Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Ուշադրութենէ չի վրիպիր Երեւանի իշխանութիւններուն խուսափումը՝ Մոսկուայէն պաշտօնական բացատրութիւն պահանջելու․ «Հայրենիք»

Մայիս 09,2020 10:25

Արցախեան տագնապին բանակցային հոլովոյթին մէջ ներկայ իրավիճակին մէջ չկան կտրուկ փոփոխութիւններու առաջնորդող տուեալներ, մինչ կողմերը առաւելաբար կը շեշտեն ու կը խօսին դասական կեցուածքներու մասին։ Մինչ ատրպէյճանական յանկերգը կը վերաբերի Ատրպէյճանի հողային ամբողջականութեան եւ «միջազգայնօրէն» ճանչցուած պետական սահմաններու վերականգնման, հայկական կողմը կը նշէ փոխադարձ զիջումներու հիմամբ լուծման մը կարեւորութիւնը, ուր Արցախի ապահովութեան երաշխաւորութիւնը նկատի պէտք է առնուի, իբրեւ առաջնահերթութիւն, որուն զուգահեռ պէտք է ընդհանուր լուծման կէտերը քննարկուին։

Այսինքն՝ փուլային լուծման փաթէթը հայկական կողմէն մերժելի է։
Գէթ այսպէս է իրավիճակը՝ հայկական տեսանկիւնէն։ Մէկէ աւելի առիթներով՝ վերջին օրերուն Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը, իր ղեկավարին եւ բանբերին միջոցով ասիկա յստակացուց, որովհետեւ Մոսկուա- Պաքու առանցքին վրայ վերջին շրջանին ակնյայտ է կեցուածքներու որոշակի նոյնութիւն մը, ինչ կը վերաբերի ատրպէյճանամէտ լուծման մը տարբերակի ծանուցման ճիգերու, որոնք Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրովի հրապարակուեցան՝ հայկական կողմը մղելով, որ հակադարձէ եւ հերքէ, թէ նման փուլային լուծման փաթէթ քննարկման առարկայ է։

Հակառակ անոր որ Լաւրովի այս պնդումները կարելի է տեղաւորել Երեւանի հետ ոչ այնքան բացայայտ լարուածութեան մը դրսեւորումները, Արցախեան տագնապին առնչուած նման կեցուածք, այդ ալ երբ կը հրապարակուի ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահ, եւ տագնապին մէջ առանցքային դերակատարութիւն ունենալու կոչուած Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարին կողմէ, որոշ հարցադրումներու եւ մտահոգիչ դիտարկումներու դուռ կը բանայ, թէ իսկապէս Մոսկուայի քուլիսներուն մէջ ինչպիսի բանակցութիւններ, խորհրդակցութիւններ, խօսակցութիւններ թէ սակարկութիւններ կը կատարուին, որ Լաւրով տարիէ մը ի վեր առիթ չի փախցներ յայտարարելու փուլային լուծման փաթէթի մը քննարկման մասին, մինչ Երեւան կ՛աճապարէ հերքելու, իսկ Պաքու կը ձայնակցի Ռուսիոյ դիւանագիտութեան պետին։

Մինչ այդ ուշադրութենէ չի վրիպիր նաեւ Երեւանի իշխանութիւններուն խուսափումը՝ Մոսկուայէն պաշտօնական բացատրութիւն պահանջելէ, թէ երբ իսկապէս բանակցային սեղանին վրայ չկայ փուլային լուծման փաթէթ մը՝ առ ի քննարկում, ապա ինչու Լաւրով առիթ չի փախցներ նման փաթէթի մը մասին խօսելու համար։

Ա.Ա.

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» թերթի այս համարում

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Մայիս 2020
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Ապր   Հուն »
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031