Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան Նախարարութիւնը ի վերջոյ պատասխանեց Խորհրդարանի հայազգի պատգամաւոր Կարօ Փայլանի հայ ժողովուրդի սեփականութիւնը հանդիսացող Սանասարեան Խանի մասին ուղղած հարցումներուն։ Փայլան իր հարցագրին մէջ դիտել տուած էր, թէ տակաւին կը շարունակուի խանի սեփականութեան համար մղուած իրաւական պայքարը։ Այս պայմաններու տակ խանի օգտագործումը աճուրդի մը միջոցաւ երրորդ կողմի մը փոխանցելով օրինազանցութիւն մը կատարուած է։
Նախարարութիւնը՝ որուն իրաւասութեան սահմաններուն մէջ է նաեւ Վաքըֆներու Ընդհանուր Տնօրէնութիւնը օրինական զանցառութիւն մը չէ տեսած այս աճուրդին հետեւանքով, քանի որ դատարանին Պատրիարքարանի ի նպաստ վճիռ մը կայացնելու դէպքին վարձքը ուղղակի պիտի փոխանցուի իրեն։ Նշենք որ շատ երկար տարիներ անելի մատնուած այս կալուածի համար Պատրիարքական նախկին փոխանորդ Արամ Արք. օրինական պայքար մղած էր, բայց միշտ եղած էին քաղաքական միջամտութիւններ, որոնց հետեւանքով նոյնիսկ դրական որոշում կայացնող դատակազմը Վճռաբեկ Ատեանէն եկած հակազդեցութեան դիմաց ամբողջովին շրջած էր իր նախկին որոշումը եւ այս անգամ հակառակ դիրք բռնած Պատրիարքարանի հանդէպ։
Խնդիրը այժմ կը հետապնդուի Պատրիարքարանի իրաւապաշտպան Ալի Էլպէյօղլուի գրասենեակին կողմէ։