«Ազդակ». Երէկ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ պատահած պայթումին մասին կարճ զրոյց մը ունեցաւ «Օ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանի հայկական լուրերու բաժինէն:
«Բնականաբար պիտի ըսենք` անցած ըլլայ բոլորին: Բնականաբար պիտի ըսենք, որ Լիբանանի պատերազմը ցմրուր ճաշակած մեր ժողովուրդը այսօր նաեւ ականատես եղաւ դժոխային այս վիճակին: Աղէտ մըն էր, որ պատահեցաւ, եւ այսօր ո՛չ միայն Պէյրութը աղէտի գօտի է, այլ նաեւ Պէյրութի արուարձան նկատուող Պուրճ Համուտը, մինչեւ Անթիլիաս աղէտի գօտի են: Այն ինչ որ պատահեցաւ ահաւոր է, բառերով կարելի չէ բացատրել, մեր ժողովուրդը արդէն զգաց այդ բոլորը», նշեց երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի` աւելցնելով, որ այսօր ցաւով պիտի ըսէ, որ քանդումի ենթարկուած են գրեթէ բոլոր հայկական եկեղեցիները, ազգային կառոյցները, կուսակցական, ընկերային, մշակութային, մարզական եւ բարեսիրական միութիւններու կեդրոնները:
«Ունինք 250 վիրաւոր այս պահուն` Խալիլ Պետեւի, Հաճըն, Մար Մըխայէլ, Ժըմմէյզէ, Էշրեֆիէ, Հայաշէն, Պուրճ Համուտ եւ այլ տեղեր: Եւ դժբախտաբար ունինք 11 նահատակ մինչեւ այս պահը: Մեր փափաքն ու աղօթքն է առ Աստուած, որ այս տառապանքը այստեղ կանգնի: Երէկ գիշեր վեհափառ հօր հետ Պուրճ Համուտի մէջ մեր շրջապտոյտին ընթացքին ականատես եղանք իրական դժոխքի: Այսօր տասնեակներով ընտանիքներ ունինք առանց բնակարանի: Ունինք հազարէ աւելի քանդուած բնակարաններ: Ունինք ահռելի վիճակ, որ եկաւ աւելնալու ընկերային-տնտեսական եւ «Քորոնա»-ի տագնապներուն վրայ: Տակաւին աշխատանքը նոր սկսանք, որովհետեւ ամէն տան մէջ ահաւոր ցաւ կայ: Մեր ընկերներուն եւ երիտասարդներուն սեփական ընտանիքները հարուած ստացած են, բայց մենք հոս ենք, եւ այս ժողովուրդը առանձին պիտի չմնայ», ընդգծեց երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի:
Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի շեշտեց, որ Լիբանանի հայութեան հասած հարուածը, Լիբանանին հասած հարուածին կողքին, ահաւոր հարուած է համայն հայութեան համար: «Իմ միակ ակնկալութիւնս է, որ փոխանակ իմաստակ կարծիքներ տալու, որ` կը բաւէ Լիբանանի մէջ մնաք, որ` ձգեցէք ելէք, այսօր միակ անհրաժեշտութիւն նկատուի Լիբանանի հայութեան կողքին կանգնիլը` հոգիով, բարոյական աջակցութեամբ, նիւթապէս: Այսօր հրամայականը այն է, որ համայն հայութիւնը, ուր որ ալ է, Ստեփանակերտ, Երեւան, Սիտնի, Լոս Անճելըս, Նիւ Եորք, Լատին Ամերիկա, Մոսկուա, Եւրոպա, արաբական երկիրներ, Սուրիա, անոնք լաւ պէտք է հասկնան մեր վիճակը այսօր: Ժամանակն է, որ այդ սիրտը բաբախէ, միայն Լիբանանի հայութեան համար: Ասիկա ո՛չ մուրացկանութիւն է, ո՛չ ալ պարզապէս ցաւի արտայայտութիւն եւ պահի տրամաբանութեան տակ եղած արտայայտութիւն: Ասիկա հրամայական պահանջ է: Լիբանանի հայութիւնը պիտի մնայ, պիտի ապրի այստեղ` Հայաստանի եւ Արցախի համար: Լիբանանի հայութիւնը պիտի ապրի համայն հայութեան համար: Համայն հայութիւնը պարտաւոր է ապրեցնել Լիբանանի հայութիւնը: Ժամանակը չէ աւելորդ ըսի-ըսաւներու, բամբասանքներու, չարախօսութիւններու, գեղեցիկ կարծիքներու` մենք ըսինք` դուք չէիք գիտեր: Այսօր ատենն է, որ մեր թեւերը սոթթած մէկ բռունցքով պաշտպանենք Լիբանանի հայութիւնը: Այո՛, Լիբանանի հայութիւնը պիտի մնայ այստեղ: Լիբանանի հայութիւնը կարիքը ունի վերականգնումի», եզրափակեց երեսփոխան Բագրատունի: