ՀԱՐՑԱԳԻՐ՝ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐ ՄԵՎԼԻՒԹ ՉԱՎՈՒՇՕՂԼՈՒԻՆ
Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ վերջին օրերուն պատահած հակամարտութիւններու արդիւնքին մահացան բազմաթիւ զինուորներ եւ քաղաքացիներ։
Երբ կողմերը զիրար կը մեղադրէին հակամարտութիւնը սկսելու մէջ, որպէս արտաքին գործոց նախարար յայտարարեցիք, թէ «անընդունելի է Հայաստանի ըրածը։ Ատրպէյճան առանձին չէ։ Մենք որպէս Թուրքիոյ Հանրապետութիւն եւ թուրք ժողովուրդ մեր բոլոր կարելիութիւններով կանգնած ենք Ատրպէյճանի քով»։
Նման յայտարարութիւններով հանդէս եկան նաեւ ԱՔՓ-ի կուսակցապետ եւ հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիփ Էրտողան եւ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար։
Կարդացեք նաև
Թուրքիա, որպէս Ատրպէյճանի ու Հայաստանի միջեւ ծագած հակամարտութեանց լուծման նպաստող ԵԱՀԿ-ի Միսքեան խմբակի անդամ, պէտք է աշխատէր լուծման ուղղութեամբ կամք արտայայտել, մինչդեռ այս լարուածութեան ժամանակ ալ ցեղային պատճառներով անկողմնակալ չեղաւ ու կատարեց լարուածութիւնը սաստկացնող յայտարարութիւններ։
Ուստի,
Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ ծագած հակամարտութեան մէջ ցեղայի՞ն պատճառներով է որ կողմնակալութիւն կը ցուցաբերէք։
Տակաւին չէ՞ք հասկցած, թէ ցեղապաշտական արտաքին քաղաքականութիւնը «կրակին վրայ քարիւղ լեցնել» կը նշանակէ եւ միայն կ՚ընդարձակէ հարցերը։
Թուրքիոյ ռազմական արդիւնաբերութիւնը կ՚ուզէ աւելի ռազմամթերք վաճառել Ատրպէյճանին։ Լարուածութիւնը այս պատճառո՞վ է որ կը սաստկացնէք։
Կը մտածէ՞ք զինուոր առաքել Ատրպէյճան։
Թուրքիա եթէ ցեղի մը չի պատկանիր՝ ինչո՞ւ արտաքին քաղաքականութիւնը ցեղապաշտական նկատումներով կը վարէք։
Երբեմն կը յիշէ՞ք արդեօք, թէ անդամ էք ԵԱՀԿ֊ի Մինսքեան խմբակին, որ հիմնադրուած է Հայաստան-Ատրպէյճան լարուածութիւնը նուազեցնելու նպատակով։
Դեռ չէ՞ք հասկցած, որ Կովկասի ապակայունացումը շահաբեր է միայն Ռուսաստանին։
Ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէք Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան այն սպառնալիքը, ըստ որու անոնք պատրաստ են հարուածելու Թուրքիա-Հայաստան սահմանին գտնուող աթոմակայանը։
Կարօ ՓԱՅԼԱՆ