Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Ամբողջ հայութեան ցաւն է. Լիբանանի հայութեան օժանդակութեան յատուկ հաշիւ մը բացուած է Ժընեւի մէջ

Օգոստոս 06,2020 11:21

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ՊԻՏԻ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆԻ ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ

Այս խոր հաւատքով եւ ամուր յանձնառութեամբ  կ’ողջունենք մեր ժողովուրդին սիրելի զաւակները:

Լիբանանը կը դիմագրաւէ լուրջ մարտահրաւէրներ: Վերջին ամիսներուն պսակաձեւ ժահրի ստեղծած ծանր պայմաններուն յաջորդեց տնտեսական տագնապը: Բնականաբար, Լիբանանը կազմող գլխաւոր համայնքներէն հայ համայնքը եւս ենթակայ դարձաւ յիշեալ յաջորդական տագնապներու հետեւանքներուն: Հակառակ դժուար կացութեան, Լիբանանի հայութեան տնտեսական, կրթական, ընկերային եւ այլ մարզերէն ներս, մեր կրօնական ու ազգային կառոյցները իրենց կարելին կատարեցին պատասխանատուութեան բարձր գիտակցութեամբ՝ օգտակար ըլլալու մեր համայնքի զաւակներուն: Սակայն, երէկ Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ տեղի ունեցած ահաւոր պայթումը աւելի ծանրացուց Լիբանանին, ինչպէս նաեւ մեր համայնքին դիմագրաւած դժուար պայմանները:

Արդարեւ, անմիջապէս որ լսեցինք պատահած պայթումը ուղղուեցանք հայկական թաղեր ու ականատես դարձանք պարզուած ողբերգական կացութեան.- քանդուած կամ ծանրօրէն վնասուած եկեղեցիներ, համայնքային կեդրոններ, տուներ, խանութներ եւ աւելի ահաւորը՝ մահեր ու բազմաթիւ վիրաւորներ: Քանդումները Լիբանանի պատմութեան մէջ աննախընթաց էին իրենց տարողութեամբ ու բնոյթով:

Երէկ եւ այսօր հանդիպումներ ունեցանք համայնքային պատասխանատուներու հետ՝ աւելի մօտէն տեղեակ դառնալու յառաջացած վնասներուն ու վիրաւորներու առողջական վիճակին: Զօրակցական հեռաձայններ ստացանք մեր պետական, հոգեւոր ու քաղաքական բարձրաստիճան պատասխանատուներէ: Արդ, նկատի ունենալով Լիբանանի հայութեան կեդրոնական տեղը ու առանցքային դերը ընդհանրապէս համահայկական ու յատկապէս սփիւռքեան ծիրէն ներս, այս կարեւոր գաղութին վերականգնումը կը նկատենք անյետաձգելի ու հրամայական:

Քանդուած կամ վնասուած տուներուն վերանորոգումը անյետաձգելի է: Պսակաձեւ ժահրի վտանգին ենթակայ մեր համայնքի զաւակներուն առողջութեան օգտակար ըլլալը անհրաժեշտ է: Մեր կրթական կառոյցներուն աջակցութիւնը հրամայական է: Մեր համայնքային, կրօնական, մշակութային, բարեսիրական եւ այլ կառոյցներու օժանդակութիւնը կենսական է: Համապարփակ հայեցակէտով հարկ է դիտել համայնքին վերականգման աշխատանքները:

Այս գծով կարեւորութեամբ կ՚ուզենք շեշտել հետեւեալ կէտերը.-

1) Լիբանանի հայութեան վերականգնումը պէտք է կատարուի համազգային ճիգով՝ մեր հայրենիքին, Սփիւռքի գաղութներուն եւ ընդհանրապէս մեր ժողովուրդի զաւակներուն գործօն մասնակցութեամբ: Տագնապը մեծ է. հետեւաբար, մեր մօտեցումը պէտք է ըլլայ համապատասխան, կազմակերպ ու հետեւողական:

2) Լիբանանի հայութեան կատարուելիք օժանդակութիւնը պիտի ներառէ մեր համայնքին բոլոր զաւակները առանց խտրութեան:

3) Լիբանանի Հայոց թեմին Առաջնորդ Սրբազանին նախագահութեամբ պիտի կազմուի յանձնախումբ մը՝ մասնակցութեամբ երեք համայնքներու, երեք կուսակցութիւններու ու երեք բարեսիրական միութիւններու, որպէսզի կազմակերպէ վերականգնումի աշխատանքները:

4) Առաջնահերթութեան կարգով յանձնախումբը պիտի ճշդէ հետեւեալ երեք բնագաւառներու առնչուած կարիքներուն մասնակցութեան չափն ու ժամանակը.- տուներու ու համայնքային կեդրոններու վերանորոգում, առողջապահական ծրագիրներ եւ կրթական օժանդակութիւն:

5) Լիբանանի հայութեան օժանդակութեան յատուկ հաշիւ մը բացուած է Ժընեւի (Զուիցերիա) մէջ.-

Beneficiary: ARMENIAN CATHOLICOSATE OF CILICIA

Bank: Banque pictet & Cie SA, Route des Acacias 60, CH-1211 Geneva 73

Account: M-502039

IBAN: CH61 08755 0502 0390 0300

SWIFT Code: PICTCHGG:

Բոլոր օժանդակութիւնները պէտք է կատարուին այս հասցէին, որպէսզի ստացուած նուիրատուութիւնները Կաթողիկոսարանին ճամբով փոխանցուին Ազգային Առաջնորդարանի հովանաւորութեան տակ գործող վերոյիշեալ յանձնախումբին:

Ինչպէս առաքեալը կ՚ըսէ, եթէ մարմնին մէկ անդամը ցաւի ամբողջ մարմինը կը ցաւի (Ա.Կր 12.26): Լիբանանի հայութեան ցաւը ամբողջ հայութեան ցաւն է: Այսօր մեր ժողովուրդի զաւակները կոչուած են զօրակից դառնալու Լիբանանի հայութեան, որպէսզի ոչ միայն անոր ցաւը փարատի, այլ նաեւ կարենայ վերանորոգ կենսունակութեամբ ու նուիրումով շարունակել իր համազգային առաքելութիւնը:

Այս սպասումով եւ Հայրապետական օրհնութեամբ կ՚ողջունենք մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակները եւ կ՚աղօթենք առ բարձրեալն Աստուած, որ Իր երկնային բարիքներով ծաղկեցնէ մեր ժողովուրդին կեանքը:

Արամ Ա. Կաթողիկոս

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ

Անթիլիաս, Լիբանան

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Օգոստոս 2020
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Հուլ   Սեպ »
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930
31