Յառաջիկայ օրերուն, ազգովին պիտի նշենք Հայաստանի անկախ առաջին Հանրապետութեան հռչակման 102-րդ տարեդարձը: 102 տարիներ առաջ, մեր ժողովուրդին համար, ամէն առումով դժուար ու անբարենպաստ պայմաններու մէջ նուաճուած Հայաստանի անկախ պետականութեան հռչակման քայլը անկասկածօրէն մեր ազգի գոյատեւումը երաշխաւորող բախտորոշ եւ պատմակշիռ իրադարձութիւն էր:
Բացատրութեան չի կարօտիր հաստատումը՝ որ եթէ գոյութիւն չունենար Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը գոյութիւն չէր ունենար նաեւ մեր այսօրուան անկախ Հանրապետութիւնը: Մինչ Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան պատմական փորձը հայ քաղաքական միտքի զինանոցը հարստացնող գաղափարական ներշնչման, պատմութեան դասերու եւ քաղաքական խորհուրդներու ամբողջ դպրոց մը կը հանդիսանայ, մեր այսօրուան անկախ պետականութիւնը ապրող ու շնչող եւ ամէն օր զարգացող իրականութիւն է, որուն խարիսխը մեր ազգային ինքնիշխանութեան իրաւական ոյժն է:
Ինքնիշխանութեան իրաւունքի ուժով է որ մեր պետական անկախութիւնը կը կենսաւորուի: Միմիայն մեր ազգային-պետական շահերէն թելադրուած՝ ինքնուրոյնաբար քաղաքական որոշում տալու մեր ոյժով եւ կարողութեամբ է որ մեր անկախութիւնը կը ստանայ կենդանի կերպարանք:
Մեր երկրին եւ պետականութեան ապրող ու զարգացող այս իրականութեան մէջ, հայ քաղաքական միտքը Անկախութեան տարեդարձի այս օրերուն, իր պատասխանատուութեան բաժինը ունի նաեւ ախտաճանաչումի, քննարկման եւ գնահատումի ճամբով արծարծելու եւ մատնացոյց ընելու իսկական խնդիրները եւ մարտահրաւէրները, որոնք կը ցցուին մեր պետական անկախութեան եւ գերիշխանութեան առջեւ:
Անցնող երեսուն տարիներուն ընթացքին, ամէն տարի ազգովին անկախութեան օր տօնախմբեցինք, միաժամանակ սակայն, նաեւ կուլ տուինք մրուրը՝ մեր պետական այրերուն երկրին ինքնիշխանութեան հասցուցած հարուածներուն:
Միայն ու միայն ժողովուրդին հաշուետու եւ անոր ոյժին ու վստահութեան ապաւինող իշխանութիւններն են ընդունակ արդիւնաւէտ պայքարի՝ ընդդէմ արտաքին ոտնձգութիւններու:
Այսօր, ամէն բանէ առաջ, Հայաստանի իւրաքանչիւր քաղաքացիի մօտ երկրին տէրը ըլլալու իրաւունքին գիտակցութիւնը զարգացնելու պատասխանատուութիւնը ունին թէ՛ իշխանութիւնները, թէ՛ ընդդիմադիրները եւ թէ, ընդհանրապէս, քաղաքական ուժերը:
Հայրենի մեր ժողովուրդին երկու տարի առաջ սկսած ազատագրումի երթը յուսադրիչ հանգրուան մը նուաճեց դէպի ժողովուրդի իշխանութիւն: Պէտք է մեր պետականութիւնը վերակառուցել այդ հանգրուանին վրայ: Իսկ այդ երթը խափանելու ամէն փորձ պարզապէս ջուր կը լեցնէ մեր գերիշխանութեան եւ անկախութեան սպառնացող ուժերու ջաղացքին:
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ասպարեզ» թերթի այսօրվա համարում: