Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Ռուսական դիւանագիտութիւնը Արցախի խաղաթուղթը գործածեց որպէս հակազդեցութիւն՝ Հայաստանի մէջ ռուսական ընկերութիւններուն դէմ հակակաշառակերութեան ստուգումներուն. «Նոր Յառաջ»

Մայիս 02,2020 10:04

Ռուսական դիւանագիտութիւնը Արցախի խաղաթուղթը գործածեց որպէս հակազդեցութիւն՝ Փաշինեանի կառավարութեան կողմէ Հայաստանի մէջ ռուսական ընկերութիւններուն դէմ հակակաշառակերութեան ստուգումներուն եւ կազի գինը վերատեսութեան ենթարկելու պահանջին։

Թաւշեայ յեղափոխութեան երկու տարիներուն ընթացքին, Հայաստան-Ռուսաստան տնտեսական եւ ռազմավարական յարաբերութիւնները զարգացան ու կարեւոր աճ արձանագրեցին, սակայն, այս ըսել չէ որ անհամաձայնութիւններ չկային։ Երկու պետութիւններն ալ ռազմավարական գործընկերութիւնը վեր դասեցին եւ հանդուրժողութիւն ցուցաբերեցին մէկը միւսին հանդէպ, ինչպէս՝ Հայաստանի դիտանկիւնէն նախկին վարչակարգի բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու արտայանձնումի մերժումը եւ Քոչարեանի պաշտպանութեան պարագան, իսկ Ռուսաստանի դիտանկիւնէն՝ Փաշինեանի կառավարութեան ինքնիշխանութեան դիրքորոշումներէ բխած անկախ գործելաոճը, արեւմտամէտ գործակիցներով շրջապատուած ըլլալը եւ Ռուսաստանի պետութեան շահաբաժնով գործող ընկերութիւններու ստուգումները՝ կաշառակերութեան դէմ պայքարի ծիրէն ներս։

Պսակաձեւ ժահրի համաճարակը եկաւ կարգ մը միջպետական խաղի կանոններ վերատեսութեան ենթարկելու։ Պետական մակարդակի ուժգին հակազդեցութիւն ցուցաբերողը եղաւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով, որ շրջանցելով Արցախի տագնապի լուծման համար Մինքի խումբին կազմակերպած՝ Մնացականեան-Մամետեարովի եւ միջազգային բանագնացներու հեռավար հանդիպումը, անսպասելի կերպով յայտնեց փուլային լուծումի մը շուրջ բանակցութիւններու գոյութիւնը։ Յայտարարութիւն մը, որ բոլորովին կը հակասէր Երեւանի ցայսօր որդեգրած դիրքորոշումին։

Լաւրովի սոյն յայտարարութիւնը կը յիշատակէր նաեւ ռուսական կողմին համար Հայաստանի հետ գործընկերութեան թերի կողմը՝ Հայաստանի մէջ գործող ուժանիւթի եւ երկաթուղիի ռուսական ընկերութիւններու դէմ շղթայազերծուած ստուգումները։ Լաւրովի յայտարարութիւնը կու գար նաեւ ռուսական կազի գինը նուազեցնելու Հայաստանի պահանջէն ետք։ Հայաստանի համար կազի գինը էական նշանակութիւն ունի տնտեսական հաւասարակշռութիւնը պահպանելու եւ ընկերային դժգոհութիւններ չյառաջացնելու առումով։ Անցեալ տարի երկար ու բարդ բանակցութիւններէ ետք, ռուսական կողմը ճնշելու համար Փաշինեանի կառավարութեան վրայ՝ նախատեսած էր Հայաստանին պարտադրել կազի գինի աստիճանական յաւելումներ։ Համաճարակը ուժանիւթի միջազգային շուկայի գիները տապալած ըլլալով՝ Հայաստան ուզեց առիթէն օգտուիլ եւ նուազեցնել երկկողմ համաձայնութեամբ անցեալ տարի ճշդուած կազի գինը։

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Մնացականեանի խիստ հակազդեցութեան արժանացաւ Լաւրովի յայտարարութիւնը։ Ռուսական դիւանագիտութիւնը վերջին տասնամեակին ցոյց տուած է իր բացառիկ ձեռնհասութիւնը միջազգային բարդ պայմաններու մէջ, ինչպէս՝ իրանեան հիւլէական ճգնաժամի կամ սուրիական տագնապի ժամանակ պատուաւոր լուծումներ գտնելով։ Լաւրովի յայտարարութիւնը թէեւ ուղղուած էր Հայաստանին, միաժամանակ ան խօսք էր տարածաշրջանի մէջ Հայաստանի ճակատագրով անմիջականօրէն հետաքրքրուող երկիրներուն, եւ առաջին հերթին Ազէրպայճանին, որուն տնտեսութիւնը կանգնած է անկումի եզրին, քարիւղի միջազգային տագնապին պատճառով։ Եւ զարմանալիօրէն, Լաւրովի յայտարարութիւնները Ազէրպայճանի Արտաքին գործոց նախարար Մամետեարովի դէմ դժգոհութեան աւելի մեծ ալիք բարձրանալուն պատճառ եղան, քան՝ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարին։

Գալիք շրջանը ճակատագրական է այն բոլոր պետութիւններուն համար, որոնք չեն գիտեր ինչպէ՞ս պիտի դիմագրաւեն համաճարակին հետեւանքները։ Միջպետական բարեկամական յարաբերութիւնները եւս մեծ փոփոխութիւններու կրնան ենթարկուիլ այս պայմաններուն մէջ։

«Նոր Յառաջ» երկօրեա

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Մայիս 2020
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Ապր   Հուն »
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031