Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Լաւրովի յայտարարութեան տուն տուող պատճառները կու գան հարցականներ գծելու՝ Ռուսիոյ վարած քաղաքականութեան շուրջ, որ ըստ երեւոյթին ատրպէյճանամէտ որոշ դրոյթներ ունի եւ մերթ ընդ մերթ Մոսկուա զանոնք կը յիշեցնէ. «Հայրենիք»

Ապրիլ 24,2020 12:24

Առաջին անգամը չէ, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով կը յայտարարէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին կարգաւորման Փուլային Լուծման տարբերակին մասին՝ պնդելով, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ներկայացուցիչները աշխուժ քննարկումներ կը կատարեն հանգրուանային լուծման ծրագրի մը գործադրութեան դրոյթներուն շուրջ։ Նոյնը պատահեցաւ նաեւ Երկու օր առաջ, երբ Լաւրով՝ պատասխանելով Ալեքսանտր Կորչաքովի անուան հիմնադրամին ներկայացուցիչին հետ տեսակապին ընթացքին իրեն ուղղուած հարցումներու, պնդեց, որ տարի մը առաջ Մոսկուայի մէջ կազմակերպուած հանդիպման ընթացքին կատարուած առաջարկներն են, որոնք ներկայիս բանակցութիւններու սեղանին վրայ են՝ աւելցնելով, որ Մոսկուայի հանդիպման ընթացքին այդ առաջարկները կատարուած են, ԵԱՀԿ Մինսքի խումբին համանախագահներուն ներկայութեան։ Այսինքն՝ միջազգային միջնորդները ամէն բանէ տեղեակ են։

Փուլային լուծման մէջ թաքնուած է ատրպէյճանամէտ մօտեցումներ, որոնք թէ՛ խորքային եւ թէ՛ ըստ էութեան, խոտոր կը համեմատին հայկական կողմին պատկերացումներուն, ինչ կը վերաբերի Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին լուծման։ Այլ խօսքով՝ հոս առաջնահերթը Ատրպէյճանի շահերուն ապահովումն է, զանց առնելով Արցախի կայացած պետութեան Տը Ֆաքթօ գոյութիւնը, միջազգային օրէնքով ամրագրուած ինքնորոշման Իրաւունքի արցախցիներու անսակարկելի իրաւունքը, վերջապէս՝ պապենական իր հողերուն վրայ ազատ, անկախ եւ ինքնիշխան ապրելու արցախցիներուն ընտրանքը, որ ամրագրուած է յաղթական պատերազմով մը։

Մինչ Լաւրով այս անգամ հանգրուանային լուծման նման տարբերակի մը մասին կը խօսէր շատ յատկանշական ժամանակի մը, տեսակապի միջոցով արտաքին գործոց նախարարներ՝ Զոհրապ Մնացականեանի եւ Էլմար Մամետիարովի միջեւ քննարկումներէն ետք, Մնացականեան հերթականօրէն ժխտեց Ռուսիոյ դիւանագիտութեան պետին պնդումը եւ շեշտեց, որ հայկական կողմերը հանգրուանային լուծման տարբերակը կտրականապէս կը մերժեն։ Մնացականեան «Հայկական կողմեր» եզրը կը գործածէր առաջին անգամ, նշելով Հայաստանի եւ Արցախի լիիրաւ եւ համահաւասար կարգավիճակը՝ իբրեւ բանակցող կողմ։

Լաւրովի այս յայտարարութեան տուն տուող պատճառները, գէթ Մնացականեանի լուսաբանութիւններուն ենթահողին վրայ, կու գան հարցականներ գծելու՝ Ռուսիոյ վարած քաղաքականութեան շուրջ, որ ըստ երեւոյթին ատրպէյճանամէտ որոշ դրոյթներ ունի եւ մերթ ընդ մերթ Մոսկուա զանոնք կը յիշեցնէ՝ իր արտաքին գործոց նախարարին միջոցով։ Ի դէպ այս անգամ Լաւրով նաեւ խօսեցաւ Մ․Ա․Կ․-ի Ապահովութեան Խորհուրդին կողմէ Արցախեան գոյամարտին առաջին շրջանին հրապարակուած բանաձեւերուն մասին եւ շեշտեց, որ երբ իր կողմէ նշուած դրոյթներուն շուրջ կարելի կ՛ըլլայ համաձայնութիւն գոյացնել, ապա Մ․Ա․Կ․-ի ապահովութեան խորհուրդին բանաձեւերուն գործադրութիւնն ալ ապահովուած կ՛ըլլայ։ Ասիկա ալ առաջին անգամ ըլլալով Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարին կողմէ կը բանաձեւուէր՝ իբրեւ լուծման պատկերացման միջազգային մօտեցման մը գործադրութիւնը՝ Մ․Ա․Կ․-ի ծիրին մէջ։

Հոս պէտք է նշել, որ Մ․Ա․Կ․-ի ապահովութեան խորհուրդին բանաձեւերը հրապարակուած են պատերազմական գործողութիւններու ամէնէն ծանր օրերուն եւ կը բովանդակեն ատրպէյճանամէտ եզրեր, երբ օրինակի համար հայկական ուժերէն կը պահանջուի անմիջապէս քաշուիլ ,ատրպէյճանականե հողերէ։ Բայց բոլորն ալ գիտեն, որ գոյամարտին ընթացքին հայկական ուժերը արցախեան պատմական հողերը կ՛ազատագրէին եւ ոչ թէ «ատրպէյճանական տարածքներ» ներխուժած էին։

Ա.Ա.

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» շաբաթաթերթի այսօրվա համարում:

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Ապրիլ 2020
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Մար   Մայիս »
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
27282930