Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Սեփական ժողովուրդը սխալ առաջնորդող ոեւէ իշխանութիւն, իր ժողովուրդին առջեւ պատասխանատու է իր ըրածին. Սեւակ Յակոբեան

Մայիս 18,2020 12:22

Հայաստանի մէջ մինչ քորոնա ժահրի վարակումներու հետ առնչուած թիւերը յարաճուն աճ կ՛արձանագրեն, իշխանութիւնները զարմանալի ինքնավստահութեամբ մը երկրին տարածքին արգելափակումները կը կրճատեն:

Եղածը չյայտարարուած՝ «հօտի ախտամերժութիւն» (herd immunity) տեսութիւն կը թուի ըլլալ, որ հիւսիսային եւրոպայի կարգ մը զարգացած երկիրներ ի սկզբանէ որդեգրեցին (ոմանք ձախողեցան),  մինչ ուրիշներ արգելափակումները չեղջեցին միայն այն ատեն երբ իրենց մօտ վարակումներու թիւերը զգալի նահանջ արձանագրեցին:

Մեր մօտ սակայն կայ ու կը մնայ գոյութենական հարցում մը. մեր երկրի առողջապահական համակարգը  պատրա՞ստ է օրական հարիւրաւոր վարակակիրներ ընկալելու եւ մեծաթիւ ծայրայեղ պարագաներ  բուժելու: Ճիշդ տուեալները երկրին պատասխանատուները անպայման ունենալու են, որուն մասին մեր մօտ գոյութիւն չունեցող տուեալներով չենք ուզեր քննարկել, սակայն մեզի կը վերապահենք իրաւունքը բարձրաձայն ըսելու եւ զգուշացնելու, որ յարատեւ բարձրացող մահուան դէպքերուն պաշտօնական լուրին մէջ երեւցող հետեւեալ տողը. «… մահացողները ունեցած են ուղեկցող քրոնիկական հիւանդութիւններ» չքմեղանք մը չէ եւ պատկան մարմինները իրենց քաղաքացիներուն մահուան պատասխանատուութենէն զերծ չի կրնար պահել:

Ըլլայ քորոնա ժահրի ճգնաժամի տնօրինմամբ, թէ այլ խնդիրներու մէջ իր սեփական ժողովուրդը սխալ առաջնորդող ոեւէ իշխանութիւն, աշխարհի ոեւէ երկրին մէջ որ ըլլայ, իր ժողովուրդին, պատմութեան եւ ընդհանրապէս մարդկութեան առջեւ պատասխանատու է իր ըրածին:

***

Վերջին պահուն իմացանք, որ Հայաստանի Նորքի հանգստեան տան մէջ 41 հայորդիներու քննութիւններու արդիւնքը դրական դուրս եկած է…: Եթէ Աստուած չընէ այս իրավիճակը դժբախտ ելքով աւարտի, յոյսով ենք, որ պաշտօնական պատճառաբանութիւնը  յանկարծ անոնց տարիքային դասակարգը պատճառաբանելով իրենց կեանքի դժբախտ աւարտին համար պատասխանատու չի սեպեր խնդրոյ առարկայ հայորդիները, որովհետեւ այս պարագային խնդիրը աժան պատճառաբանութենէ դուրս գալով կը վերածուի մարդկային բարոյականութեան խնդրի, որ անհետեւանք չի կրնար մնալ:

Սեւակ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Լիբանանի «Զարթօնք» օրաթերթի

Գլխաւոր խմբագիր

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Մայիս 2020
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Ապր   Հուն »
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031