Ֆէյսպուքեան ուղիղ եթերով ԱԺ փոխնախագահ Ալեն Սիմոնեան անդրադառնալով վերջերս իր եւ քաղաքացի Արթուր Դանիէլեանի միջեւ փողոցը պատահած դէպքին, ի միջի այլոց ըսաւ. «… ինք ինձ հայհոյեց…. ես մօտեցայ եւ ըսի, որ իր մասին նոյն կարծիքը ունիմ եւ գլուխով հարուածեցի քիթին: Կը կարծեմ, իւրաքանչիւր մարդ, որ հիմա կը դիտէ, իւրաքանչիւր երիտասարդ, չի կրնար ըսել, թէ ճիշդ էր այլ կերպ վարուիլը»:
Այո սիրելի ընթերցող: Ճիշդ այսպէս արտայայտուեցաւ ՀՀ Ազգային Ժողովի փոխ-նախագահը: Իր իրաւունքը իր ձեռքով առնող այն «յեղափոխականը», որ իշխանութեան եկած էր օրէնքի ուժը հաստատելու համար մեր երկրին մէջ: Պետական մարդու «իսկական եւ օրինակելի պահուածք» արդարեւ:
***
Միւս կողմէ, եւ այլ միջադէպով մը Գաւառի մէջ պատահած վրէժխնդրական ոճիրի մը գիւղացի հեղինակը, նախորդ օր հպարտութեամբ յայտարարած է. ««Ես խմել եմ իմ ախպորը սպանողի արիւնը»:
Կարդացեք նաև
Ես վստահ եմ, որ ոճրագործ գիւղացին իր արժանի պատիժը պիտի կրէ, որ օրինակ ծառայէ բոլորին: Սիմոնեանին մասին՝ այնքան ալ վստահ չեմ: Իսկ անոր պահուածքին օրինակելիութեան (չէ՞ որ մենք մեր յոռի պահուածքը բարի օրինակներով կը սրբագրենք եւ մեր «մեծերէն» կը սորվինք) եւ վերոյիշեալ դէպքերուն զուգահեռը ստեղծելու, ինչպէս նաեւ ի պահանջեալ հարկին, յաւելեալ մեկնաբանութիւններ ընելու աշխատանքը քեզի ձգելով սիրելի ընթերցող, բարի օր կը մաղթեմ քեզի:
Սեւակ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
Լիբանանի «Զարթօնք» Օրաթերթի
Գլխաւոր Խմբագիր