Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Միջազգային շահադիտական հաշիւներով ազգ մը ամբողջ զոհաբերելու փորձութիւնը պատմութեան էջերուն գրուած դասական օրինակ մըն է քաղաքակրթութիւններու ձախողութեան. «Ասպարեզ»

Ապրիլ 24,2020 12:15

Որքան համաճարակը իր համաշխարհային տարողութեամբ ու գործած համատարած սպանդով մարդկային ողբերգութեան սեւ էջ մը կը բանայ ժամանակակից քաղաքակրթութեան պատմութեան մէջ, նոյնքան ալ հայ ժողովուրդին դէմ գործուած չարիքը, ազգի մը սահմանագիծերէն անդին, ըստ էութեան համամարդկային ողբերգութեան տխուր էջ մը կը հանդիսանայ:

Համաճարակը եկաւ բացայայտելու, որ հակառակ մարդկութեան արձանագրած գիտական եւ արհեստագիտական զարգացումներուն, անոր բարեկեցութիւնը որքան անապահով է, երբ այդ նուաճումները առաւելապէս կը ծառայեն շահադիտական նպատակներու: Իսկ մեր ժողովուրդին դէմ 105 տարիներ առաջ գործադրուած գերագոյն չարիքը, միջազգային շահադիտական հաշիւներով ազգ մը ամբողջ զոհաբերելու փորձութիւնը պատմութեան էջերուն գրուած դասական օրինակ մըն է քաղաքակրթութիւններու ձախողութեան՝ ոչ միայն կանխարգիլելու վերահաս աղէտը, այլեւ վերացնելու անոր ահաւոր հետեւանքները:

Քաղաքակրթութիւններու անճրկումին այս խորապատկերին վրայ պէտք է յատկանշուի յառաջդիմական գաղափարական շարժումներու դերը: Համաճարակը լաւագոյն առիթը եղաւ մերկացնելու աշխարհը կլանած նէոլիպերալ տնտեսական գաղափարախօսութեան ձախաւերութիւնը՝ յատկապէս մարդկութեան բարօրութեան, անոր ընկերային ու առողջապահական ապահովութեան՝ իր սահմանած գործարկումներուն մէջ:

Գաղափարական շարժումներու յանձնառութիւնը պէտք է ըլլայ պատռել այս խաբուսիկ բարօրութեան շղարշը եւ լծուիլ ընկերային բարեկեցութեան եւ արդարութեան իրա՛ւ հիմքերու վրայ ընկերութիւններու կառուցման գործին:

Մեր Գաղափարական շարժումի ուսերուն կ՛իյնայ յառաջամարտիկը մնալ մեր ազգային պահանջատիրութեան պայքարի ճակատներուն վրայ: Հարուստ են մեր կենսափորձն ու աւանդը այս պայքարին մէջ: Պատկառելի է այս կենսափորձով ու աւանդով վարակուած սերունդներու ներդրումը մեր ազգային ազատագրական պայքարի պատմութեան մէջ:

Վարակենք նաեւ եկող սերունդները:

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ասպարեզ» թերթի այսօրվա համարում:

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Ապրիլ 2020
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Մար   Մայիս »
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
27282930