Այսօր, յայտնօրէն կը գտնուինք նոր զարգացումներու սեմին։ Ի՞նչ դրդապատճառներէ դրդուած պէտք է համարել Պր. Լաւրովի վերջին յայտարարութիւնը։ Արդեօք ի՞նչ ի մտի ունի Մոսկուան։ Ան մեր բարեկա՞մն է, թէ թշնամին…Այս մտմտուքները մեզ որեւէ տեղ պիտի չտանին։ Ասոնք կ՚առաջնորդեն միայն ժամավաճառութեան։ Մենք պէտք է կեդրոնանանք մեր իսկ անելիքին վրայ եւ հարց տանք, թէ արդեօ՞ք մենք ըրած ենք եւ կ՚ընենք այն ինչ, որ պէտք էր ընէինք…Այս հարցումներն են, որոնք պէտք է առաջնորդեն հայ քաղաքական միտքը այսօր։ Մէկ բան յստակ է։ Հայկական կողմը պիտի չնահանջէ փաթեթային-փուլային խաղերու սադրանքին առջեւ։ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿՈՂՄԸ ԿԵՑԱԾ Է ՈՒԺԻ ԿԱՐԵՒՈՐ ԴԻՐՔԵՐՈՒ ՎՐԱՅ։ ՊԷՏՔ Է ՇԱՐՈՒՆԱԿԱԲԱՐ ԲԻՒՐԵՂԱՑՆԵԼ ԱՅԴ ԴԻՐՔԵՐԸ եւ ԱՄՐԱՊՆԴԵԼ ԶԱՆՈՆՔ ԵՒ ԸՆԴԱՐՁԱԿԵԼ ԱՆՈՆՑ ԾԻՐԸ։ ԱՄԷՆ ՈՔ ՊԻՏԻ ԳԻՏՆԱՅ, ՈՐ ՈՉ ՈՔԻ ՊԻՏԻ ԹՈՅԼԱՏՐՈՒԻ ԲՌՆԱԲԱՐԵԼ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ԳԵՐԱԳՈՅՆ ՇԱՀԵՐԷՆ ԹԵԼԱԴՐՈՒԱԾ ԿԱՐՄԻՐ ԳԻԾԵՐԸ։
Ժամանակն է, որ Հ.Հ. իշխանութիւնները վերադառնան մեր ժողովուրդին։ Այս հարցը մեր ժողովուրդի հարցն է։ Պէտք է հայ հանրութիւնը լիովին իրազեկուի, թէ ի՞նչ տեղի կ՚ունենայ դիւանագիտութեան քուլիսներուն ետին։ Ցարդ կտոր-բրդուճ տեղեկութիւններով է կերակրուած հանրութիւնը։ Այդ կցկտուր տեղեկութիւններով ան աւելի շատ ապակողմնորոշուած է քան լուսաբանուած։ Եթէ քու ուժի իրական խարիսխդ անտեղեակ է կացութեան, բարոյական ի՞նչ լիազօրութեամբ է, որ պիտի նստիս բանակցութեան։ Ժամանակն է, որ Հ.Հ. արտաքին գործոց Նախարարութիւնը հրապարակէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խումբի Համանախագահներու Բանակցային Գործընթացի Կապոյտ Գիրքը եւ այդ սպառիչ տեղեկոյթի հիման վրայ ի նորոյ թափ առնէ հանրային քննարկումը այս հարցին։
Ժամանակն է նաեւ, որ այս գործընթացը դուրս բերուի «տարածքներ վերադարձնելու» անպտուղ խօսակցութենէն եւ սեղանի վրայ դրուի իրական հարցը, որ այլ բան չէ, եթէ ոչ՝ Հ.Հ. անվտանգութեան ապահովման հրամայականը, որ կապ չունի ոչ փաթեթայինի եւ ոչ փուլայինի հետ։ Գոյութիւն ունի նախայարձակ կողմ (aggressor), որ իր իսկ յայտարարութիւններով ՝Ատրպէյճանն է։ Եւ գոյութիւն ունի այդ նախայարձակումը յաջողապէս դիմագրաւած եւ կասեցուցած կողմ, որ հայկական կողմն է եւ որ իր զաւակներու արիւնով գծած է իր անվտանգութեան սահմանագիծը։ Համանախագահող կողմերը պէտք է դրուին անվտանգութեան այս հարցին տը ժիւրէ ձեւակերպում տալու հրամայականին առջեւ եւ ատով իսկ ջանան ապահովել տարածաշրջանի կայունութիւնը։ Ազատագրուած տարածքները իրենց հարազատ իրաւատիրոջ՝ հայ պետականութեա՛ն ձեռքերուն մէջ կ՚ապահովեն տարածաշրջանը պատերազմի դէմ։ Նոյն տարածքները Ատրպէյճանի (եւ Թուրքիոյ) ձեռքերուն մէջ կը վերածուին ռազմամոլութեան խարիսխի եւ կը վտանգեն տարածաշրջանը։
Այս է իրական շրջագիծը այս հարցին։ Գոյութիւն ունեցող ռազմավարական սպառնալիքը միայն Ատրպէյճանի ռազմամոլութիւնը չէ, այլ թուրքեւԱտրպէյճանական փանթուրքիզմի մեծ վտանգը, որ, առաջին հերթին, կը սպառնայ Ռուսաստանի կենսական շահերուն…Կը կրկնեմ. հայ ժողովուրդի գծած անվտանգութեան սահմանագիծը միաժամանակ Ռուսաստանի անվտանգութեան սահմանագիծն է եւ Կովկասեան տարածաշրջանի կայունութեան երաշխիքը։ Եթէ Համանախագահող կողմերը իրարու միջեւ կը տարակարծին այս էական ճշմարտութեան վրայ, կը նշանակէ, որ բանակցային գործընթացը արդէն սպառած է ինքզինք եւ իմաստ չունի զայն արուեստական միջոցներով կենդանի պահել…
Կարդացեք նաև
Հետեւաբար պայման է, որ Հ․Հ․ իշխանութիւնները նախ եւ առաջ ապահովեն իրենց թիկունքը։ Շատ բարդ զարգացումներ կ՚ըսպասեն մեզի յառաջիկայ օրերուն։ Պայման է, որ Հ.Հ. իշխանութիւնները անյապաղ վերականգնեն երկրին եւ ազգին համաշխարհային միասնականութիւնը եւ պայման է, որ միասնաբար սկսինք ձեւաւորել հայ անկախ պետականութեան լինելիութեան համապարփակ ռազմավարութիւնը։ Ասիկա է մեծ մարտահրաւէրը այսօր եւ հոսկէ է, որ կը սկսի մեր յաղթական երթը։ Մի վատնէք ազգին սուղ ժամանակը եւ տկարութեան շինծու եզրերով մի սնուցանէք ձեզ եւ ազգը։ Հայ անկախ պետականութեան ողնայարը ամրապնդելու ժամանակն է։ Դաշնակցութիւնը վաղուց հնչեցուցած է յաղթանակի այդ բարձունքը հաւաքաբար նուաճելու մարտաշեփորը։
Կարօ Արմենեան
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» թերթի այսօրվա համարում: