Լրահոս
Մի կտրեք եղեւնի…
Օրվա լրահոսը

Ֆրանսայի Հայ առաքելական թեմի հոգեւոր դասուն խորհրդաւոր հաղորդագրութիւնը. «Նոր Յառաջ»

Ապրիլ 25,2020 12:15

«Նոր Յառաջ» – Հայաստանի մէջ Ամենայն հայոց կաթողիկոսի յայտարարութիւնը՝ Քոչարեանին կալանքին առնչութեամբ, մեծ աղմուկ բարձրացուց։ Անիկա առիթ հանդիսացաւ նաեւ ֆրանսահայ թեմի հոգեւորական դասուն հանրային յայտարարութեան՝ ի պաշտպանութիւն Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին, որ լոյս տեսաւ հայաստանեան կարգ մը լրասփիւռներու մէջ, ուրկէ առնելով հրապարակեցինք մեր կայքէջին վրայ ալ։ Զարմանալի է, որ Ֆրանսահայ հոգեւոր դասը շրջանցելով, անտեսելով ֆրանսահայ մամուլը, հաղորդագրութիւնը ուղղակի հրապարակեց հայաստանեան լրասփիւռներուն մէջ։ Ֆրանսահայութիւնը նոյնքան հետաքրքրուած է ազգային հոգեւոր կեանքին վերաբերող յայտարարութեամբ։ Անսովոր այս երեւոյթը մեզ կը մղէ հարց տալու թէ՝ արդեօ՞ք հոգեւոր դասը իրապէս հեղինակն է այդ հաղորդագրութեան։

Անշուշտ զարմանալու շատ տեղիք կայ Ֆրանսայի առաքելական թեմին հոգեւոր դասուն փութաջանութեան հանդէպ, երբ թեմը ինքնին սարսափելի մեծ տագնապալի շրջան մը կ՚անցընէ՝ բարոյական, հոգեւոր, վարչական եւ նիւթական, մանաւանդ պսակաձեւ ժահրի տարածման պայմաններուն մէջ, երբ թեմակալ առաջնորդը՝ Վահան եպիսկ. Յովհաննէսեան իր հօտը լքած՝ ԱՄՆ ապաստանած է, «Շողակաթ» հեռատեսիլին իր իսկ տուած բացատրութեան համաձայն՝ իբրեւ ամերիկահպատակ ան հետեւած ըլլալով ԱՄՆ-ու կառավարութեան կանխազգուշական խիստ թելադրանքին։ Բարեբախտաբար, Ֆրանսայի թեմին հոգեւոր դասը, որ մեծամասնաբար Հայաստանի քաղաքացի է, չանսաց Հայաստանի կառավարութեան կոչին եւ չվերադարձաւ հայրենիք, բոլորովին անտէր ձգելով Ֆրանսահայ առաքելական հօտը։

Սակայն եկուր տես որ միջազգային համաճարակի այս աննախադէպ տագնապալի պայմաններուն մէջ, բուն զարմանալի երեւոյթը հոգեւոր դասուն Կաթողիկոսը պաշտպանելու նախաձեռնութիւնը չէ, որքան Մայր Աթոռին՝ ֆրանսահայ հոգեւոր դասին օգնութեան ապաւինելու երեւոյթը։ Ֆրանսայի մէջ կը գործէ Հայ առաքելական թեմը, որ ունի օրէնքով հաստատուած իր վարչական եւ հոգեւոր համակարգը, ունի իր Թեմակալ առաջնորդը, ունի իր Թեմական խորհուրդը, ունի իր Պատգամաւորական ժողովը, ունի իր ծուխերը։ Այս բոլոր կառոյցներուն մէջ հոգեւոր դասը օրինական ձեւով ներկայացուած է։ Ֆրանսայի թեմի հոգեւոր դաս անունով ինքնորոյն կազմակերպուած մարմին մը գոյութիւն չունի։ Ֆրանսայի մէջ հոգեւոր դասը կը ներկայացնէ Թեմակալ առաջնորդը։ Առաջին անգամ ըլլալով, Մայր Աթոռ՝ շրջանցելով թեմական նուիրապետական կառոյցը, շրջանցելով Թեմակալ առաջնորդը, հոգեւոր դասը գործի կը լծէ զինք պաշտպանելու համար։ Մայր Աթոռը իր այս քայլով կ՚արժեզրկէ, կ՚արհամարհէ իր իսկ ստեղծած թեմը, նուիրապետական իր թեւը։

Ֆրանսայի մէջ ոչ մէկ անգամ հոգեւոր դասու անունով հաղորդագրութիւն լոյս տեսած է կամ որեւէ նիւթի կապակցութեամբ ան անկախ նախաձեռնութիւն ստանձնած է։ Ֆրանսայի մէջ եւս ի զօրու է Պետութիւն եւ Եկեղեցի անջատումը։ Ըստ կրօնական ընկերակցութիւններու օրէնսդրութեան՝ հոգեւոր դասը կը զբաղի իր հօտով եւ ծիսական կարգով։ Ֆրանսայի հոգեւոր դասուն առիթները չեն պակսած իր առաքելութեան սահմաններուն մէջ արտայայտուելու եւ գործելու, սակայն ան բնաւ չէ գործած իբրեւ իրաւական մարմին։ Ֆրանսայի թեմը նորակառոյց թեմ է, ունի հազիւ 15 տարուան անցեալ եւ բազմաթիւ խնդիրներ, որոնց լուծումը կը պահանջէր հոգեւոր դասուն եւ Մայր Աթոռին դրական միջամտութիւնը։ Ինչպէս, օրինակի համար՝ Զատկուան պատարագի օրը Թեմական խորհուրդի անդամ Գեղամ Գեւոնեանին՝ հաղորդութեան մերժումին պարագային, կամ՝ Լիոնի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ առաջնորդական տեղակալ հայր Կարապետ վրդ. Յարութիւնեանի պարագային, երբ ան կարգաթող ըլլալով՝ Հայ առաքելական եկեղեցիէն անցաւ Ֆրանսայի կաթոլիկ եկեղեցի եւ կամ Թեմի հիմնադիր եւ անդրանիկ առաջնորդ Հայր Նորվան արք. Զաքարեանի հրաժարականի ժամանակ՝ Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ.ի կողմէ հանրային վարկաբեկումի ենթարկուելուն պատճառով, … օրինակները չեն պակսիր, (տե՛ս. «Ֆրանս-Արմէնի» ամսաթերթին մէջ լոյս տեսած Տիգրան Եկաւեանի «Ֆրանսայի Հայ առաքելական եկեղեցին. յետընթա՞ց, թէ՞ զարթօնք» յօդուածը, զոր «Նոր Յառաջ» թարգմանեց հայերէնի)։

Ֆրանսայի առաքելական թեմը կ՚ապրի տագնապալի պահեր եւ այդ տագնապներուն արմատները դժբախտաբար կ՚երկարին մինչեւ Մայր Աթոռ։ Ասոր ամէնէն ցայտուն օրինակը՝ 2012-ին վտարուած Նիսի ծուխին պարագան է. այդ ծուխին Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին հրամանով եւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդին որոշումով Ֆրանսայի թեմէն վտարուելէն եւ Նիսի մէջ նոր ծուխի մը հաստատուելէն ետք՝ ահա 2019-ի Զատկուան տօներուն առթիւ բոլորովին անյայտ պայմաններու մէջ, վարագոյրի ետին տեղի ունեցած համաձայնութիւններու հիման վրայ, Կաթողիկոսին օրհնութեամբ վտարեալ այդ ծուխը վերստին թեմին գիրկը ընդունուեցաւ, առանց նախնական համաձայնութեան Նիսի նորահաստատ հաւատարիմ ծուխին վարչութեան, առանց որ նախկին ծուխը սրբագրած ըլլայ կանոնագրական իր թերացումները, առանց որ Առաքելական եկեղեցւոյ եւ կաթողիկոսին հասցէին ուղղած վարկաբեկիչ խօսքերուն համար զղջում արտայայտէ… եւ դեռ առանց նկատի ունենալու Ֆրանսայի դատարանին որոշումը, որ վտարեալ ծուխին կ՚արգիլէր Առաքելական եկեղեցիի կոչումին գործածութիւնը…։

Եւ ինչպէս բացատրել Հայր Կոմիտաս վրդ. Յովնանեանի նշանակումը վտարեալ ծուխին հոգեւոր հովիւ, երբ Ֆրանսայի թեմին մէջ կան բազմաթիւ ծուխեր որոնք զուրկ են հոգեւոր հովիւէ, չունին դրամական միջոցները հոգեւոր հովիւ պահելու։ Իսկ Նիսը ներկայիս ունի իրարու հակադիր երկու ծուխեր եւ երկու հոգեւոր հովիւ։ Եւ ի՞նչ ըսել Փարիզի հոգեւոր հովիւ Յուսիկ քհնյ.ի Շարվէօ տեղափոխումին մասին, երբ Փարիզի մայր տաճարը կը մնայ առանց հոգեւոր հովիւի, հակառակ Տէր Յուսիկին պաշտօնավարութեան վերանորոգումին մասին Փարիզի մայր եկեղեցւոյ ծուխի որոշումին։

Այս բոլոր տուեալներէն մեկնած՝ մէկ բան շատ յստակ է, որ ֆրանսահայ հոգեւոր դասուն այս հաղորդագրութիւնը շարադրուած է եւ հրապարակուած Մայր Աթոռին կողմէ։ Ո՛չ անոր բովանդակութիւնը, ո՛չ լեզուն, ո՛չ ուղղագրութիւնը եւ ո՛չ ալ ոճը ֆրանսահայ հոգեւոր դասուն կը պատկանին։ Ֆրանսայի հոգեւոր դասը պէտք էր նման յայտարարութիւն մը հրապարակելէ առաջ զայն տեղւոյն թեմական մարմիններու հաւանութեան արժանացնէր։ Ֆրանսահայ թեմը այսօր ի՛նք պէտք ունի, իր ներքին տագնապները լուծելու համար, Մայր Աթոռի խորհուրդներուն եւ օգնութեան, սակայն ճիշդ հակառակն է որ կը պատահի։ Մայր Աթոռը ինքնըստինքեան պէտք չունի հոգեւոր դասու պաշտպանութեան, ան բնականաբար համայն հայ ժողովուրդի պաշտպանեալն է։ Դժբախտութիւն է հաստատել, որ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը անհրաժեշտութիւնը կը զգայ հոգեւոր դասուն կողմէ պաշտպանուելու, երբ համայն ժողովուրդն է իր բնական վահանը, եթէ անշուշտ գիտակցի անոր ներկայութեան, զգայ անոր հսկայական ներուժը։

Ժիրայր ՉՈԼԱՔԵԱՆ

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Ապրիլ 2020
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Մար   Մայիս »
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
27282930