Լրահոս
ՄԻՊ-ն էլ տեղյա՞կ չէ
Օրվա լրահոսը

Ակնարկ. Չափորոշիչներ

Օգոստոս 04,2020 23:40

Կրթական բարեփոխումներու եւ յատկապէս հայ ժողովուրդի պատմութեան եւ հայ գրականութեան վերաբերող նախագիծը ստեղծած է թէժ մթնոլորտ հայրենիքի մէջ: Կարելի է տեսականօրէն ընդգծել,  որ արմատական իշխանափոխութիւնը բոլոր ոլորտներուն մէջ հիմնական փոփոխութիւններու կը ձգտի եւ քաղաքական  վարքագիծը առանցքային կը դարձնէ տարբեր մարզերու եւ զանոնք ղեկավարող գերատեսչութիւններու աշխատանքային ծրագիրներուն մէջ:

Որեւէ հիմնական փոփոխութիւն տեղի կու տայ բանավէճերու, գաղափարներու, տեսակէտներու, նոյնիսկ հասկացողութիւններու առումով միտքերու բախումներու: Այս բոլորը կրնան բնական գործընթացներ համարուիլ, եթէ պատմութեան դասաւանդման եղանակներուն, մեթոտներուն, մատուցման ձեւերուն կամ դասանիւթը մանկավարժօրէն աւելի մատչելի կամ գրաւիչ դարձնելուն կը վերաբերին:

Մտահոգութիւն կը ստեղծուի, երբ կը յայտնաբերուի, որ նոր չափորոշիչներ ճշդող եւ ո՛չ միայն մեթոտաբանութեան, այլ նաեւ բովանդակութեան առումով հիմնական փոփոխութիւններ բերողներու փորձագիտական խումբէն որոշիչ անհատներ ներգրաւուած եղած են թուրք պատմաբաններու հետ համատեղ Թուրքիոյ եւ հայ ժողովուրդի պատմութեան դասաւանդման նոր չափորոշիչներու ճշդման ծրագիրներուն մէջ: Նման ծրագիրներ ի՛նչ անհրաժեշտութենէ մեկնած են, որո՞ւն նախաձեռնութիւնն են եւ ի՛նչ տեսակի կեդրոններէ ֆինանսաւորուած են կամ պատուիրուած` կը մնան ճշդելի:

Տարբեր հարց, որ այդ աշխատանքային ծրագիրի եզրակացութիւնները իբրեւ հրատարակութիւն երեք տարի առաջ հրապարակուած են: Կը մնայ ուսումնասիրել եւ համեմատել, որ այդ եզրակացութիւններուն հայ ժողովուրդի պատմութեան վերաբերող բաժինը այս անգամ նոր չափորոշիչներու որդեգրման ճամբո՞վ կը ճշդուի հայոց պատմութեան եւ գրականութեան դասաւանդման ծրագիրներուն մէջ:

Բովանդակային քննարկումները մասնագիտական հարթութեան վրայ պէտք է մնան: Դժբախտաբար նման քննարկումներու չեն ներառուիր նաեւ սփիւռքահայ պատմաբաններ եւ գրականագէտներ: Ո՛չ միայն սփիւռքի պատմութիւնը կամ սփիւռքահայ ժամանակակից գրողները ներառելու առաջադրանքով, այլ նաեւ ընդհանրապէս հայ ժողովուրդի պատմութեան եւ հայ գրականութեան դասաւանդման նոր չափորոշիչներ որդեգրելու աշխատանքը նկատի ունենալով: Եթէ անշուշտ կ՛ընդունինք, որ երկու կարեւորագոյն ուղղութիւնները համահայկական նշանակութիւն եւ բովանդակութիւն ունին: Բայց այս ոլորտները միակը չեն, ուր բացակայ է սփիւռքը:

Այս թէժ քննարկումները պիտի շարունակուին: Առաջադրելի էր, որ անոնք մնային մասնագիտական հարթութեան վրայ` թէ՛ պատմագիտութեան եւ գրականագիտութեան եւ թէ՛ մանկավարժութեան եւ մեթոտաբանութեան առումներով:

Խնդիրը պետական ընկալումով այլ մտահոգութիւններ կ՛ընդգծէ: Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարը այս առիթով կը թիրախաւորէ Դաշնակցութիւնը` զայն ամբաստանելով զօրավար Անդրանիկը թուրքերուն յանձնելու եւ անկախութեան վերականգնման դէմ դիրքորոշուած ըլլալու յանցանքներով:

Որքան ալ վարչակառավարական կամ քաղաքական պաշտօն ենթադրէ նախարարի հանգամանքը, այդուհանդերձ ընկալուած օրինաչափութիւններ կան, որոնք պէտք չէ խախտել: Նախարարի խօսքը, ելոյթը կամ գրառումը պաշտօնական բնոյթ ունի: Հետեւաբար կը ներկայացնէ նաեւ գործող կառավարութեան տեսակէտը այդ մարզին մէջ: Իսկ նախարարը նման յայտարարութիւններ կատարելու համար պէտք է հիմնուած ըլլայ միայն փաստացի տուեալներու վրայ: Անկախութեան հանրաքուէին Դաշնակցութեան պաշտօնական յայտարարութիւններն ու հրապարակուած կոչերը` «այո՛» քուէարկելու, նման յայտարարութիւն կատարելու տուեալները չեն փոխանցեր նախարարին:

Իսկ Անդրանիկը յանձնելու մեղադրանքը յայտնապէս կը բխի այն նամակի բովանդակութենէն, որ տարբեր առիթներով եւ յատկապէս Ազգային արխիւի տնօրէնութեան կողմէ պաշտօնապէս յայտարարուեցաւ, որ կեղծ է եւ խորհրդային օրերուն Դաշնակցութեան դէմ բացուած համազարկի քարոզչական արշաւի արտադրութիւն է:

Ազգային արխիւը պետական հաստատութիւն է: Պետութիւնն է, այս պարագային, որ պաշտօնապէս կը հերքէ ապատեղեկատուութիւնը: Նախարարը, կամ բարձրաստիճան պաշտօնեան  անպայման հաշուի պիտի առնէ այս պարագային իրեն կապուած գիտական համապատասխան կեդրոնի  պաշտօնական յայտարարութիւնը: Նախարարը նման գրառումով ոչ թէ կը հարուածէ Դաշնակցութիւնը, կը հարուածէ նոյնինքն իր նախարարութեան կապուած Ազգային արխիւի հաստատութիւնը:

Պետական հաստատութիւնները, մանաւանդ մեր պատմութեան հիմնասիւնը հանդիսացող ազգային-պետական արխիւը ամէնէն առաջնային սկզբնաղբիւրն է այս պարագային ժամանակակից պատմութեան: Անտեսել զայն, կամ հակասել անոր եզրակացութիւններուն կը նշանակէ հարուածել պետական հաստատութեան հեղինակութիւնը:

Պետական փորձառութիւնը, պետական հաստատութիւններու հեղինակութիւնը չստուերելու գործառոյթը առաջին հերթին պետական բարձր պաշտօններ վարողներէն կ՛ակնկալուի:

Կառավարութեան կազմութեան համար պէտք է ճշդել նոր չափորոշիչներ եւ անոնց շարքին, կառավարութեան անդամներու համար նկատի ունենալ գուցէ առաջին հերթին պետական հաստատութիւններու պաշտօնական տեսակէտներուն հետ հաշուի նստող եւ զանոնք չհակասող նախարարներ:

Շահան Գանտահարեան

«Եռագոյն»

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Օգոստոս 2020
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Հուլ   Սեպ »
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930
31