Պոլսոյ Սկիւտար թաղամասին մէջ գտնուող հայկական Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ վրայ կատարուած յարձակման առթիւ մէկ անձ ձերբակալուած է:
Պոլսոյ գլխաւոր հանրապետական դատախազութենէն լրատուամիջոցներուն յայտնած են, որ «Աղօթատեղիներուն վնաս պատճառելու» մեղադրանքով հետաքննութիւն սկսած է:
Նշենք, որ օրեր առաջ անյայտ անձը վայրագօրէն պոկած ու գետին նետած է եկեղեցւոյ մուտքի դարպասներուն վրայ տեղադրուած խաչը: Ատելութեան հողի վրայ իրականացուած յարձակման պահը արձանագրած էին եկեղեցւոյ անվտանգութեան տեսախցիկները:
Յարձակման մասին բողոք ներկայացուած է ոստիկանութիւն, իսկ պոկուած խաչի փոխարէն տեղադրուած է նորը: Ոստիկանութեան մէջ տեսախցիկներու տեսագրութեան օգնութեամբ պարզուած է յարձակում կատարած անձի ինքնութիւնը, եւ ձերբակալուած: Դէպքի առթիւ հետաքննութիւնը կը շարունակուի:
ԵՌԱԳՈՅՆ