Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Պահն է լրջանալու․ պահն է մեր ժողովուրդին համար խորթ՝ այս անբնական ու վտանգաւոր իրավիճակին լիցքաթափման․ Սեւակ Յակոբեան

Ապրիլ 25,2020 15:08

Քորոնա ժահրի պատճառած ոչ-դասական, սակայն լիարժէք պատերազմի իրավիճակը մեր հայրենիքն ու ժողովուրդը դրաւ լուրջ մարտահրաւէրներու դիմաց մինչ տակաւին հայրենի իշխանութիւնները տակաւին խարխափումի մէջ են ինչ կը վերաբերի ազգային գերագոյն շահերուն գերադասութեան, որ մեզի կը պարտադրէ ըլլալ միակամ եւ միասնական յաղթահարելու համար այս եւ նման ամէն ճգնաժամ:

Պահն է լրջանալու: Պահն է, մեր ժողովուրդին համար խորթ՝ այս անբնական ու վտանգաւոր իրավիճակին լիցքաթափման: Պահն է ոմանց համար դադար մը առնելու իրենց տածած ատելաբանութեան իսկ ուրիշներու՝ պղտոր ջուրի մէջ ձուկ որսալուն:

Եթէ մինչեւ այսօր ներելի եւ ինչ-որ կերպ հանդուրժելի  էր որոշ բացթողումներ եւ սխալներ, մանաւանդ իշխանութեան գլուխ նոր հասած անփորձ ղեկավարութեան մը կողմէ, այսօր այլեւս, աններելի է գիտակցաբար թէ անգիտակցաբար սխալներ գործել, որոնք լրջօրէն կը վտանգէն մեզի:

Եթէ, մինչեւ հիմա որոշ չափով հանդուրժելի էր եւ հասկնալի նախկին ընդդիմադիրներուն իշխանութեան գլուխ յանկարծ յայտնուելէ ետք, որոշ անհանդուրժողութիւն այն ինչին հանդէպ, որ  նախկինը կը յուշէ իրենց, սակայն այս մէկը ոչ մէկ բանով կարելի է արդարացնել այսօր: Աւելին, այս բանը պէտք չէ հիւանդագին իրավիճակի առաջնորդէ խնդրոյ առարկայ անձերը:

Մեզի համար անընդունելի է լսել, Հայ դատի մասին կարգ մը ճահել պատգամաւորներու բարձրաձայն կամ սալոններու մէջ կատարած  յայտարարութիւնները, թէ իրենք կը յիշեն սակայն պահանջատէր չեն: Այս եւ նման արտայայտութիւններ եթէ անգիտակցաբար դուրս կու գան կարգ մը անձանց կողմէ, ապա պէտք է ըսել, որ «Տէր ներէ՛ իրենց, քանզի իրենք չեն գիտեր ինչ կ՛ընեն»: Սակայն եթէ գիտեն ինչ կ՛ընեն, այդ մէկը արդէն չափազանց վտանգաւոր երեւոյթ է, որուն առաջքը պէտք է առնել օր առաջ լուսարձակ բանալով նման պահուածքի, վրայ, որ մեզի ո՛չ այնքան անմեղ բաներ կը յուշէ: Մեր ժողովուրդը, իր նախնիները անժամանակ կորսնցուցած, տեղահանուած, հող եւ սեփականութիւն կորսնցուցած եւ աշխարհով մէկ սփռուած ժողովուրդ է: Մեզի համար հետաքրքրական չէ, թէ ո’վ ինչպէս կը մտածէ, սակայն մէկ բան մեզի համար անզիջելի է. Պահանջատիրութիւնը: Մենք պահանջատէր ենք. եւ վերջ:

Արցախը Հայ ժողովուրդի նորագոյն պատմութեան սխրանքներու եւ յաղթանակին խորհրդանիշն է: Մեր եղբայրները արիւն թափած են այնտեղ: Մեր որդեկորոյս մայրերը լալով գիշերներ լուսցուցած: Արցախի ներկային կամ կարգավիճակին մասին ոեւէ արկածախնդրութիւն կամ զիջում, մեզի համար անընդունելի է: Արցախը մեզի համար սրբութիւն է. եւ վերջ:

Մենք տասնեակ միլիոններ հաշուող ժողովուրդ չենք, իսկ մեր պապենական հայրենիքէն ընդամէնը ածու մը մնացած է մեզի այսօր: Հայ ժողովուրդի զաւակներուն ապագային հետ կամ Հայաստանի Հանրապետութեան ներքին կայունութեան թեթեւութեամբ մօտենալը աններելի է. եւ վերջ:

Ալաններու, բարբարոսներու, կայսրերու, բիւզանդիոնի, պարսիկներու, սելճուքներու, հուլաղուներու, համիտներու եւ երիտթուրքերու հողմերուն դիմացած եւ մինչեւ օրս իր ուրոյն ինքնութիւնը պահած մեր մշակոյթն ու ազգային արժէքները վեր են ամէն տեսակի այսպէս կոչուած մարդկային իրաւունքներէ եւ սխալ ըմբռնուած «եւրոպական ազատամտութենէ»: Ճահելական ինքնահաստատման բարդոյթներով, 30 արծաթով ծախուած, թէ սեռային շեղուածութեամբ,  այս արժէքները խաթարել փորձող մարդիկ, ի՛նչ հանգամանք ալ ունենան անոնք այսօր, հաշիւ ունին տալիք հայ ժողովուրդին: Նման փորձերը ի սկզբանէ ձախողութեան մատնուած են, որուն մասին լաւ պէտք է իմանան մօտիկն ու հեռաւորը: Հաշուետուութեան պահը անշրջանցելի է.  եւ վերջ:

Վերջապէս մեր դարաւոր՝ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցուոյ դէմ շղթայազերծուած բացայայտ արշաւանքը  ու անոր խորհրդանիշը վարկաբեկելու փորձերը, ո՛չ միայն երկնային նզովքին պիտի արժանանան, այլ անոնք շուտով հաշիւ պիտի տան հայ ժողովուրդին, որ համբերատար է, սակայն ոչ յաւիտենականօրէն համբերող: Վայ անոր, որ թեթեւի կ՛առնէ իր ժողովուրդին դատաստանը. ան ուշ կամ կանուխ գալու է: Նման արկածախնդիրներուն մենք լիաբերան կ՛ըսենք. Մենք պահակներն ու դրօշակակիրներն ենք Ս. Էջմիածնին: Մայր Աթոռը եւ անոր օծեալ գահակալը կարմիր գիծեր են. եւ ՎԵՐՋ:

 

Սեւակ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

ԼԻԲԱՆԱՆԻ «ԶԱՐԹՕՆՔ» ՕՐԱԹԵՐԹԻ ԳԼԽԱՒՈՐ ԽՄԲԱԳԻՐ

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Ապրիլ 2020
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Մար   Մայիս »
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
27282930