Եռագոյն. Թրքական պետութեան որոշումը՝ մզկիթի վերածելու Կոնստանդնուպոլսոյ «Այիա Սոֆիա» թանգարան-եկեղեցին ընդվզում յառաջացուցած է Յոյն Ուղղափառ եկեղեցւոյ եւ ընդհանրապէս քրիստոնեայ աշխարհին։ Նկատի ունենալով, թէ սոյն եկեղեցին խորհրդանշական ու պատմական յատուկ արժէք եւ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ, աշխարհատարած հոգեւոր պետեր, քրիստոնեայ պետութիւններ, նշանաւոր անձեր եւ UNESCO-ն դատապարտած են թրքական պետութեան անարդար եւ պատմութիւն աղաւաղող որոշումը։
Ուրբաթ՝ 24 Յուլիս 2020ին, «Այիա Սոֆիա» եկեղեցւոյ մէջ պիտի կատարուի իսլամական առաջին արարողութիւնը։ Ուստի, որպէս բողոք սոյն հակաքրիստոնէական անընդունելի արարքին, Ազգային վարչութեան որոշումով՝ եկեղեցիներու ու վարժարաններու դրօշակները կիսով պիտի պարզուին, ինչպէս նաեւ կէսօրուան ժամը 12-12։30 եկեղեցիներու զանգերը պիտի հնչեն սուգի նշանի զարկերով։
Դիւան Ազգային Առաջնորդարանի