«Արևելք». Սթրազպուրկի նորընտիր քաղաքապետ Ժաննա Բարսեղեանը յեղափոխական գործիչ, ՀՅԴ անդամ Սարգիս Բարսեղեանի եւ Հայաստանի Առաջին հանրապետութեան խորհրդարանի կին պատգամաւոր Պերճուհի Պարտիզպանեանի ծոռնուհին է։
Սարգիս Բարսեղեանը (իսկակակ անունով Սարգիս Օզաբաշեան) կրթութիւնը ստացած է Թիֆլիսի Ներսիսեան դպրոցը, այնուհետեւ Ժընեւի համալսարանը։ Քրիստափորի հրահանգով թողած է ուսումը եւ վերջինիս հետ ժամանած Պաքու, ուր կազմակերպած է տեղեկատուական թերթօններու տարածումը հայազգի աշխատաւորներու շրջանին։
Անոր կինը՝ Պերճուհի Պարտիզպանեան-Բարսեղեանը նոյնպէս աշխոյժ հասարակական-քաղաքական գործունեութիւն վարած է:
Պարտիզպանեանի պատմուածքները ամփոփուած են «Փոթորիկէն վերջ» ժողովածուին մէջ, իսկ կեանքի մանրամասները եւ յեղափոխական գործունէութեան մասին յուշերը հայերէնով լոյս տեսած են 2016-ին՝ «Խանձուած օրեր» խորագրով, Պէյրութի մէջ:
Պապի օրինակով իրաւաբան դարձած է նաեւ թոռնուհին՝ Ժաննա Բարսեղեանը, որ ծնելով Փարիզ, հետագային տեղափոխուած է Սթրազպուրկ, զբաղուած է նաեւ բնապահպանական հարցերով: