Երկուշաբթի, 26 Մայիս 2020-ին Շամ Թայմզ հաղորդեց, որ սուրիական կառավարութիւնը որոշում առաւ ժամանակաւորապէս դադրեցնելու այլ երկիրներէ սուրիացի քաղաքացիներուն վերադարձը ցնոր տնօրինում։ Կառավարութիւնը որոշեց այս նիւթին շուրջ քննարկումը յետաձգել մեկուսացման կեդրոններէն ներս գտնուող պսակաձեւ ժահրով վարակուած պարագաներուն բուժուելէն ետք։
Կառավարութիւնը աւելցուց, որ Սուրիոյ Առողջապահութեան Նախարարութիւնը զանազան միջոցներ որդեգրած էր այլ երկիրներէ ժամանած բոլոր վարակուած պարագաները քննութեան ենթարկելու եւ մեկուսացման յարմար կեդրոններ յատկացուցած էր վարակուածներուն համար։
«Գանձասար»