Հայաստանի ղեկավարները պէտք է լսել եւ հետեւիլ լրատուամիջոցներուն (մամուլ, ձայնասփիւռ, հեռատեսիլ), արդիականութեան հետ քայլ պահելու համար: Թաւշեայ յեղափոխութեան հունով հնչեց անգլերէն վեթթինկ բառը, որ այնքա՜ն կրկնուեցաւ, որ կարծէք հայերէն դարձաւ: Յառաջդիմական եւ գիտուն ըլլալու համար, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ), հայերէնը պէտք է համեմել եւ աղճատել այստեղէն այնտեղէն որսացուած բառերով:
Վեթթինկ…vetting…
Դիմեցի բառարանի օգնութեան. vetting – vérification, ուրեմն՝ ճշդում, ճշգրտութեան հաստատում, վստահութեան երաշխիք: Եթէ տնտեսութեան, արդարադատութեան, ճարտարարուեստի եւ այլ ծրագիրներու համար փափաքելի է vetting ընել, զանոնք ընդունելէ եւ գործադրելէ առաջ ճշդումներ ընել, ինչո՞ւ նոյն ընթացքը չենք որդեգրեր,- պրոցես, պրոցետուրա, processus, procédure,- ընտրենք այն եզրը զոր հաճելի կամ իմաստուն կը գտնենք, երբ հայերէն կը խօսինք եւ կը գրենք, պետական եւ մտաւորական վերին ոլորտներէն մինչեւ շարքային քաղաքացին:
Գործածուող հայերէնի ճշգրտութեան նկատմամբ ինչո՞ւ նախանձախնդրութիւն չենք ցուցաբերեր: Ինքնավեթթինկ ինչո՞ւ չենք ըներ: Առաջին հերթին՝ ղեկավարութիւնները, քաղաքական, կրօնական, մշակութային, կրթական: Ինչո՞ւ հայերէնի դէմ չարագործութիւն գործողները քաղաքական, տնտեսական, գիտական, կրթական, լրագրական, ճարտարագիտական մարզերու մէջ, վասն հայերէնի պաշտպանութեան, վեթթինկ չենք ըներ եւ վերաբերում չենք ճշդեր: Ինչպէ՞ս կարելի է ազգ, պետութիւն, համայնք, կուսակցութիւն, դպրոց, թերթ, ձայնասփիւռ եւ հեռատեսիլ ղեկավարել, նպատակ ունենալ ազգին եւ հայրենիքին ծառայել կամ զայն առաջնորդել, երբ անպատիժ եւ սանձարձակ կերպով մեր ինքնութեան կռուան լեզուն կը խեղճացնենք եւ կը դիմազեղծենք:
Կարդացեք նաև
Բոլոր ձեւի աւազակները, խարդախները, իրենց դիրքերը չարաշահողները, կաշառակերները եւ այլ ոճրային ընթացքի մէջ գտնուողները կը հետապնդուին, դատարան կը տարուին: Ո՞վ չէ լսած ճառերու մէջ բարձրագոչ հնչած այն խօսքը, որ մեր լեզուն մեր մեծագոյն ժառանգութիւնն է, կռուանը մեր ինքնութեան եւ պատմութեան բեմէն անհետացման դէմ մեր զէնքն ու զրահը, բայց իրապէս ի՞նչ կ’ընենք անոր պաշտպանութեան համար: Հարցումը չ’ուղղուիր մասնակի ճիգերու եւ հաւատաւոր հետզհետէ աւելի փոքրացող շրջանակներու, կղզեակներու, այլ ԱԶԳի եւ ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԱՒԱԳՆԵՐՈՒՆ: Միշտ՝ Հայաստան եւ սփիւռք(ներ):
Վերջին ամիսներուն, հնարաւորութեանս ներած չափով, հաւաքեցի հայերէն խօսքի եւ գրութեան մէջ տուն-տեղ եղած հայերէնի հետ ոչ մօտէն ոչ ալ հեռուէն առնչուող շուրջ 1100 բառեր: Նոյնքան բառերով լեզու մը կարելի է խօսիլ: Սփիւռք(ներ)ի մէջ հայագրութիւն եւ հայախօսութիւն տեղի կու տան, գիտենք, նոյնիսկ երբ ճիգ կ’ընենք: Հայաստան, լեզուի ներկայի պատկերին եթէ հետեւինք, կրնանք ենթադրել, որ եթէ ընթացքը շարունակուի հայերէն տառերով օտար լեզու մը պիտի ստեղծուի, կամ՝ օտարաբառ հայերէն, եթէ այսպէս կարելի է խօսիլ:
Անցեալին, քրիստոնէութիւն ուսուցանելու համար թրքախօսներուն, աղօթք եւ շարական հայատառ թրքերէնի կը վերածէին, փոխանակ անոնց հայերէն սորվեցնելու: Լսա՞ծ էք մեր գեղեցիկ «Նորաստեղծեալ» շարականը… թրքերէն: Մինչեւ այսօր ականջիս մէջ է շարականին թրքերէնը. «Քելամ ուլլահ սեմավէթի, իպտտատան Րապ էյլէտի, վէ սեմավի ասկէրլերի»… Հիմա, նոյն օրինակով, հայերէն տառերով օտար լեզուով կ’արտայայտենք գիտութիւն, տնտեսութիւն, ճարտարագիտութիւն, տեսութիւն, քաղաքականութիւն, արուեստ եւ մշակոյթ, եւ դեռ՝ բանջարեղէնի եւ պտուղներու անուններ:
Երբեմն միամտօրէն կը մտածեմ, որ հայերէնի տաճարին մէջ, պիտի յայտնուի՞ յանուն Մերոպի, Նարեկացիի, Շնորհալիի, Վարուժանի, Տէրեանի, Չարենցի, իր մտրակը շաչեցնող հայ Նազովրեցին:
Այդ պաշտօնին կոչուած է Հայաստանի ԼԵԶՈՒԻ ԿՈՄԻՏԷն:
Սահմանադրութիւնը կ’ըսէ, որ ՀԱՅԵՐԷՆԸ ՊԵՏԱԿԱՆ ԼԵԶՈՒ Է:
Բայց ԼԵԶՈՒԻ ԿՈՄԻՏԷն օրէնքով նախատեսուած իրաւասութիւն ունի՞, պէտք է ունենայ, հայերէնի դէմ նախայարձակում – ագրեսիա – գործողները դատարան տանելու, անոնք ըլլան նախագահ, վարչապետ, նախարար, հրամանատար, ակադեմիկոս եւ …օլիկարխ: Դատելու, վճիռ արձակելու եւ պատիժ սահմանելու, որպէսզի վարսավիրանոցի ցուցականակին վրայ չգրուի էպիլացիա, նախարարը չըսէ պլանտացիա, պաշտօնեան չտայ ատեստատ կամ ատեստացիա… Հայերէնը այսքա՜ն աղքատ լեզու է, կամ հանրային աշխատաւորները այսքա՜ն տգէտ… Իսկ ինչպէ՞ս որակել նոյն հունով ընթացող մամուլը:
Լեզուին դէմ նախայարձակումը յանցանք պէտք է համարուի, ըստ Սահմանադրութեան, քանի որ ան նախայարձակում է մեր ինքնութեան դէմ, այսինքն՝ որպէս ազգ մեր գոյութեան, վտանգ:
Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» թերթի այս համարում