Այս տարի Աւստրալիոյ դաշնային խորհրդարանականները միացած են Հայոց Ցեղասպանութեան հանդէպ երկրի դիրքորոշումը փոխելու կոչին, կը նշէ Աւստրալիոյ Հայ Դատի գրասենեակը (ANC-AU։
Հայ Դատի գրասենակին համաձայն՝ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցով Աւստրալիոյ դիրքորոշումը 2020-ին մնացած է անփոփոխ:
«Սակայն դաշնային խորհրդարանականներ Թրենթ Զիմերմանի, Ճոէլ Ֆիթցկիպընի, Թիմ Ուիլսընի, Քրիստինա Քէնիլիի, Ատըմ Պանտթի եւ Ռեքս Փաթրիքի, ինչպէս նաեւ Նոր Հարաւային Ուէյլս նահանգի վարչապետ Կլէտիս Պերեջիքլեանի, ստուերային գանձապետ Ուոլթ Սեքորտի եւ Օրէնսդրական ժողովի խօսնակ Ճոնաթան Օտիի՛ պատգամները, որոնք ճիշդ կը բնորոշեն 1915-ի իրադարձութիւնները որպէս ցեղասպանութիւն, կը խօսին այն մասին, որ Քանպերայի դիրքորոշման աջակցիլը անհնար կը դառնայ»,- կը նշէ ANC-AU-ն:
«Ճշմարտութիւնը, որուն հաւատարիմ է Աւստրալիան, այն է, որ Օսմանեան կայսրութեան իշխանութեան տակ Հայաստանի վերապրածը ցեղասպանութիւն չէ եղած»,- կը նշէ ANC-AU-ի գործադիր տնօրէն Հայկ Կայսերեան` նշելով, որ «ատիկա վիրաւորական եւ անընդունելի է մեզի` ցեղասպանութիւնը վերապրածներուն համար, որոնք հպարտօրէն Աւստրալիան տուն կ՛ անուանեն»:
«Եռագոյն»