Հայկական կողմը (յանձին Հ․Հ․ կառավարութեան) հրապարակաւ մերժած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարին կողմէ վերջերս առաջադրուած «փուլային» տարբերակը։ Ուրախ ենք այս կարեւոր յստակացման համար։ Բայց նաեւ բոլոր երեւոյթները ցոյց կու տան, որ հայկական կողմի բանակցողները կը շարունակեն բանակցիլ Մատրիտեան փաթեթի Քազանեան տարբերակը հիմ ընդունելով։
Թող ներուի մեզի այլեւս հարց չտալ այս մասին եւ պարզապէս ըսել, որ յիշեալ օրակարգով գործելը բացարձակապէս անօգուտ է եւ ապայժմէ։ Այս օրակարգը բանակցային չի կրնար համարուիլ այլեւս, քանի որ ան էապէս ազրպէյճանական օրակարգ է։ Ան միակողմանի է եւ անընդունելի։ Այս օրակարգէն շահողներն են ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խումբի Համանախագահող երկիրները, Ազրպէյճանն ու Թուրքիան։ Այս օրակարգէն տուժողներն են Արցախն ու Հայաստանը։ Փաթեթային ըլլայ, թէ փուլային՝ բացարձակապէս անհեթեթ բան է խօսիլ հողային զիջումներու մասին, երբ իրական խնդիրը Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգութեան կենսական խնդիրն է։ Հետեւաբար մերժե՛լ Մատրիտեան փաթեթը իր բոլոր կարծեցեալ «շնորհ»ներով եւ պահանջել անվտանգութեան հարցին շուրջ կառուցուած նոր օրակարգ։
Մատրիտեան-Քազանեան փաթեթով մենք մտած կը թուինք ըլլալ մենք մեզի դէմ բանակցելու վնասակար գործընթացին մէջ։ Այս մէկն իսկ բաւական է եզրակացնելու, որ այս փաթեթը արդէն վաղուց սպառած է ինքցինք։ Մենք պիտի խզենք այս անհարազատ պորտակապը եւ պահանջենք, որ բանակցային գործընթացը որդեգրէ այնպիսի օրակարգ, որ լուրջի առնուի, առաջին հերթին, Ազրպէյճանի կողմէ։ Արցախի բանակցային գործընթացը պիտի չըլլայ Ալիեւի քմահաճ խաղերու խաղավայրը։ Մենք պիտի չընդունինք այդ կարգավիճակը։ Իսկ բոլորին կողմէ պիտի յարգուին հայկական կողմի ազգային գերագոյն շահերը։ Այսքան պարզ։
Կարօ ԱՐՄԵՆԵԱՆ