Ի սկզբանէ էր ուրիշը մեղադրելը. Ադամը մեղադրեց Եւան: Եւան մեղադրեց օձը… ու մենք վտարուեցանք Եդեմի պարտէզէն եւ բազմացանք աշխարհի մէջ ու սկսանք մեր կեանքը քարշ տալ Երկրին վրայ որպէս հասարակ մահկանացուներ:
Եւ այսպէս դարերու ընթացքին Մարքս մեղադրեց դրամագլուխը, Տաուքինը մեղադրեց կրօնքը, Ֆրոյտը ամեն խնդիր վերագրեց մանկութեան շրջանի սեռային ֆիզիքական ճնշուածութեան: Լարքինը մեղադրեց մեր ծնողները, Տոքթ. Աթքինզը մեղադրեց գետնախնձորը, Մոհամատ Ալ Ֆայէտը միշտ կը խօսէր Ֆիլիփ իշխանի ներգրաւուածութեան մասին Իշխանուհի Տիանայի մահուան առնչութեամբ (այս պարագային նաեւ դաւադրութեան տեսութիւն):
Եւ ուրեմն, ի սկզբանէ էր, որ մարդ արարածը միշտ փորձութիւնը ունեցած է մեղադրել մէկ ուրիշը սեփական սխալի մը համար: Այս ուրացումի (denial) գործընթացը երեւի մարդուն հոգեբանական ինքնապաշտպանութեան մեքանիզմին մաս կը կազմէ, ոմանց քով տանելի, ուրիշներուն մօտ հիւանդագին կերպով շեշտուած՝ յաճախ ալ մոլեգին. վտանգաւոր ըլլալու աստիճան:
Այս մարդկային յոռի իրավիճակը անշուշտ մեր ընկերաքաղաքական կեանքին մէջ իր խորունկ հետքերը ունեցաւ: Պարտուող մը խնդրին մէջ փնտռեց դաւաճան մը: Սխալողը՝ գտաւ ոչ անպայմանօրէն կապ ունեցող մէկը, որուն ուսերուն կարելի է բեռցնել սեփական սխալը: Այս ձեւով ստեղծուեցաւ «քաւութեան նոխազ» (scapegoat) բառ հասկացողութիւնը: Քաւութեան նոխազ մը յաճախ բարոյապէս զոհը գնաց այս իրավիճակին, որ իր ամենավտանգաւոր աստիճանին հասաւ երբ մէկ ուրիշը մեղադրելու մարդկային փորձութիւնը կամ հիւանդագին մոլուցքը ունեցող անհատ մը, գիտնալով կամ առանց գիտնալու, ուրիշներ ալ հրահրեց, նայած պարագային, վրէժ լուծելու տուեալ քաւութեան նոխազէն(ներէն)…:
Կարդացեք նաև
… Համակարգիչիս առջեւ նստած նման միտքերով էի երբ յանկարծ Ֆէյսպուքի էջիս վրայ յայտնուեցաւ, այստեղ կցուած նկարն ու գրառումը, որ ո՛չ անպայմանօրէն առնչուած է այս գրութեանս հետ, սակայն ի միջի այլոց, աճապարեցի հոս կիսուիլ մեր ընթերցողներուն հետ՝ առ ի տեղեկութիւն…:
Սեւակ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
Լիբանանի «Զարթօնք» Օրաթերթի
Գլխաւոր Խմբագիր