Լրահոս
ՄԻՊ-ն էլ տեղյա՞կ չէ
Օրվա լրահոսը

Ֆրանսայի Հայ առաքելական եկեղեցին. յետընթա՞ց, թէ՞ զարթօնք. «Նոր Յառաջ»

Ապրիլ 26,2020 12:18

«Նոր Յառաջ» – Աշխարհասփիւռ Հայութեան ինքնութեան ողնաշարը հանդիսացող Հայոց առաքելական եկեղեցին կը մարմնաւորէ հաւատքի բարձրագոյն ապաստանը, բայց նաեւ ազգին (Հայաստան, Արցախ եւ Սփիւռք) առողջութեան չափորոշիչը։ Միացեալ պետական իշխանութեան մը բացակայութեան պայմաններուն մէջ՝ Եկեղեցին դարեր ամբողջ եղաւ կեդրոնաձիգ միակ հիմնարկութիւնը, որ կրցաւ ներկայացնել ու պաշտպանել հայ ժողովուրդին շահերը, ընդդէմ օտար ուժերու։ Ան ներկայիս կը հիւծի հիւանդութենէ մը, որ բազմաթիւ ուղղութիւններով կը տարածուի մարմնին մէջ, ինչպէս Ֆրանսայի պարագային՝ Նիսի հարցը, որ ծանրագոյնն է, բայց ոչ միակը։ Արդեօ՞ք վերջապէս կ՚ընթանանք տագնապին ծանրակշռութիւնը հաւաքաբար ըմբռնելու ուղղութեամբ։

Ինչպէս ֆրանսական առածը կ՚ըսէ՝ «Ցրուեցէ՛ք, տեսնելու բան չկայ», առնուազն այդ է, որ կը կարդանք Առաջնորդ Վահան եպիսկ. Յովհաննէսեանի «Առաջնորդի գրասենեակ»-ին պատրաստած իւրաքանչիւր « e-bulletin »-ի լուսանցքին, մինչ խնդրոյ առարկայ լրատուին բովանդակութիւնը կը դժուարանայ քօղարկելու Ֆրանսայի Առաքելական թեմին հեղձուցիչ անհանգիստ վիճակին տարողութիւնը։ Այդ ճոռոմ պատգամներու ընթերցումով՝ պիտի գտնէք թեմի երիտասարդներու գործունէութեանց քանի մը զեկուցում, քիչ մը հովուական, քանի մը դպիրի ձեռնադրութիւն, Ս. Երկիր ուխտագնացութիւն մը, կարճ խօսքով՝ համայնքային եւ ընկերակցական կեանքի մը «ճաշացուցակը», ուր կը տիրեն սէրն ու համերաշխութիւնը, որ վառ կը պահուի Առաջնորդին կողմէ, որու կոչումներն ու նկարները կը տեսնուին շատ յաճախ։

Մարտ 16-ի «e-bulletin »-ին մէջ «Առաջնորդին գրասենեակ»-ը աւելի նպատակայարմար դատած էր յառաջիկայ Սեպտեմբերին տեղի ունենալիք փառատօնի մը ծանուցումը որպէս գլխաւոր նիւթ ներկայացնել, մինչ նախորդ օր Հանրապետութեան նախագահը կը յայտարարէր, որ երկիրը պատերազմական վիճակի մէջ է։ Ոչ իսկ բառ մը Նիսի Մարիամ Աստուածածին ծուխի «ապստամբ ընկերակցութեան»՝ Մարտ 1-ի տարեկան արտակարգ ժողովին մասին, որ նուիրուած էր անոր կանոնագրութեան, մինչ Առաջնորդը հոն պատարագ մատուցած էր Մարտ 7-ին, Նիսի հայ համայնքի 100-ամեակին նուիրուած նշումներուն հոն գտնուելով։ Նոյնպէս, պիտի չգտնէք դոյզն տող 2009-էն ի վեր Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին պատանդ առած խումբ մը մարդոց՝ թեմական կանոնագրութիւնը անտեսելով ստեղծած՝ անթոյլատրելի լճացեալ իրավիճակին մասին։ Ոչ ալ կարդալիք որեւէ նիւթ պիտի գտնէք երիտասարդ հովիւ Յուսիկ քհնյ Սարգսեանի՝ Փարիզի ծուխէն այլ ծուխ բռնի տեղափոխման «գործին» մասին, մինչ վերջինիս պաշտօնավարութեան շրջանը ծուխի անդամներու 2018-ի ընդհանուր ժողովին միաձայնութեամբ վերանորոգուած էր մինչեւ 2023 Ապրիլ։ Որոշում մը, զոր Առաջնորդին «իշխանութեամբ» կայացուած է, ծխական խորհուրդին հետ առանց նուազագոյն խորհրդակցութեան։

Որոշում մը, որ Փարիզի ծուխի հաւատացեալները կը զրկէ ընտանիքի հայր, բոլորին կողմէ գնահատուած, յատկապէս երիտասարդներու սիրած քահանայէն, անոր տեղը բաց թողլով անորոշ ժամանակ։ Արդարեւ, մարդուժի հեռատես յանձանձումը մաս չի կազմեր ներկայի թեմական պատասխանատուներու մշակոյթին։

Չենք կրնար մենք մեզ չհարցադրել Գրիգոր աբղյ. Խաչատրեանի գէթ առժամեայ պաշտօնին շուրջ. 2016-էն ի վեր ան վարած է թեմական ընդհ. փոխանորդի պաշտօնը, իսկ 2019 Սեպտեմբեր 12-ին «մասնաւոր վարդապետութեան» աստիճանին բարձրացուած է, եւ ներկայիս՝ ստանձնել Ս. Յովհաննէս-Մկրտիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւի պաշտօնը կը նշանակէ տեսակ մը «աստիճանական անկում»։

Հոն պիտի չգտնէք նաեւ որեւէ պատասխան Արամ Քերովբեանի հրաժարականի ցնցիչ նամակին, անոր՝ որ 29 տարի ծառայեց Փարիզի Սուրբ Յովհաննէս-Մկրտիչ մայր տաճարին մէջ որպէս դպրապետ եւ որ համաշխարհայնօրէն ծանօթ մասնագէտ է հայկական շարականներու։ Ոչ ալ նոյնիսկ մէկ տող՝ Յունուար 19-ին Սիլվի Շաթոյի՝ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Լիոնի ծխական խորհուրդէն հրաժարումին պատճառած յուզումին մասին, մինչ վերջինս տասնամեակներէ ի վեր խանդավառօրէն եւ նուիրումով կը ծառայէր։ Այս հրաժարումները պէտք չէ դիտարկել 2018 Մայիսին Փաթրիս Ճօլօլեանի եւ Գեղամ Գեւոնեանի հրաժարումներէն անջատ, համապատասխանաբար՝ Թեմական խորհուրդի նախագահ եւ անդամ։ Ոչ, ոչի՛նչ պիտի գտնէք այս բոլորէն. բայց ի տարբերութիւն այս ամէնուն՝ հոն պիտի գտնէք Ֆրանսայի Հայ առաքելական եկեղեցւոյ հասցէագրուած վճարագրերով նուիրատւութիւն կատարելու կրկնուող կոչեր։ Պէտք է ընդունիլ, որ աղքատացած ծուխերը այլեւս կարողութիւնը չունին առանձին ապահովելու թեմի գործունէութեան համար պատշաճ պիւտճէ մը…

Հաշուեկշիռներու պահը 

Ֆրանսայի մէջ անցեալին Հայկական եկեղեցին ունեցած է լարումի բազմաթիւ շրջաններ, բայց 2006-ին (1) թեմի ստեղծումէն ի վեր տագնապը ակներեւ է։ Բացայայտօրէն թեմին վիճակը լաւ չէ։ 2013-ին անոր անդրանիկ Առաջնորդին՝ Նորվան արք. Զաքարեանի հրաժարումը,– որու պաշտօնական պատճառաբանութիւնը՝ Գարեգին Բ. կաթողիկոսի կողմէ իր դէմ վիրաւորական վերաբերումն էր,– լախտի հարուածի ազդեցութիւն ունեցած էր։ Ատկէ շուրջ 18 ամիս ետք պիտի ընտրուէր Միացեալ թագաւորութեան եւ Իռլանտայի Հայոց Առաջնորդ Վահան եպիսկ. Յովհաննէսեան, որ զայն պիտի փոխարինէր։

Եթէ եղան մարդիկ, որոնք վախկոտութիւն կամ թուլութիւն տեսան այդ քայլին մէջ, ուրիշներ հասկցան, թէ կանոնագրական տարիքի սահմանին հասած Նորվան արք. Զաքարեան,– Գրիգորիս եպիսկ. Պալաքեանի հոգեւոր այդ ժառանգորդը,– կ՚ուզէր ամբողջովին նուիրուիլ հայ լեզուի փոխանցման եւ Լիոնի, Ալֆորվիլի ու Վալանսի մէջ դպրոցներու հիմնադրման առաքելութեան։ Պատմութիւնը պիտի վերյիշէ նաեւ առաքելական 18 ծուխեր համոզելով ու միացնելով՝ թեմը ստեղծելու անոր յաջողութիւնը, բան մը որ իր նախորդները չէին յաջողած 1927-էն ի վեր։

Այս պատկերին վրայ միակ ստուերը Նիսի ծուխի պարագան է, որ 2012-ին թեմէն հեռացուեցաւ, թեմական կանոնագրութեան եւ Եկեղեցւոյ նուիրապետութեան մերժումի, Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին հասցէին լուտանքներու, բայց նաեւ 2006-ին որդեգրած իր կանոնագրութեան անընդունելի մէկ յօդուածին պատճառով. արդարեւ, այդ յօդուածը կը նախատեսէ ծխական խորհուրդի ընտրութիւն՝ ցանկերու կարգով, ինչ որ ազատ ասպարէզ կը բանայ ամէն տեսակի խնամիական եւ հովանաւորչական շեղումի առջեւ։ Բոլոր այս տարիներու ընթացքին՝ արդարադատական անհատնում խառնիճաղանճը ա՛լ աւելի նպաստեց կացութեան փտումին, որ ա՛լ աւելի վատթարացաւ 2019 Ապրիլին խաբեպատիր հաշտութենէ մը ետք, երբ թեմիս Առաջնորդ Վահան եպիսկ. այդ եկեղեցւոյ մէջ պատարագ մատուցեց՝ Նիսի քաղաքապետ Քրիսթիան Էսթրոզիի ուշագրաւ ներկայութեան (2)։

Սուրբ Աստուածածնի «ապստամբ ծուխը» չի կրնար ամբողջովին վերընդգրկուիլ թեմին մէջ, ոչ ալ կրնայ վերատիրանալ «առաքելական»-ի իր կոչումին, ցորչափ Սուրբ Էջմիածնի Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը վերատեսութեան չենթարկէ 2012-ի իր որոշումը եւ Նիսի Ընդհ. իրաւասութեան դատարանն ալ՝ 2014-ի իր վճիռը։ Բայց, ներկայ պահուս շատ հեռու ենք այդ փուլէն։ Նիսի փուշը դեռ պիտի շարունակէ ցաւ պատճառել թեմի հիւանդ մարմնին, որու՝ 2012-ին թեմական կանոնագրութեան տրամադրութիւններուն համապատասխան ստեղծուած եւ ցայսօր իրեն հաւատարիմ մնացած «Ծովային Ալպեաններու, Վառի եւ Մոնաքոյի» ծուխին համար անըմբռնելի են Առաջնորդին եւ Թեմական խորհուրդին՝ Նիսի թղթածրարը յանձանձելու ձեւերը։ Այս հարցը լայնօրէն կը գերազանցէ Նիսի հայ համայնքի նեղ շրջանակը, քանի որ ան հասած է մինչեւ Հայաստանի իշխանութեանց բարձրագոյն շերտերը։ Այս առումով, Նիսը դարձաւ Ֆրանսայի Հայ եկեղեցւոյ առողջութեան չափորոշիչը։

Առաջնորդին նկատմամբ անվստահութիւն

Առաջնորդական աթոռը ստանձնելու առաջին ամիսներու խանդավառութենէն եւ յուսադրութենէն ետք՝ շատեր ուզեցին հաւատալ նոր շունչի մը, զոր կը մարմնաւորէր համեմատաբար երիտասարդ, Իրաք ծնած եւ ԱՄՆ-ու մէջ պատրաստուած, նոր արհեստագիտութիւններու եւ ընկերային ցանցերու սիրահար, բարեհամբոյր ու երիտասարդներուն մօտիկ այս հոգեւորականը։ Բայց պաշտօնը ստանձնելէն քիչ ժամանակ անց՝ ան որդեգրեց շարք մը անպատշաճ միջոցներ, սկսելով՝ «քաղաքական խորհրդական»-ի մը նշանակումէն, յանձին՝ Իսի-լէ-Մուլինոյի քաղաքապետական խորհրդականներէն մէկուն։ Եպիսկոպոսին գլխաւոր նախաձեռնութիւնը պիտի մնայ 2016 Ապրիլ 29-ին՝ նախագահ Հոլանտի հետ իր հանդիպումին կազմակերպումը, որ լայնօրէն բեմագրուեցաւ եւ լրասփռուեցաւ գլխաւոր դերակատարներուն կողմէ (3). ատով, Առաջնորդը կը միտէր կեդրոնական դեր մը ստանձնել համայնքին մէջ, ինչ որ սակայն անպէտ շփոթի մը դուռ բացաւ, նկատի ունենալով CCAF-ի արդէն ստանձնած դերը, որ այսօր երկրին իշխանութիւններուն մօտ ֆրանսահայ համայնքը ներկայացնելու լիազօրուած միակ մարմինն է։

2015-ին, Առաջնորդը որոշեց վերջ տալ թեմական օրացոյց-գրքոյկի տարեկան հրատարակութեան, զոր տարիներէ ի վեր կ՚իրագործէր Փարիզի ծխական խորհուրդի նախկին նախագահ ու պատուոյ նախագահ, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ պատմութեան ամէնէն հմուտ անձերէն Գեղամ Թորոսեան։ Նշենք որ, այն հաւատացեալները որոնք կ՚ուզէին ծանօթանալ Եկեղեցւոյ պատմութեան, տարբեր ծուխերու հետ կապ հաստատելու անհրաժեշտ տուեալներուն, աւանդութեանց կամ արարողութիւններու թուականներուն՝ կտրուեցան տեղեկատուական կարեւոր եւ դիւրամատչելի աղբիւրէ մը։ Առաջնորդը զայն փոխարինեց իր ընկալած տարբերակով, շատ աւելի նուազ տեղեկատուական, որ արդէն միայն երկու տարուան կեանք ունեցաւ։

2016 Դեկտեմբեր.- Վահան եպիսկ. Յովհաննէսեան հիմնեց Առաջնորդարանի բարեկամներու ընկերակցութիւնը, որ երկար կեանք չունեցաւ, քանի որ անոր մերժուեցաւ CERFA ստացագրեր տալ իր նուիրատուներուն, նկատի ունենալով՝ որ ընկերակցութիւնը մշակութային հէնք ունէր եւ ոչ թէ՝ կրօնական։ Ան ձուլուեցաւ 2018-ին, ինչ որ Թեմը առաջնորդեց Փողոցի փառատօնի մը կազմակերպութեան, նախաձեռնութիւն մը, որուն մշակութային հանգամանքը կը մնայ ապացուցելի։

2018-ին լարումը սաստկացաւ Առաջնորդին եւ Ֆրանսայի Հայ առաքելական եկեղեցւոյ աշխարհական «պատմական» դէմքերուն միջեւ։ Այդ լարումը յանգեցուց Գեղամ Գեւոնեանի հրաժարումին,– որուն 2018 Ապրիլ 24-ին Առաջնորդը մերժեց տալ հաղորդութիւն՝ անտեսելով քրոստոնէական ամէնէն տարրական սիրոյ արտայայտութիւնը,– այնուհետեւ ալ՝ Փաթրիս Ճօլօլեանի հրաժարումին։ Միաժամանակ, Առաջնորդը իր բացակայութեամբ փայլեցաւ 2018 Ապրիլ 22-ին Փարիզի Նոթր-Տամ տաճարին մէջ Ֆրանսայի Հայ կաթոլիկներու առաջնորդարանին կողմէ 1915-ի Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին մատուցուած պատարագին, որուն առաջին անգամ ըլլալով կը նախագահէր Փարիզի նոր արքեպիսկոպոսը՝ գերապայծառ Միշէլ արք. Օփըթի։

Դէպի ուղղահայեա՞ց իշխանութիւն մը

Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Ֆրանսայի հաւատացեալները, որոնք կ՚ապրին ուժգնօրէն ձուլող ֆրանսական ընկերութեան մէջ, կը դժուարանան հասկնալու, թէ ի՞նչ կ՚անցնի-կը դառնայ իրենց Եկեղեցիէն ներս։ Վահան եպիսկոպոս չյաջողեցաւ հաստատել փոխադարձ վստահութեան յարաբերութիւնը. աւելի՛ն՝ հնգամեայ պաշտօրավարութենէ ետք՝ ան դեռ դժուարութիւններ ունի ֆրանսերէնով արտայայտուելու, կը փորձէ ըստ կարելւոյն՝ քիչ ներկայացուիլ ուրիշի մը կողմէ, իսկ թեմական մարմիններուն հետ կը խորհրդակցի ա՛լ աւելի քիչ։

Եւ եթէ համայնքային կառոյցներու կազմակերպած ձեռնարկներուն՝ թեմիս անդրանիկ Առաջնորդ Նորվան արք. Զաքարեանի յաճախակի երեւումները կը զայրացնեն ներկայի Առաջնորդը, ատոնք անոր ձախողութեան ցոլացումն են այս համայնքին մէջ, որ իր կողմնորոշումը կորսնցնելու վրայ է։ Այն պահուն երբ գրի կ՚առնենք այս տողերը, թեմական կանոնագրութեան բարեփոխման ծրագիրը մտահոգութեան աղբիւր է, նկատի ունենալով՝ որ ան կը նախատեսէ իշխանութեան առաւել կեդրոնացում Առաջնորդի անձին եւ Թեմական խորհուրդին շուրջ, ի վնաս՝ Թեմական պատգամաւորական ժողովին, որ թեմին «օրէնսդիր» ու վերահսկիչ մարմինն է։ Չմոռնանք, որ թեմը ամէն բանէ առաջ ծուխերու դաշնակցութիւն մըն է, որոնց անդամները կ՚ընտրեն իրենց ներկայացուցիչները (թեմական պատգամաւորները), եւ որուն նպատակներէն է՝ քաջալերել շուրջ երկու տասնեակ ծուխերը միասնաբար աշխատելու եւ համագործակցութեան եզրեր ծաւալելու։

Մինչդեռ, ինչպէս վերեւ տեսանք, Առաջնորդին կողմէ խորհրդակցութեան պակասը, նաեւ Թեմական պատգամաւորական ժողովը եւ գլխաւոր դերակատարները,– նախ եւ առաջ՝ Նիսի տագնապին առնչուածները,– հեռու պահելու փորձերը լաւատեսութիւն չեն ներշնչեր։ Եկեղեցին աւելի քան երբեք կարիքը ունի բարեփոխուելու՝ իր անունին արժանի աղօթավայր մը դառնալու, ինչպէս նաեւ հաւատացեալներու եւ ի մասնաւորի կիներու ներգրաւման համար, որոնք ըստ գործող կանոններուն՝ ստիպուած են գոհանալու միայն օսմանեան եւ կովկասեան պատրիարքութենէն ժառանգուած աւանդական դերերով։

______

(1) Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ.ի կոնդակին՝ 2006 Դեկտեմբեր 10-ին Փարիզի մէջ հրապարակումէն ետք (2006 Հոկտեմբեր 26 թուակիր թիւ 373 կաթողիկոսական կոնդակ)։

(2) https://www.nicematin.com/vie-locale/armeniens-sainte-marie- rejoint-l-eglise-apostolique-affaire-legay-le-club-de-la-presse-denonce- un-lynchage-mediatique-375539

(3) Մինչեւ 2018 Հոկտեմբեր թեմին կայքէջը կը բացուէր այդ «բարձրագոյն աստիճանի հանդիպում»-ին նկարով։

« France-Arménie», ֆրանսերէնէ թարգմանութիւն՝ «Նոր Յառաջ»

Գրեց՝ Տիգրան ԵԿԱՒԵԱՆ

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Ապրիլ 2020
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Մար   Մայիս »
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
27282930