Կաթիլ մը մեղր եւ …
կեցցէ՛ «ոչ-բռնութեան» մշակոյթը
Թաւշեայ յեղափոխութեան յաջողութեան նշանակալի թուականի մը՝ Փաշինեանին գործադիր իշխանութեան տէր դառնալուն երկրորդ տարեդարձին օրը՝ Մայիս 8-ին Ազգային ժողովին մէջ տեղի ունեցաւ Մարուքեան-Միքայէլեան կռփամարտի միջադէպը։ Սասուն Միքայէլեանի՝ Մարուքեանին ուղղած «Հօբար» արտայայտութիւնը զայրացուց վերջինս ու յանգեցուց «Ելք» դաշինքի նախկին երկու զինակիցներու բախումին։ «Հօբար», այսինքն՝ ժողովրդային լեզուով հօրեղբայր, ինքնին աւագ սերունդին դիմելու շատ տարածուած յարգալից եղանակ է։ Սակայն եկուր տես որ քաղաքական կաթսան այնքան եռացած վիճակ ունի, որ նոյնիսկ կաթիլ մը մեղրի առակին նման՝ «մեղրէն ալ անուշ» խօսքը, կռիւի առիթ ծառայեց։
Անշուշտ ամբողջ Խորհրդարանը պէտք չունէր մէջտեղ թափելու երկու կռուարարներ իրարմէ անջատելու համար։ Պատկերը զաւեշտական էր, բայց՝ խօսուն։ Պահ մը Խորհրդարանի հարթակը կռուի դաշտի վերածուելու տպաւորութիւնը ձգեց։ Բայց բարեբախտաբար, աղէտը աւելի տեսողական էր, քան՝ իրական։ Սակայն, այդ պիտի ըլլար փողոցներուն մէջ յեղափոխութեան իսկական պատկերը՝ հարիւրապատիկ աւելի վայրագ ու արիւնալի, եթէ ժողովրդային ըմբոստութիւնը չըլլար ոչ-բռնի, «թաւշեայ»։ Այն ժամանակ ոեւէ մէկը «հօբար» ըսած-չըսած՝ ծեծի եւ բռնութեան պիտի ենթարկուէր։
Եւ վերջին հաշուով այս միջադէպէն գլխաւոր շահողները եղան Խորհրդարանը եւ «Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութիւնը, որոնք շնորհիւ միջադէպին՝ յայտնուեցան լրատու միջոցներու ուշադրութեան կեդրոնին։ Խլեցին լրատուական առաջնութիւնը Քոչարեանի դատավարութեան եւ նոյնիսկ Շուշիի ազատագրման եւ Համաշխարհային Բ. պատերազմի յաղթանակի տօնախմբութեան։
Կարդացեք նաև
Անկախ Հայաստանը կը տառապի խորհրդարանական կազմաւորուած ընդդիմութեան բացակայութենէն, որ նախկին երեք նախագահներու օրօք չէ գոյացած։ Ներկայիս ալ նոյն տագնապն է որ կը շարունակուի։ Բուն ընդդիմութիւնը կը մնայ արտախորհրդարանական, որքան ալ «Լուսաւոր Հայաստան»-ը փորձէ ինք եւս բռնութեան թեման հետապնդել։ Նախկին իշխանութիւնը կը մնայ գլխաւոր քաղաքական ընդդիմութիւնը, որ ունի իր համակիրները պետական պաշտօնէութեան մէջ, իր զօրաւոր լծակները՝ լրասփիւռներ, ընկերային ցանցեր, դրամագլուխ։
Մայիս 8-ի միջադէպը կրնայ «Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութեան առջեւ դուռը բանալ կեդրոնական ընդդիմադիր ուժ հանդիսանալու, եթէ կարենայ ժողովուրդին արդարութեան պահանջը բաւարարող, երկրին ինքնիշխանութիւնը ապահովող իրագործելի ծրագիր մը մշակել։
ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ
Ժ.Չ.
«Նոր Յառաջ» երկօրեայի Մայիս 14-ի թիւին (1463) քաղուածք