Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Թերեւս աշխարհի վրայ Հայաստանը այն փոքրաթիւ երկիրներէն է, ուր մարդիկ իսկապէս համոզուած են, որ պսակաձեւ ժահր չկայ, եւ թէ կատարուածը դաւադրութիւն մըն է. «Հայրենիք»

Մայիս 23,2020 09:30

Եթէ վարակաբաններուն եւ առողջապահութեան մարզի պատասխանատուներուն մտավախութիւնները իրականութիւն դառնան, ութ յունիսին Հայաստանի մէջ պսակաձեւ ժահրով վարակուած անձերուն թիւը պիտի հասնի տասներկու հազարի, ինչ որ ահաւոր կացութիւն մը պիտի ստեղծէ՝ Հայաստանի հիւանդանոցային ցանցին համար, որովհետեւ պարզապէս կարողութիւնը չունի բժշկական հոգատարութիւն ցուցաբերելու միաժամանակ մեծ թիւով ծանր եւ ծայրայեղ ծանր պարագաներու։ Այսինքն՝ շատ հաւանաբար կրկնուի Իտալիոյ եւ Սպանիոյ սենարիոները, երբ եւրոպական բժշկական եւ հիւանդանոցային համակարգերու տէր երկու երկիրներուն մէջ ալ վարակուած ծայրայեղ ծանր պարագաները պարզապէս մնացին իրենց մահճակալներուն մէջ՝ մահը դիմակալելով։

… Վարակումներու օրական կշռոյթը բնաւ լաւատեսութիւն չի ներշնչեր, թէ թիւի, թէ վերաբերումի եւ թէ ալ պսակաձեւ ժահրին նկատմամբ հայաստանեան հասարակութեան մօտ ստեղծուած տարօրինակ տեսութիւններու իմաստով։ Թերեւս աշխարհի վրայ Հայաստանը այն փոքրաթիւ երկիրներէն է, ուր մարդիկ իսկապէս համոզուած են, որ պսակաձեւ ժահր չկայ, եւ թէ կատարուածը դաւադրութիւն մըն է, որ իրականութեան հետ ոչ մէկ առնչութիւն ունի։

«Մենք աղբերներ ենք, հետեւաբար զիրար չենք վարակեր», «Մենք Գաւառից ենք, քորոնան մեզ չի կպի», «Սուտ է։ Նման վիրիւս չկայ», «Չեմ հաւատում», «Մեր շրջապատին մէջ վարակուածներ չկան։ Ամէն ինչ սուտ է»։ Նման տեսակէտներ եւ գաղափարներ այսօր Հայաստանի մէջ այնքան տարածուած են, որ առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեանը մղեցին յայտարարելու, որ ստիպուած պիտի ըլլան ընկերային հաղորդակցութեան միջոցներու վրայ նմանօրինակ տեսակէտներ գրառողներուն անձնական տուեալները իրաւապահ մարմիններուն փոխանցելու, որպէսզի հետաքննութիւն բացուի, իմանալու համար, թէ ով կը կանգնի այս քարոզչական վտանգաւոր արշաւին ետին։

Անշուշտ ոչ բոլորը նման դաւադրական եւ անհիմն գաղափարներու կը հաւատայ։ Մանաւանդ անոնք, որոնք իրազէկ են հիւանդանոցներու խիստ հոգատարութեան բաժանմունքներու մէջ իրենց կեանքին համար պայքարող վարակուած անձերու մղած մահու եւ կենաց պայքարէն։ Իրազէկ են նաեւ ամբողջ աշխարհը տակնուվրայ ըրած համաճարակին վտանգին տարողութենէն եւ առ այդ պատասխանատուութեան ամբողջական գիտակցութեամբ կը ջանան գործադրել պարետատան սահմանած կանոնները, վարակումներու ահաւոր շղթան կոտրելու եւ վարակին առաւել տարածումը կասեցնելու համար։

Սակայն մտածելակերպի, ապրելակերպի եւ սովորութիւններու պատճառով Հայաստանի մէջ կայ նաեւ համաճարակին դէմ պայքարին մէջ անհատին դերը անտեսող վտանգաւոր իրավիճակ մը, երբ մարդիկ տակաւին բազմամարդ յուղարկաւորութիւններու ներկայ կ՛ըլլան, իրարու հետ կ՛ողջագուրուին, իրարու ձեռք կը սեղմեն, սրահներու մէջ կողք կողքի նստելով կը խօսակցին։ Վերաբերումներ, որոնք վարակումներու պատճառ կ՛ըլլան։

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» շաբաթաթերթի այս համարում

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Մայիս 2020
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Ապր   Հուն »
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031