւորեն իրենց տարաձայնութիւննեը բանակցութիւններու սեղանին շուրջ եւ ոչ թէ անոր խաղաղ ու անմեղ բնակչութեան ճաշասեղաններու վրայ։

Պէյրութի հզօր պայթումը, որ բազմաթիւ անմեղ Լիբանանցիներու կեանքը խլեց՝ իր ետին թողելով հազարաւոր վիրաւորներ, աւելի քան աւերիչ էր։ Անկախ այն իրականութենէն թէ արկած էր կամ կանխամտածուած ոճիռ, վնասը չափազանց ահռելի էր եւ անկրելի։ Աւերն ու կործանումը այնքան հսկայական էին եւ ծաւալուն, ոմանք զայն բնութագրեցին նմանը չունեցող Լիբանանի 15-ամեայ քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին։

Երկիր մը, որ քաղաքական, տնտեսական եւ առողջական ճգնաժամէ կը տառապի, այժմ փորձառութիւնը կ՚ունենայ բռնութեան եւ ֆիզիքական վնասի՝ կեանքի եւ կալուածի հանդէպ։ Մեր սիրտերը կը ճմլուին պայթումի հետեւանքով զոհուածներուն եւ անոնց ընտանիքներուն համար։ Իմ յոյսս եւ աղօթքս է, որ այս բռնութիւնը չի ծաւալի երկրի մը մէջ, որ դարեր շարունակ կրթութեան լուսաւորութեան, տեղաշարժի եւ արտայայտութեան ազատութիւն, բնական գեղեցկութիւն եւ իր ժողովուրդի ջերմութիւնը սփռած է չորսդին։ Այս երկրի մէջ էր իմ բարձրագոյն ուսումնավայրը։ Թող զոհերը հանգչին խաղաղութեամբ եւ Սուրբ Հոգին մխիթարէ իրենց սիրելիներն ու հարազատները Իր զօրութեամբ, որ մեր հասկացողութենէն վեր է։

Լիբանան՝ այժմ որեւէ ատեէ աւելի անյապաղ կարիքը ունի երկու բանի.-

1.ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆ՝ առաջնահերթ

40-ական թուականներու իր ձեռք բերած անկախութենէն իվեր, այդ տարածաշրջանի մէջ մտքի ազատ արտայայտութեան, ազատ մամուլի, ազատ ելեւմուտի եւ անոր Աստուածատուր բնութեան գեղեցկութեամբ օրհնուած եւ մատուցուած մթնոլորտի պատճառաւ, Լիբանան դարձած է կիզակէտը տարածաշրջանի գողարկուած եւ ծածուկ գաղտնի գործողութիւններու եւ դաւադրութիւններու։

Մերձաւոր Արեւելքի սրտին վրայ հանգչող այս փոքր՝ երբեմնի Քրիստոնեայ մեծամասնութիւն ունեցող երկիրը, հոգնած է իր հողին վրայ ճակատող հակամարտութիւններէ, թշնամութիւնէ, մարտերէ եւ պայքարէ։ Այսօր Լիբանանը, իր ապականած քաղաքական խաւէն անկախ, ենթարկուած է հաւաքական, ուղղակի կամ անուղղակի պատժամիջոցերու՝ որոնք խախտած են անոր տնտեսութիւնը, անդամալուծած են առեւտուրը եւ երկրի բնակչութիւնը առաջնորդած սովամահութեան ճանապարհին։ Մարդասիրկան ոգիով՝ համահունչ մեր արժեքներուն, անհրաժեշտ է որ անմարդկային պատժամիջոցները ջնջուին, վերացնելով տարածաշրջանի բնակչութեան տառապանքը։

Տարածաշրջանի հակամարտ ուժերը պէտք է կարգաւորեն իրենց տարաձայնութիւննեը բանակցութիւններու սեղանին շուրջ եւ ոչ անոր խաղաղ ու անմեղ բնակչութեան ճաշասեղաններու վրայ։

ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆԸ հրամայական է եւ գերակայ Լիբանանի մէջ եւ շուրջ։

2.ՎԵՐԱԿԱՌՈՒՑԵԼ ԵՐԿԻՐԸ

Քաղաքական, տնտեսական, ֆինանսական՝ առաւել COVID-19 համաճարակի անէծքներով տանջուած, այժմ Լիբանան կարիքը ունի երկրագունդի բոլոր պարկեշտ, սիրող եւ հոգատար ձեռքերու՝ փրկութեան հասնելու համար։  Շտապ օգնութեան կարիքները՝ ինչպէս սնունդ, դեղօրայք, ապաստանարան, որոնք անյապաղ պէտք էին երեկ, այսօր կ’աւելնան պարզ կարիքով մը եւս,  ծածկոյթ՝ (ապակի կամ այլ) երկրի կառոյցներու եւ բարոյականի փշրուած պատուհաններու ու դռներու։

Բոլոր քանդիչ ձեռքեր՝ հեռու Լիբանանէն։

Եւ կոչ՝ բոլոր խաղաղասէր, կարեկից եւ Քրիստոսակորիզ ձեռքերու ու սրտերու՝ հասնելու եւ փրկելու Լիբանանը եւ տարածաշրջանը։

Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը պատրաստ է եւ յանձնառու անսասան շարունակելու իր շտապ օգնութիւնը Լիբանանի մեր համայքներուն՝ անոնց ներշնչելով ՅՈՅՍ եւ վերածնունդ։

Շնորհակալութիւն ձեր աջակցութեան համար:

Զաւէն ԽԱՆՃԵԱՆ
Գործադիր Տնօրէն Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Օգոստոս 2020
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Հուլ   Սեպ »
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930
31