Խայտառակութիւն մը եւ ո՛չ միայն: ՀՀ կառավարութեան գործունէութեանց քննարկման ժամանակ երէկ, Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ներկայութեամբ, «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութեան նախագահ՝ պատգամաւոր Էտմոն Մարուքեանի ելոյթի ժամանակ ծեծկռտուք տեղի ունեցաւ ՀՀ Ազգային ժողովին մէջ:
Ամենատգեղ բանը այս պատահարին մէջ այն էր, որ ան պատահեցաւ Հայ ժողովուրդին համար շատ խորհրդանշական՝ Շուշիի ազատագրման տօնին։
Պէտք է յիշել, որ երէկ նաեւ երկրապահի օրն էր, որուն նախագահ Սասուն Միքայէլեանը խորհրդարանին մէջ սպառնաց կտրել ընդդիմադիր գործիչին վիզը…
Ա՞յս է մեր երազներու հայրենիքին Ազգային ժողովին մակարդակը։ Երէկուայ տեսարանը հարուած մըն է բոլորիս, որուն հերոսները երեւի չեն գիտեր, թէ ի՞նչ կ՛ընեն: Արդեօ՞ք չեն գիտեր…
Կարդացեք նաև
Այլապէս ալ մեղադրելի եւ զզուելի այդ տեսարանը, գոնէ Շուշիի յաղթանակի տարեդարձի օրը տեղի չունենար: Այդ օրը գոնէ ըլլայինք աւելի զգոյշ, համբերող, հանդուրժող եւ հասուն մարդ արարածներ: Այսպէ՞ս է, որ կը յարգենք յիշատակը Շուշիի ազատագրութեան ճամբուն ինկած մեր հերոսներուն:
Մեր նահատակներուն տեսլականէն շատ հեռու է այսօրուայ մեր խորհրդարանն ու այնտեղ պարզուող իրավիճակը… Փողոցային ոճով հարցեր լուծելը, մեր երկրին խորհրդարանին վայել երեւոյթ մը չէ եւ կ՛ամչցնէ մեզ՝ բոլորիս:
Անհանդուրժողականութեան եւ ծեծկռտուքի այս մշակոյթը մեր խորհրդարանը մտցնողները հաշիւ ունին տալիք մեր ժողովուրդին: Ազգային ժողովը, ազգային «մանկապարտէզի» վերածած մարդիկ, պատմութեան, մեր ժողովուրդին եւ Աստուծոյ առջեւ պատասխանատու են: Անոնք՝ հաշիւ ունին տալիք Շուշիի ազատագրման համար մղուած հերոսամարտին ինկած մեր տղոց յիշատակին:
Ամօ՛թ երէկուայ խայտառակութեան «հերոսներուն»: Հազար ամօ՛թ:
Սևակ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
ԼԻԲԱՆԱՆԻ «ԶԱՐԹՕՆՔ» ՕՐԱԹԵՐԹԻ ԳԼԽԱՎՈՐ ԽՄԲԱԳԻՐ