«Գանձասար» – Մայիս ամսուան մէջ կը յիշատակուին երկու տօներ՝ Նահատակներու տօնը եւ Մայրերու տօնը, որոնք վեր կը բարձրացնեն զոհողութեան եւ նուիրուածութեան վսեմ յատկութիւնները:
Բարեպատեհ այս տօներուն առիթով, Կիրակի, 10 Մայիս 2020-ի առաւօտուն, յետ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան, ընկերակցութեամբ Արժ. Տ. Գառնիկ Քհնյ. Չափանեանի, այցելեց Սուրիոյ պատերազմի կարգ մը նահատակներու մայրերուն, իրենց բնակարաններէն ներս:
Սրբազան Հայրը իր հայրական օրհնութիւնը տալով մխիթարեց նահատակներուն մայրերը եւ կեանք խորհրդանշող գարնանային ծաղկեփունջ նուիրելով իր որդիական սէրն ու յարգանքը յայտնեց անոնց, մեծարելով իրենց զաւակներուն նահատակութիւնը եւ անոնց ընդմէջէն բոլոր մեր նահատակները, որոնք Սուրիական Հայրենիքի ազատութեան համար իրենց կեանքը նուիրաբերեցին:
Սրբազան Հայրը նահատակներու ընտանիքներուն հետ մտերմիկ զրոյց ունենալով մօտէն հետաքրքրուեցաւ անոնց առողջական, նիւթական եւ հոգեկան պայմաններով եւ իր զօրակցութիւնն ու աջակցութիւնը յայտնեց անոնց:
Այս առիթով, Մասիս Եպիսկոպոս իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Սուրիական Հայրենիքին եւ սուրիահայութեան անունով պատրաստակամութիւն յայտնեց ի գին ամէն զոհողութեան պայքարելու՝ Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութիւնը ապահովելու համար:
Սրբազան Հայրը գօտեպնդեց եւ խրախուսեց նահատակներուն ընտանիքները, հաստատելով, որ նման հանդիպումներով շարունակ պիտի յիշենք մեր նահատակները եւ անոնց յիշատակը անթառամ պիտի պահենք մեր հաւաքական յիշողութեան մէջ: