Հայաստան համահայկական հիմնադրամի ազգօգուտ գործունէութիւնը, որ յաջողած է իր հովանին տարածել ամէն տեղ, ուր կարօտեալ հայ եւ կամ հայկական շունչով ազգային հաստատութիւն կայ, անվերապահօրէն կրցած է ըլլալ հոն, ուր ազգային գիտակցութիւնն ու յանձնառու պատասխանատուութիւնը կանչած են զինք:
Այսօր՝ Չորեքշաբթի 28 Յուլիս 2020ին առաւօտեան ժամը 11:00ին Այնճար քաղաքապետարանի շէնքը, Ազգային միասնականութեան եւ հաւաքական կամքի արտայայտութեան ժամադրավայրն էր: Պատկառելի եւ գերազանցօրէն վսեմաշուք պատուիրակութիւն մը, որ կը բաղկանար.
– Գերշ․ Տ․ Շահէ արք․ Փանոսեան, բարեջան առաջնորդ Լիբանանի հայոց թեմի
-Արհիապատիւ Տէր Գէորգ Եպս. Ասատուրեան. Օգնական Եպիսկոպոս Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան Պէյրութի Թեմի.
-Պէյրութի Հայկազեան Համալսարանի Նախագահ եւ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան Կեդրոնական Մարմինի Ատենապետ Վեր. Դոկտ. Փօլ Հայտոսթեան
-Լիբանանի Մէջ Հ.Հ. Արտակարգ եւ Լիազօր դեսպան Պրն. Վահագն Աթաբէկեան
-Հայաստան Համահայկական հիմնարկի ներկայացուցիչ Տիար Գրիգոր Թերզեան
-Հայր Անանիա Ծ. Վարդապետ Գուճանեան Հոգեւոր տեսուչ Պէքաայի շրջանի
-Հայ քաղաքական երեք կուսակցութեանց ներկայացուցիչներ
-Հայաստան համահայկական հիմնադրամի անդամներ՝ Օրդ. Նելլի Վէքիլեան, Սեդրակ Քիւրէճեան եւ Տոքթ. Սարգիս Պետիկեան, ինչպէս նաեւ ազգային վարչութենէն եւ Այնճարի երեք համայնքներու հոգեւոր հայրերը, գիւղի երեք վարժարաններու տնօրէններն ու պատկան մարմիններու ներկայացուցիչները:
Այս հոգեպարար եւ շատ սրտբաց հանդիպման բարի գալուստի իր խօսքով Այնճարի քաղաքապետը ողջունեց ներկաները շեշտելով մեր տագնապներն ու դժուարութիւնները միասնաբար կիսելու մեր իւրայատուկ յատկանիշն ու համոզումը:
Յաջորդաբար իրենց սրտի խօսքը փոխանցեցին յարգարժան պրն. Դեսպանը, պրն. Թերզեանը, սրբազան հայրը, գերապայծառ Ասատուրեանն ու Վեր. Հայտոսթեանը:
Ապա տեղի ունեցաւ Այնճարի մէջ գործող երեք վարժարաններուն յատկացուած հիմնադրամի գումարներու փոխանցումը, որ իր նիւթական եւ առարկայական արժէքի կողքին, նաեւ ցուցանիշն է հայու միասնակամ ըլլալու կամքի եւ աներկբայօրէն իրարու թիկունք հանդիսանալու արտայայտութեան: