Լրահոս
Ալիեւը «շիրա էր տալիս»
Օրվա լրահոսը

Միասնակամ ենք մարդասիրական հիմունքներով Համբիկ Սասունեան ազատ արձակելու մեր կեցուածքին մէջ. Արեւմտեան Ամերիկայի համահայկական խորհուրդ

Հունիս 08,2020 10:26

Արեւմտեան Ամերիկայի Համահայկական Խորհուրդին մաս կազմող 24 կրօնական, քաղաքական եւ հասարակական կազմակերպութիւնները, խորհուրդի անունով նամակ մը յղած են Քալիֆորնիոյ Նահանգապետ Կավին Նիուսըմին, ուր խոր հիասթափութիւն կը յայտնեն Համբիկ Սասունեանի բանտէն ազատ արձակումը արգելակող նահանգապետի առած որոշումին գծով:

Յարգելի Նահանգապետ Նիուսըմ,
Արեւմտեան Ամերիկայի Համահայկական Խորհուրդը, որուն մաս կը կազմեն Հայաստանէնդուրս մեծագոյն հայկական համայնքը ներկայացնող 24 կրօնական հաստատութիւններ եւ համայնքային կազմակերպութիւներ, այսու, իր խոր յուսախափութիւնը կը յայտնէ Քալիֆորնիոյ Ազատ Արձակման Խորհուրդի որոշումին հակառակ՝ 38 տարիներու բանտարկութենէ ետք Համբիկ Սասունեանի ազատ արձակումը արգելակող ձեր որոշումինկապակցաբար:

Ինչպէս պատմութիւնը եւ փաստերը ցոյց կու տան, Սասունեան, 25 տարիէն ցկեանս բանտարկութիւնը սկսած էր 19 տարեկանին, 1982ին Լոս Անճըլըսի մէջ Թուրքիոյ գլխաւոր հիւպատոսի ահաբեկման մասնակցած ըլլալուն համար: Սասունեան ներկայիս 57 տարեկան էեւ արդէն իսկ ցկեանս բանտարկութեան միջին 25 տարիէն շատ աւելին ծառայած է:

2017ին, Ազատ Արձակման Խորհուրդը զինք ազատ արձակելու որոշում կայացուցած էր, հաստատելովիր վարքի բարելաւումը, սակայն այս որոշումը արգելակուած էր ատենի Նահանգապետ ՃէրիՊրաունի կողմէ: 2019ին, ձեր վարչակարգի Ազատ Արձակման Խորհուրդը, մանրակրկիտքննութենէ ետք վերստին հաստատած էր նախորդ խորհուրդի որոշումը, հաստատելով թէ Սասունեան ազատ արձակուելու արժանի էր:

Դժբախատաբար, եւ հակառակ երկու խորհուրդներուն կողմէ հաստատուած մասնայատուկ եւ հետեւողական փաստերուն, մեզի համար անհասկնալի պատճառներով դուք ընտրեցիք վէթոյի ձեր իրաւունքը, եւ արգելակեցիք Համբիկ Սասունեանի ազատ արձակումը:

Մեզի համար շատ քաջալերիչ էր այն փաստը, որ դուք տարիներու մօտիկ յարաբերութիւն ունեցած էք մեր համայնքին հետ, եւ հետեւողականօրէն խոր հասկացողութիւն ցուցաբերած՝մեր պատմութեան եւ ներկայի խնդիրներուն հանդէպ: Մեր համայնքի շարք մը կրօնական առաջնորդներ եւ կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ բազմիցս նամակներով դիմած են ձեզի, առանց որեւէ վարանումի հաստատելով իրենց Սասունեանը ազատ արձակելու զօրակցական կեցուածքը: Այս բոլորը սակայն, ապարդիւն մնացին: Այս պատճառով, ալ Սասունեանի հանդէպ ձեր կեցուածքը մեզ խորապէս յուսախաբ կ՛ընէ:

Այս գրով կ‘ուզենք ձեզ յայտնել, որ մեր համայնքը միասնակամ է մարդասիրական հիմունքներով Համբիկ Սասունեան ազատ արձակելու իր կեցուածքին մէջ, մասնաւորաբար մեկնելով այն իրողութենէն որ Սասունեան իր կեանքի մեծագոյն մասը անցուցած է բանտարկութեան մէջ: Խորապէս կը հաւատանք որ Սասունեան հատուցած է իր առարքին համար եւ իբրեւ պատիժ՝ ծանր գին վճարած:

Սասունեանի ազատ արձակման ապագայ բոլոր դիմումներու պարագային եւս, ամուր կը մնանք անոր զօրակցելու մեր կեցուածքին մէջ եւ կոչ կ’ընենք ձեզի մարդասիարական եւ արդար կեցուածք ցուցաբերել, երբ այս հարցը կրկին ձեր սեղանին գայ մօտիկ ապագային:

Վերջապէս, նաև կը խնդրենք կարելի ամէնէն կարճ ժամանակամիջոցին պատեհութիւնը ստեղծել մեր համախմբումի ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպելու՝ ձեզ հետ անձամբ քննելու համար վերոյիշեալ խիստ կարեւոր հարցը:

Յարգանօք`

Արեւմտեան Ամերիկայի Համահայկական Խորհուրդ

Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւն
Ամերիկայի Հայկական Համագումար
Առաջնորդարան Հայոց ԱՄ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմ
Արեւմտեան Ամերիկայի Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութիւն
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբ
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութիւն
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Oգնութեան Միութիւն
Թէքէեան Մշակութային Միութիւն
Լոս Անճելըսի Իրանահայ Միութիւն
Լոս Անժելեսի Իրաքահայերու Ընտանեկան Միութիւն
Հայ Իրաւաբանական Միութիւն
Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւն, Արեւմտեան Նահանքներու Շրջան
Հայաստանեաց Արաքելական Եկեղեցի Արեւմտեան Թեմ
Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւն, Արեւմտեան Շրջան
Հարաւային Գալիֆորնիոյ Հայ Դեմոկրատներ
Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանական Միութիւն
Հիւսիսային Ամերիկայի Տիրամայր Նարեկի Հայ Կաթողիկէ Թեմ
Միացյալ Հայ Երիտասարդներ
Միջազգային Միութեան Ծառայութեան Աշխատակիցներ
Պոլսահայ Միութիւն
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւն Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջան
Քալիֆորնիոյ Հայ Երիտասարդաց Միութիւն
Քեսապի Ուսումնասիրաց Միութիւն

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Հունիս 2020
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Մայիս   Հուլ »
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
2930