«Ազդակ». Երէկուան հսկայական պայթումին պատճառով «Շաղզոյեան» կեդրոնը, անոր մէջ գործող զանազան կառոյցներու գրասենեակները եւ բաժանմունքները նիւթական ծանր վնասներու ենթարկուեցան:
Գրեթէ բոլոր գրասենեակներուն դռներուն ու պատուհաններուն ապակիները փշրուեցան, մեծ վնասներ կրեցին ՀՅԴ Բիւրոյի, Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակի, ՀՅԴ Լիբանանի կեդրոնական կոմիտէի գրասենեակները եւ ժողովասրահները:
«Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ աւերը աննախընթաց է` ո՛չ միայն պատուհաններու ապակիներուն փշրուելուն առումով, այլ նաեւ ընդհանուր կառոյցին կրած վնասին առումով: Մեծ վնասներ կրեցին նաեւ երեսփոխանական գրասենեակի, «Ազդակ»-ի խմբագրատան, «Վանայ Ձայն»-ի, Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարանի, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան եւ «Բագին»-ի գրասենեակները: Պայթումին ճնշումէն ո՛չ միայն փշրուած էին դռներուն ու պատուհաններուն ապակիները, այլեւ ամբողջութեամբ պոկուած էին փեղկերը:
Պայթումին պատճառով վիրաւորուեցաւ նաեւ «Ազդակ»-ի պատասխանատու խմբագիրներէն Նորա Բարսեղեան: