Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Ժամանակն է, որ վարչապետին ակնարկած վաղուան խորհրդարանը ի վերջոյ ծնունդ առնէ նոր արարումով մը․ «Հայրենիք»

Հունիս 27,2020 10:23

Վարչապետ Փաշինեանի ելոյթը Հ.Հ. Ազգային ժողովի ամպիոնէն հիմնական մէկ խնդիր կը դնէ, որուն հետ հաշուի պէտք է նստի ամէն Հ.Հ. քաղաքացի եւ ամէն հայ։

Անկախ այն իրողութենէն, որ Պր. Վարչապետը իր այս ճառով կը գերազանցէ ինքզինք Հ.Հ. գործադիր իշխանութեան պետի իր հանգամանքէն դուրս գալու իր իւրայատուկ հռետորաբանութեամբ, մէկ բան շատ յստակ է իր պատգամին մէջ եւ մեծապէս բարացուցական։ Վարչապետ Փաշինեան կը մերժէ Հ.Հ. քաղաքական դաշտէն ներս տեղ տալ այլակարծութեան։ Կը մերժէ ընդունիլ կենսունակ ընդդիմութեան մը ներկայութիւնը։ Կենսունակ ժողովրդավարութեան մը կենսագործունէութի՛ւնը։ Կը մերժէ՝ առանց ծամծմելու իր բառերը։ Եւ այդ բառերը ինք կը գործածէ որպէս բնաբան իր իսկ պաշտօնական կայքէջին վրայ։ Ան կ՚ըսէ՝ «Յաջորդ խորհրդարանում տեղ են ունենալու միայն այնպիսի ուժեր, որոնք աներկբայօրէն պաշտպանում են ժողովրդական յեղափոխութեան արժէքները»։ Եւ քանի որ «ժողովրդական յեղափոխութիւնը» ինքն է եւ միայն ինք կրնայ զայն ըլլալ, հետեւաբար դիրքերը միանգամընդմիշտ կը հասնին աննախընթաց բիւրեղացման։ «Պետութիւնը ես եմ», կ՚ըսէր Լուի 14-րդ 365 տարի առաջ։

L’etat, c’est moi! Կը պնդէ ՀՀ Վարչապետը այսօր վերոյիշեալ իր անթաքոյց բանաձեւով։ Կը պարզուի, որ իր պատկերացուցած Հայաստանի խորհրդարանին մէջ, տեղ չկայ նոյնիսկ այսօրուան վտիտ ընդդիմութեան համար։ ՓՈԽԱՐԷՆԸ ՏԵՂ ԵՆ ՈՒՆԵՆԱԼՈՒ ՄԻԱՅՆ ԱՅՆՊԻՍԻ ՈՒԺԵՐ, ՈՐՈՆՔ ԱՆԵՐԿԲԱՅՕՐԷՆ ԿԸ ՊԱՇՏՊԱՆԵՆ ԺՈՂՈՎՐԴԱԿԱՆ ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԵԱՆ ԱՐԺԷՔՆԵՐԸ։ Իսկ ո՞վ կ՚ընէ ճակատագրական այս ընտրութիւնը այդ ուժերուն միջեւ։ Ո՞վ կրնայ զանազանել «աներկբայօրէն» հարազատը անհարազատէն, «լեգիտիմ»ը «ոչ-լեգիտիմ»էն…Պարզ է, որ այս տիեզերքին մէջ, միայն մէկ հոգի կրնայ ընել այդ ընտրութիւնը եւ այդ մէկը ժողովուրդը չէ՛։

Բայց մենք պէտք է վերադառնանք աւելի հիմնական հարցի մը, որ վեր է նոյնիսկ Վարչապետ Փաշինեանէն։ Պէտք չէ մոռնալ, որ Պր. Վարչապետն ու իր մեծամասնական իշխանութիւնը կեանքի կոչուեցան ժողովուրդին քուէներով։ Ժողովրդային շարժման տարերային ալիքն էր, որ ստեղծեց «Իմ քայլ»-ական այս վարչակարգը։ Անուրանալի է այս մէկը։ Հարցո՛ւմ։ Սխալեցա՞ւ արդեօք ժողովուրդը իր դատողութեան մէջ։ Բոլորովին այլ նպատակի համա՞ր ժողովուրդը ընտրեց այս վարչախումբը եւ ուրեմն այսօր խաբուա՞ծ է ան։ Թէ ժողովուրդը պարզապէս ընտրեց միակ հնարաւոր «հակա-Սերժ»-ը, որ կար հրապարակի վրայ այդ օրերուն առանց լրջօրէն «բարակը փնտռելու»…

Կարելի չէ այս եւ նմանօրինակ հարցումներուն յստակ պատասխան տալ այսօր։ Անցած է 2018 ապրիլի ալիքը եւ իշխանութեան դիրքերուն վրայ տեղ գրաւած է ներկայ իշխանութիւնը եւ այս է իրականութիւնը։ Եւ այսօր ունինք ա՛յս իշխանութիւնը իր այսօրուան վիճակացոյցով։ Հետեւաբար հիմա ժամանակն է, որ Պր. Վարչապետին ակնարկած վաղուան խորհրդարանը ի վերջոյ ծնունդ առնէ նոր արարումով մը։ Ծնի այսօ՛ր իսկ առանց սպասելու ընտրութիւններուն։ Ժամանակն է, որ ան ծնի հայոց երկրի առեղծուածային ընտրողի մտքերուն մէջ որպէս պայծառ մտատեսիլ։ Այն իսկ ընտրողի՛ն՝ որուն հաշւոյն կը թուի որոշում առած ըլլալ Պր. Վարչապետը, որպէս գեր-միտք…

 

Կարօ ԱՐՄԵՆԵԱՆ

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» թերթի այս համարում

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Հունիս 2020
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Մայիս   Հուլ »
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
2930