Գրող, «Արեւելք» կայքին խմպակիր Սագօ Արեան ֆեյսպուքին մէջ կգրե. «Երէկ գիշերուան ժամերէն սկսեալ Անգարայի թեթեւ ձեռքով ղեկավարուող կողմեր սկսած են բառացիօրէն կրակ թափել լիբանանահայութեան դէմ։
Խնդիրը ծագած է, երբ որպէս Լիբանանցի ներկայացող անձ մը ուաթց աբի միջոցաւ սպառնալիքներ ուղղած է «Ալ Ժատիտ» կայանէն հաղորդում ներկայացնող հայազգի յայտնի լրագրող Նշան Տէր Յարութիւնեանին զինք նկատելով գաղթական եւ օտար։
Իր կարգին Նշան հակադարձած է այդ խօսքերը յղողին ու նաեւ շեշտած որ Էրտողանը, Թուրքիան եւ օսմանցիները նենգ են։
Յայտագրի աւարտէն անմիջապէս ետք (որուն մասնակից եղած է լիբանանցի յայտնի գործիչ Ուաիամ Ուահապ) տասնեակ անձեր, որոնցմէ շատեր կ՚ապրին Լիբանանէն դուրս սկսած են նախատական խօսքեր հնչեցնել հայերուս դէմ։ Անոնք նաեւ արդարացուցած են օսմանցիներու կատարած ցեղասպանութիւնը ըսելով, որ «դուք հայերդ նենգ էք եւ արժանի էք այդ սպանութիւններուն»։
Կարդացեք նաև
Այդ ոճով հանդէս եղողները այդ նեղ կացութեան մէջ չեն մոռցած իրենց հպարտանքը յայտնել, որպէս օսմանցիներու հետնորդներ եւ Էրտողանի զինուորեալներ։
Ճիշդը եթէ կ՚ուզէք Լիբանանի զարգացումներուն մօտէն հետեւողներուն համար սպասելի էր նման բան, մանաւանդ եթէ հաշուի առնենք վերջին շրջանի Անգարայի նկրտումները եւ յատկապէս Լիբանանի մէջ ինքնահաստատուելու նենգամիտ փորձերը, հաշուի առնելով նաեւ, որ այսօր Լիբանանեան հիւսիսի մէջ կազմուած «թրքական լոպի»ն երկար տարիներու աշխատանքի արդիւնք է, որուն մէջ կան կրօնական ազդեցութիւն, դրամ եւ տարբեր տեսակի օժանադկութիւնները։
Սուրիա, Լիպիա եւ այսօր Լիբանան ահա Անգարայի կողմէ պատրաստուած նոր ծրագիրը, որուն դիմաց դժբախտաբար սիւննի- արաբական աշխարհը դարձած է լուռ եւ անզօր հետեւորդ։
Վերջին ըսելիքս Լիբանանահայ իմ ընկերներուս է, ու վստահ եմ, որ անոնք այս փորձութիւնն ալ հպարտութեամբ եւ քաջ ճակատներով պիտի դիմագրաւեն։
Աստուած պահապան մեր ժողովուրդին։
Ի դէպ տեղադրուած տեսանիւթը Լիբանանի տարբեր շրջաններէն «Ալ Ժատիտ» շրջան հասած բրօ-էրտողանեան հրոսակներու ներկայացուցիչներ են, որոնք «զինուած են» թրքական դրօշակներով»։