Լրահոս
Օրվա լրահոսը

«Չկայ այնպիսի եզրոյթ մը, որ կ՝ընդգրկէ այդքան սարսափ եւ բռնութիւն, ինչպէս «սուրի աւելցուկ» արտայայտութիւնը». «Ակօս»

Մայիս 11,2020 12:54

Էրտողանը՝ խօսելով ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մասին՝ նշած էր, որ Թուրքիոյ մէջ կան «սուրի աւելցուկ» ահաբեկիչներ, որոնց թոյլ պիտի չի տան որեւէ գործողութիւն իրականացնել։

«Ակօս» թերթը, ի պատասխան Էրտողանի այս յայտարարութեան, հրապարակած է յօդուած մը։

«Աւելի քան 100 տարի անցած է, սակայն այդ սուրը ոչ մէկ կերպ վար դրուած է։ Արդէն պէտք է առերեսուինք այդ մտածելակերպին հետ․․․

Թէ որուն կ’ըսեն, որ խումբին համար կ’ըսեն ատիկա, նոյնն է, չկայ այնպիսի եզրոյթ մը, որ կ՝ընդգրկէ, կ’ենթադրէ այդքան սարսափ եւ բռնութիւն, ինչպէս «սուրի աւելցուկ» արտայայտութիւնը»,- գրած է թերթը։

Թերթը կը յայտնէ, որ Թուրքիոյ մէջ «սուրի աւելցուկ» արտայայտութիւնը երկար տարիներ կը շարունակեն օգտագործել։ Ատիկա ըսելով՝ նկատի ունին 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութենէն փրկուած հայերը։

«Թուրքիոյ պետական եւ քաղաքական աւանդոյթը, որ կը պնդէ, թէ «ցեղասպանութիւն չէ եղած», որքան ալ որ տարօրինակ է՝ ցեղասպանութիւնը նկարագրող այդ եզրոյթը ամէն անգամ կ՝օգտագործեն են, որպէսզի սպառնան այն հայերուն, որոնք նախընտրած են մնալ այս երկրի մէջ, վերջիններուս յիշեցնեն այդ երկրին մէջ իրենց դիրքին մասին, միւս կողմէն ալ ահաբեկեն այն միւս խումբերը, որ ստիպուած եղած են ենթարկուելու նման բռնութեան կամ՝ կ՝ենթարկուին»,- նշուած է յօդուածին մէջ։

Նշուած է, նաեւ, որ տուեալ եզրոյթը վերջին տասնամեակներուն աւելի շատ կ՝օգտագործուի այն շրջանակներուն համար, որոնց Թուրքիան իր թշնամին կը համարէ։

Թերթը քննադատած է Էրտողանի այդ յայտարարութիւնը, յայտնելով, որ ինչպէս իրենք, այնպէս ալ տարբեր զգայուն խումբեր կը փորձեն նկարագրել, թէ ատիկա կ՝ընդգրկէ բռնութեան եւ կոտորածի քաղաքականութիւն։

«Սակայն ակներեւ է, որ այդ զգուշացումները եւ քննադատութիւնները կարեւոր չեն համարեր եւ անտարբերութեան կը մատնեն։ Պետութեան վարած քաղաքականութեան տեսանկիւնէն սուրը դեռ «գործիք» մըն է, որ դեռ կ՝օգտագործուի հասարակութեան սպառնալու նպատակով եւ անհրաժեշտութեան պարագային կը շրջանառուի եւ պիտի շրջանառուի»,- նշուած է «Ակօս»-ի մէջ։

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Մայիս 2020
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Ապր   Հուն »
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031