Լրահոս
Դա պե՞տք է մեզ. «Ազգ»
Օրվա լրահոսը

Առաջադրուած չափորոշիչներուն առնչուող ուսումնական ծրագիրներու մշակումին վերաբերեալ կ’ուզենք ներկայացնել մեր թելադրութիւները եւ միտքերը․ ՀԲԸՄ

Օգոստոս 02,2020 22:58

Նկատի ունենալով, որ Հայաստանի Կրթութեան, Գիտութեան, Մշակոյթի եւ Մարմնամարզութեան նախարարութիւնը նախաձեռնած է Հայաստանի հանրային կրթութեան համակարգին մէջ որակական փոփոխութիւններ իրականացնելու գործընթացին, որուն առնչուող ազգային ինքնութեան, հոգեւոր եւ մշակութային արժէքներու եւ պատմական ժառանգութեան վերաբերեալ ծրագրային փոփոխութիւնները իրենց հետագայ լրջագոյն հետեւանքները կրնան ունենալ ինչպէս հայրենի, նոյնպէս սփիւռքի հայութեան համար, Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը, իր ազգային առաքելութեան պատասխանատուութենէն բխող յանձնառութեամբ եւ ազգապահպանութեան եւ հայ ժողովուրդի բարօրութեան ուղղուած իր նախաձեռնութիւններուն էապէս առնչուող կրթական գործունէութիւններու ծիրէն ներս,  ուշադրութեամբ կը հետեւի յառաջ տարուող աշխատանքներուն:

Համոզուած ենք, որ այդ աշխատանքները ուղղուած են կազմաւորուող սերունդները ինքնութեան գիտակցութեամբ, ազգային, մարդկային, հասարակական, հոգեւոր եւ մշակութային արժէքներու եւ աւանդութիւններու ընկալումով դաստիարակելու նպատակին, միաժամանակ անոնց մօտ մշակելով անհրաժեշտ հմտութիւններ եւ կարողութիւններ, որպէսզի անոնք յաջողին հասնիլ իրենց անհատական նպատակներուն, իրենց ներդրումը բերելով ազգի եւ հայրենիքի ընկերային, տնտեսական, քաղաքական զարգացումին եւ բարգաւաճումին:

Մենք զիրար համալրող այս երկու նպատակներու անքակտելի համատեղումը հիմք նկատելով բոլոր բնագաւառներու մէջ հայրենիքի զարգացման եւ բարգաւաճումին ուղղուած ազգային կրթութեան արդիւնաւորութեան, ուսումնասիրած ենք առաջադրուած չափորոշիչները եւ ուսումնական տարբեր հանգրուաններու շրջանաւարտներէն ակնկալուող ուսումնառութեան վերջնական արդիւնքները:

Կը հաւատանք, որ ծրագրային փուլի մէջ գտնուող այս աշխատանքը, կարիքը ունի երկարաշունչ սերտողութեան եւ մասնագիտական խումբերու համադրուած ներդրումին, որոնք բնականաբար պէտք է ներառեն մեր ազգային հարուստ ժառանգութիւնը կազմող պատմական, հոգեւոր ու մշակութային դարաւոր հարստութիւնը եւ մանկավարժական փորձառութիւնը, որոնք դարեր շարունակ հիմնատարրերը հանդիսացած են մեր ազգային կրթութեան:

Հետեւաբար, առաջադրուած չափորոշիչներուն առնչուող ուսումնական ծրագիրներու մշակումին վերաբերեալ կ’ուզենք ներկայացնել մեր թելադրութիւները եւ միտքերը, ընդգծելով յատկապէս մեզի համար առաջնահերթ ազգային ինքնութեան գիտակցութեան, հայրենասիրութեան եւ հոգեւոր ու բարոյական արժէքներու մշակումին համար անհրաժեշտ նախադրեալները:

Նկատի ունինք մասնաւորաբար հայրենի պետութեան դերին կապակցութեամբ ընդհանրապէս հայ ժողովուրդի եւ մասնաւորաբար սփիւռքահայ համայնքներու ընկալումը եւ անկախ Հայրենիքի իրականութենէն բխող  կրթական համակարգէն սպասուած արդիւնքներու կարեւորութիւնը, իբր սփիւռքի հայութեան համար ազգապահպանումի երաշխիք եւ հայրենադարձութեան գործօն:

Չափորոշիչներու եւ ուսումնառութեան վերջնական արդիւնքներուն վերաբերեալ առաջադրուած ծրագրային փոփոխութիւններու ծիրէն ներս, նախատեսուած են դասանիւթերու զեղչումներ եւ վերադասաւորումներ, որոնք նիւթ դարձած են հանրային քննարկումներու, արծարծելով նաեւ տարբեր մտահոգութիւններ այդ փոփոխութիւններուն հիմք ծառայող տրամաբանութեան, կրթական մօտեցումներուն եւ համաշխարհայնական նպատակներուն շուրջ: Այս երեւոյթը աւելի եւս կը շեշտէ մեր համոզումը, թէ անհրաժեշտ է որ դասանիւթերու ընտրութեան, համապատասխան տարիքային հանգրուաններու եւ դասաժամերու բաշխումին եւ ուսուցման միջոցառումներու որդեգրումի եւ արհեստավարժական վերապատրաստման աշխատանքները յառաջ տարուին մասնագէտներու լայն ներգրաւուածութեամբ եւ համագործակցութեամբ, երկարաձգելով սերտողութեան եւ քննարկումներու համար որոշուած պայմանաժամը:

Հարցը կը վերաբերի նախապէս հանրակրթական հաստատութիւններուն մէջ առանձին դասաւանդուող նիւթերու, որոնց շարքին Հայ Եկեղեցիի Պատմութիւն, Հայրենագիտութիւն, Հասարակութիւն, հասարակական գիտութիւններ բնագաւառները,  որոնք նոր չափորոշիչներուն համաձայն, համադրուած ձեւով պիտի դասաւանդուին Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի պատմութիւնը, մշակոյթը եւ կրօնը, աշխարհագրութիւնը եւ հասարակական կեանքի ոլորտները ներկայացնող նախակրթարանի հանգրուանին մէկ,  իսկ երկրորդականի հանգրուանին քանի մը առանձին դասանիւթերով:

Մենք մեր տասնամեակներու կրթական փորձառութեամբ, յատկապէս սփիւռքի մէջ, խորապէս համոզուած ենք  որ առաջնահերթութիւն պէտք է ունենան հայրենագիտական նիւթերը: Կրթական համակարգը կառուցուած պէտք է ըլլայ մատաղ սերունդը ազգասիրութեան, հայրենասիրութեան, աւանդապահութեան եւ հոգեւոր ու բարոյական արժէքներու ըմբռնումով դաստիարակելու տեսլականով: Դպրոցը հետեւողական ճիգերով եւ համապատասխան ծրագիրով, ազգային պետականութեան, մէկ ժողովուրդի պատկանելութեան, հողի եւ հայրենիքի սրբութեան խորագոյն հասկացողութիւնները, պէտք է դրոշմէ աշակերտներու միտքերուն եւ հոգիներուն մէջ, որպէսզի անոնք կազմաւորուին, քաջածանօթ մեր պատմութեան, քաղաքացիական պարտականութեան եւ հայրենիքի հանդէպ նուիրումի զօրաւոր զգացումներով, պատրաստ, ինքնութեան գիտակցութեամբ հպարտ, իրենց արժանաւոր տեղը գրաւելու համաշխարհային իրականութեան մէջ, որպէս Հայութեան ինքնուրոյն մշակոյթին եւ պատմական ժառանգութեան կրողներ:

Երկրորդը կը վերաբերի Հայ Եկեղեցիի Պատմութեան դասանիւթին: Կարգ մը նիւթերու պարագային համադրուած դասաւանդումի դրութիւնը անշուշտ ունի իր կրթական առաւելութիւնները, նիւթերու համակարգուած, համապարփակ եւ միահիւսուած դասաւանդումին առումով, ինչ որ  յաւելեալ ճկունութիւն եւ ստեղծարար մօտեցումներու կարելիութիւն կ’ընձեռէ դպրոցներուն եւ ուսուցիչներուն, առիթ տալով նաեւ ուսանողներուն, կողմնորոշուելու իրենց հետաքրքրութիւններու գիծով:

Բայց եւ այնպէս մենք համոզուած ենք, որ նկատի պէտք է ունենալ Հայ  Առաքելական եկեղեցիի առանձնայատկութիւնը որպէս հայ ժողովուրդի ազգային եկեղեցին:  Մանաւանդ, որ Հայ Եկեղեցւոյ ազգային բացառիկ առաքելութիւնը հայ ժողովուրդի հոգեւոր կեանքին, անոր ազգային մշակոյթին եւ ինքնութեան պահպանումին գիծով, յստակօրէն ձեւակերպուած է Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան մէջ:

Գնահատելով նաեւ, հայ ժողովուրդի ինքնագիտակցութեան մէջ իբր ազգային եկեղեցի անոր առկայութիւնը որպէս առանցքային բաղադրիչ, նաեւ աւելի քան 1700 տարիներու անոր շարունակուող պատմական դերը Հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ, Հայ Եկեղեցիի Պատմութեան դասաւանդումը, որպէս առանձին նիւթ, հոգեբանականօրէն եւ խորհրդանշականօրէն յաւելեալ կշիռ կ’ընձեռէ անոր: Կ’ընգծենք, թէ խօսքը չի վերաբերիր կրօնի դասաւանդութեան, այլ Հայ Եկեղեցիի պատմական դերին, որուն դասաւանդումը հանրային դպրոցներուն մէջ, համոզուած ենք, մեծապէս սատար հանդիսացած է հայ աշակերտներու ինքնութեան գիտակցութեան մշակումին:

Կ’ուզենք մատնանշել, որ մենք յստակօրէն կը զատորոշենք Հայ Առաքելական Եկեղեցիի դերը որպէս ազգային կառոյց եւ հայ ինքնութեան բաղադրիչ, հանրային կեանքէն ներս անոր հոգեւոր դերի եւ հաւատքի քարոզչութեան հասկացողութենէն: Մենք կողմնակից ենք մեր անկախ պետականութեան իրականութեան մէջ կրօնք եւ պետութիւն տարանջատումի սկզբունքին: Նաեւ նախանձախնդիր, որ Հայ Եկեղեցին իր հոգեւոր գործունէութիւնը իրականացնէ առաւելագոյն արդիւնաւորութեամբ, ժամանակի եւ սերունդներու փոխուող կարիքներուն եւ ակնկալութիւններուն հետ քայլ պահելով:

Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցին, ներկայիս, բոլոր քրիստոնեայ եկեղեցիներու եւ կրօնական կառոյցներու շարքին, կը դիմագրաւէ ժողովուրդի կեանքին մէջ իր ներկայութեան եւ հոգեւոր դերի արդիւնաւորութեան կապուած մարտահրաւէրներ եւ ինչպէս բազմամիլիոն հետեւորդներ ունեցող համաշխարհային միւս եկեղեցիները, հետամուտ պէտք է ըլլայ այդ ուղղութեամբ անհրաժեշտ բարեկարգումներու իրականացումին: Նոյն այդ հանգամանքով, ան նաեւ պէտք է վայելէ յատուկ առանձնաշնորհումներ:

Որդեգրուած չափորոշիչները կրնան փորձարկուած եւ կատարելագործուած ըլլալ շարք մը այլ երկիրներու կրթական կառոյցներու երկարամեայ փորձով եւ շարունակական բարեփոխումներով, սակայն իրենց ընդհանրական իւրայատկութիւններով տարբեր են մեր ժողովուրդի պատմական դարաւոր փորձառութեամբ կազմաւորուած ազգային արժէքներէն եւ ժառանգութենէն:

Հետեւաբար այդ չափորոշիչները եւ  կրթական ծրագիրները, իրենց մշակումին մէջ կարիքը ունին  յաւելեալ սերտողութեան եւ խոր վերլուծումի, որպէսզի անոնք համահունչ ըլլան մեր ժողովուրդի ազգային եւ կրօնական աւանդութիւններուն եւ ընդհանրական կենսափորձով կազմաւորուած աշխարհահայեացքներուն: Նամանաւանդ, անհրաժեշտ է որ անոնք պատշաճեցուած ըլլան մեր ժողովուրդի ու հայրենիքի յատուկ կարիքներուն, անցած պատմական ուղիին եւ սփիւռքի թէ հայրենիքի մէջ մեր ժողովուրդի դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն:

Մեր ակնկալութիւնն է, որ Անկախ Հայաստանը, իր պետական համալրուած եւ ուժեղացուած կառոյցներով  եւ մեր ազգային եկեղեցին ժողովուրդի կեանքին մէջ իր հոգեւոր դերի բարձրութեամբ, որպէս հիմնասիւները մեր ազգային ինքնութեան, անջատաբար, բայց եւ համախորհուրդ եւ ներդաշնակ գործակցութեամբ հանդէս գան իբրեւ մեր  ժառանգութեան, մշակոյթի, պատմութեան եւ ազգային ինքնութեան պահպանութեան երաշխաւորներ:

Սփիւռքի տարածքին եւ հայրենիքի մէջ իր աւելի քան մէկ դարու գործունէութեան ընթացքին, Կրթութիւնը, որպէս ինքնութեան գիտակցութեան մշակումի, բարեկեցութեան եւ ազգապահպանումի միջոց, եղած է Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան առաքելութեան հիմնասիւներէն մին:

Միութեան ազգանուէր ծառայութիւնները, Ցեղասպանութենէն առաջ եւ մանաւանդ անոր յաջորդող տասնամեակներուն, վերապրած հայ ժողովուրդի գոյապայքարին ի խնդիր, ծանօթ են բոլորին, իր դպրոցներու լայնատարած ցանցով, մշակութային, մարզական, արուեստներու, մարդասիրական նախաձեռնութիւններու եւ  համայնքային կեդրոններու աշխոյժ գործունէութիւններով, որոնք Արեւմտեան Սփիւռքի համայնքային կեանքի կազմակերպումին հիմնաքարերը հանդիսացած են:

Միութիւնը իր ազգաշէն գործունէութեան ընթացքին, խորապէս ըմբռնած ըլլալով Հայ Առաքելական Եկեղեցիի դերի կարեւորութիւնը, հայ ժողովուրդի ինքնութեան, հայ ազգի գոյապահպանումին, դաստիարակութեան, հոգեւոր ու բարոյական արժէքներու մշակումին ու համայնքային կեանքին եւ հոգեմտաւոր կազմաւորումին մէջ, միշտ գործակից եւ աջակից եղած է անոր:

Անցնող տասնամեակներուն, քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական զարգացումներու պատճառով, մեր աշխարհատարած համայնքները տարբեր բնոյթի ծանր մարտահրաւէրներ դիմագրաւած են եւ կը շարունակեն դիմագրաւել, իրենց առօրեայ կեանքին առընթեր, նաեւ ազգապահպանումի իրենց պայքարին մէջ: Միութիւնը, միշտ հաւատարիմ իր առաքելութեան, քայլ պահած է սփիւռքի հայ համայնքներու շարժերուն, փոխուող պայմաններուն եւ կարիքներուն հետ, նոր միջոցառումներ, նախաձեռնութիւններ եւ կրթական ծրագիրներ մշակելով, որոնք կազմաւորուող նոր սերունդը ուղղակիօրէն կը կապեն հայրենիքին:

Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը իր հիմնադրութեան առաջին իսկ օրէն, պայքարած է հայրենիքի հզօրացումին եւ հայրենի պետականութեան ուժեղացումին ի խնդիր, անկախ տիրող համակարգերէն: Այդ պայքարը, յաճախ եղած է ի գին ծանր զոհողութիւններու, քաղաքական եւ ապահովական ծանր պայմաններու տակ, հաւատալով, որ հզօր հայրենիքը եւ զօրաւոր պետականութիւնը, մեր ազգի գոյատեւումի գրաւականներն են, նաեւ ազգապահպանումի կայուն կռուան, սփիւռքի հայութեան համար:

Հ.Բ.Ը.Մ.-ն իր գործունէութիւններու ծիրը ընդլայնած է Հայաստանի եւ Արցախի մէջ, յատկապէս անկախութենէն ետք իր շեշտուող ներկայութեամբ, բազմաթիւ ծրագիրներ իրականացնելով կրթութեան, մշակոյթի, առողջապահական եւ ընկերային-տնտեսական ոլորտներուն մէջ:

Տասնամեակներ շարունակ, տարբեր բնագաւառներու մէջ իր շարունակուող օժանդակութիւններուն կողքին, կրթական բնագաւառէն ներս Միութեան նորագոյն եւ ամենածաւալուն ծրագիրներէն, կը յիշենք  անոր դերը,  Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանի հիմնադրութեան եւ զարգացումին մէջ, որուն արդիւնաւորութիւնը տարածաշրջանէն ներս, այսօր յայտնի է բոլորին:

Մեր մասնակցութիւնը Հայորդեայց Տուներու նախաձեռնութեան, Մայր Աթոռի գործակցութեամբ եւ հովանաւորութեամբ, հազարաւոր պատանիներու դաստիարակութեան ու տաղանդներու մշակումին ի նպաստ, աւելի քան քսանհինգ տարիներու շարունակուող գործունէութեամբ, կրթական հիմնարար ներդրում մըն է իր կարգին:

Կը նշենք նաեւ Հայկական Վիրտուալ Համալսարանը, որ հիմնուած Հ.Բ.Ը.Մ.ի Հարիւրամեակի նախօրեակին, առցանց մուլդիմիտիա ուսուցման զարգացման մարզին մէջ ճարտարագիտական նորարարութեան առաջնորդող նախաձեռնութիւն մըն է եւ կրթական ծրագիրներու մշակումի տասնհինգ տարիներու իր փորձառութեամբ, կարելիութիւններով եւ աշխարհատարած հասողութեամբ, այսօր դարձած է Հայաստանի կրթական նախարարութեան կարեւոր գործակիցներէն մին:

Միութեան կարեւոր ներդրումներէն է նաեւ Թումո ստեղծարար ճարտարագիտութեան կեդրոնի գործունէութեան ընձեռած անոր աջակցութիւնը, յատկապէս Կիւմրիի եւ Ստեփանակերտի մէջ մասնաճիւղերու ստեղծումով:

Ասոնց շարքին կարեւոր գործունէութիւններ են նաեւ նախաձեռնողական-գործարարական կարողութիւններու մշակման, համայնքային կեանքէն ներս կանանց դերի զօրացման եւ քաղաքացիական հասարակութեան զարգացման տարբեր ծրագիրները: Միութեան շարունակուող ներդրումներէն են նաեւ բարձրագոյն կրթութեան հաստատութիւններու պարագային, Երեւանի Պետական Համալսարանին, Պետական Բժշկական Համալսարանին, Փոլիթէքնիք Ինստիտուտին եւ այլ ազգային կառոյցներու տրամադրուած մշտական աջակցութեան առընթեր, Ֆրանսական Համալսարանին, Ազգային Մատենադարանի հրատարակութիւններուն եւ երիտասարդ գիտնականներուն տրամադրուած աջակցութիւնը, երիտասարդ հոգեւորականներու արտասահմանի մէջ կրթութեան տրամադրուող եւ այլ բարձրագոյն ուսման կրթաթոշակները:

Հետեւաբար, որպէս համընդհանուր ազգային կազմակերպութիւն որ հաղորդ է սփիւռքի համայնքներու կեանքին եւ քաջածանօթ հայրենի իրականութեան, որ նաեւ իր գործօն մասնակցութիւնը կը բերէ սփիւռք-հայրենիք սերտակցութեան սատարող աշխատանքներուն, քաջատեղեակ անոնց փոխադարձ ակնկալութիւններուն եւ կարիքներուն, Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը, ինչպէս միշտ,  պատրաստ է բերելու իր մասնակցութիւնը հայրենի ծրագիրներուն, ինչպէս նաեւ  կրթական ծրագիրներու մշակման այս հանգրուանին, ընդառաջելով ի հարկին կրթական նախարարութեան առաջարկութեան:

Կարեւոր է նաեւ շարունակաբար  հանրութիւնը իրազեկել, գիտակցելով փոփոխութեան եւ նորարարութեան նկատմամբ անոր զգուշաւորութեան, զգայնութիւններուն եւ մտահոգութիւններուն:

Մեր անկեղծ մաղթանքն է որ Հայաստանի կրթական բարեփոխումին եւ արդիականացումին լծուած կրթական նախարարութեան ճիգերը յաջողութեամբ պսակուին, ի շահ մեր հաւաքական նպատակներու իրականացումին:

 

Հ.Բ.Ը.Մ.-Ի ԿՐԹԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԺՈՂՈՎ

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Օգոստոս 2020
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Հուլ   Սեպ »
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930
31