Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Ղեկավարութիւն մը, որ չընդունիր իր ձախողութեան դառն իրականութիւնը. Սեւակ Յակոբեան

Հուլիս 06,2020 17:43

Կ՛ապրինք ժամանակներ ուր ղեկավարութիւնը կորսնցուցած է իրականութեան հետ իր կապն ու գիտակցութիւնը:

Ղեկավարութիւն մը, որ հերքում (denial) կ՛ապրի եւ չընդունիր իր ձախողութեան դառն իրականութիւնը:

Կ՛ապրինք ժամանակներ, ուր ղեկավարութիւնը չի հանդուրժեր քննադատութիւն եւ ամէն նկատողութիւն կը սեպէ իր դէմ ուղղուած դաւադրութիւն:

Ղեկավարութիւն մը, որ մութին մէջ կը խարխաբէ, իր հետ դէպի անդունդ առաջնորդելով ամբողջ հաւաքականութիւն մը յանուն մեծ մեծ լոզունգներու:

Կ՛ապրինք ժամանակներ ուր ցնորամիտ մարդիկ պատմական թիւրիմացութեամբ մը կամ քաղաքացիներու սխալ եւ անպատասխանատու ընտրութեամբ հասած են ղեկավարութեան, սակայն հաւատացած են իրենց չունեցած արժանիքներուն եւ մեծ հաւատք ունին իրենց այսպէս կոչուած կարողութիւններուն վրայ:

Ունինք հիւանդագին հոգեվիճակով ղեկավարութիւն, որ քանդելով հանդերձ հաւատացած է, որ կը «շինէ»…:

Կ՛ապրինք ժամանակներ, ուր երեք միլիոն բնակչութիւն չունեցող երկրի մը մէջ օրական ունինք միջին հաշուով 500 COVID-19-ով վարակակիրի գրանցում եւ անոր արդիւնքով օրական դարձեալ միջին հաշուով 10 մահուան դէպք, որուն ղեկավարութիւնը հաւատացած էր, որ «Քորոնան որո՞ւն շունն է, որ իրենք վախնան անկէ»…:

Ունինք ղեկավարութիւն, որուն իբր թէ ղեկավարած երկրին մէջ ազգային դրամանիշը ամէն օր կ՛արժեզրկուի եւ իր ժողովուրդին գնողական կարողութիւնը վերածուած է ոչինչի, մինչ ինք զբաղած է իրար մէջ պաշտօններ եւ փտածութեան արդիւնք՝ շահաբաժիններ բաժնելով կամ իր իսկ երկրին ազգային դրամանիշին անբարունակ անկումին հաշւոյն տոլարի սակին հզօրացումը օտար զբօսաշրջիկ քաջալերող ազդակ կ՛որակէ…:

Կ՛ապրինք ժամանակներ ուր ղեկավար մը, անկուշտութեան, աներեսութեան, անմարդկայնութեան եւ անկրթութեան չափն ու սահմանը շատո՜նց անցած է:

Որքա՜ն ճիշդ է Իմամ Ալի Պըն Ապի Թալէպի վերագրուած հետեւեալ խօսքը. «Աստուած ողորմած է այն մարդը, որ գիտցած է իր չափն ու սահմանը եւ նաեւ գիտցած այդ սահմանին վրայ կանգ առնել»:

Ժամանակն է, որ մինչ ժողովուրդը պիտի սպասէ, որ Աստուած չողորմէ իր ղեկավարութիւնը, ինքը նախ չողորմէ եւ գրողի ծոցը ղրկէ նման ղեկավարներ Լիբանանէն մինչեւ Հայաստան, պետական կառոյցներէն մինչեւ ազգային հաստատութիւններ:

Այս անգամ գրութիւնս չքաղաքականացնելու կոչ պիտի չուղեմ անշուշտ մեր ընթերցողին:
Այսօրուայ համար ալ, այսքանով պիտի բաւարարուիմ:

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
Լիբանանի «Զարթօնք» Օրաթերթի
Գլխաւոր Խմբագիր

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Հուլիս 2020
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Հուն   Օգո »
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031