Լիբանանի հեռատեսիլի «Ալ Ժատիտ» կայանի «թալք շօու» յայտագրերու հաղորդավար, լրագրող, մեկնաբան Նշան Տէր Յարութիւնեան Յունիս 10-ի իրիկուան հաղորդումին ընթացքին՝ «Ուաթզափ»-ով պատգամ մը ստացած է ինքզինք որպէս Լիբանանցի ներկայացնող անձէ մը, որ իրեն յղած է սպառնալիքներ, նաեւ զայն որակած՝ օտարական, գաղթական։
Ուղղակի հաղորդումի ընթացքին հակադարձելով յարձակողական այս արտայայտութիւններուն՝ Տէր Յարութիւնեան նախ պատասխանած է ենթակային, ապա նաեւ յայտարարած է, թէ Էրտողանը, Թուրքիան եւ Օսմանցիները նենգ են եւ թէ Թուրքիա բացասական դեր ունի տարածաշրջանին մէջ:
Տէր Յարութիւնեանի այս խօսքերը պատճառ հանդիսացած են, որ ան թիրախ դառնայ սիւննի ծայրայեղական շրջանակներու: Վերջիններս ընկերային ցանցերու վրայ պաշտպանելով Էրտողանն ու Թուրքիան, ըսած են որ իրենք Օսմանեան կայսրութեան հետեւորդներն ու ժառանգորդներն են, Էրտողանի զինուորեալները, յետոյ քայլ մը անդին երթալով՝ արդարացուցած են 1915-ի դէպքերը:
Յայտագրի աւարտէն անմիջապէս ետք, Պէյրութի մէջ, յիշեալ շրջանակներէն խմբակներ փողոց իջած ու հասած են մինչեւ «Ալ Ժատիտ» կայանին առջեւ ու Հայութեան հասցէին լոզունգներ արձակելով՝ պարզած են թրքական դրօշներ: Նմանատիպ, աւելի ստուար ցոյց մը տեղի ունեցած է նաեւ յաջորդ օր։
Հեռատեսիլի այս հաղորդումին կապակցութեամբ Թուրքիա, բողոքի նամակ մը յղած է Լիբանանի Արտաքին գործոց նախարարութեան, նշելով՝ որ հայ լրագրողին ըսածները կը զանցեն «խօսքի ազատութեան սահմանները» եւ թէ՝ Թուրքիոյ ու անոր նախագահին հասցէին հոն կատարուած «նախատինք»-ները անընդունելի են։ Լիբանանցի փաստաբանի մը միջոցով՝ Անգարա նաեւ դատական գործընթացի ձեռնարկած է Նշան Տէր Յարութիւնեանի եւ հեռատեսիլի «Ալ Ժատիտ» կայանին դէմ։