ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԱԶԳԱՅԻՆ ՄԵԾ ԺՈՂՈՎԻ ՆԱԽԱԳԱՀՈՒԹԵԱՆ
24 ապրիլ 1915-ին, 250 հայ քաղաքական գործիչ, մտաւորական, լրագրող ձերբակալուեցաւ, աքսորուեցաւ դէպի Չանղըրը ու Այաշ, սպաննուեցաւ։ Այս թուականը ընդունուած է նշել որպէս Հայոց ցեղասպանութեան սկիզբը, որու հետեւանքով ոչնչացուեցաւ Օսմանեան տարածքի հայութեան մեծամասնութիւնը։
Հայ ժողովուրդին ենթարկուած այս մեծ աղէտը քննարկուած է բազմաթիւ երկիրներու խորհրդարաններուն մէջ եւ որակուած է որպէս ցեղասպանութիւն, մինչդեռ Անատոլուի հնագոյն ժողովուրդներէն մին հանդիսացող հայ ժողովուդին ենթարկուած ցեղասպանութիւնը ցայսօր քննարկուած չէ Թուրքիոյ խորհրդարանէն ներս։ Մեծ աղէտին արդարութիւնը կարելի է ապահովել միայն Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ։
Ժամանակի իշխանութիւններուն որոշումին համաձայն գործադրուած հայոց ցեղասպանութեան պատասխանատուները ճշդելու, ուշացած արդարութիւնը վերականգնելու նպատակով կ՚առաջարկեմ խորհրդարանական հետաքննութիւն մը՝ սահմանադրութեան 98-րդ ու ներքին կանոնագրութեան 104-րդ ու 105-րդ յօդուածներուն համաձայն։
Կարդացեք նաև
Կարօ Փայլան
Տիգրանակերտի պատգամաւոր
ՀԻՄՆԱՒՈՐՈՒՄ
24 ապրիլ 1915-ին, իթթիհատական կառավարութեան որոշումով եւ հայ քաղաքական գործիչներու, մտաւորականներու, գրողներու ձերբակալումով ու աքսորով սկսած գործընթացը աւարտեցաւ հայ ժողովուրդի իր պապենական հողերէն տարագրումով ու աքսորի ճամբաներու վրայ ի գործ դրուած կոտորածով։
Շրջանի ներքին գործոց նախարար Թալեաթ փաշայի անձնական թղթածրարներուն համաձայն, գիտենք որ 1914-1917 թուականներու միջեւ ոչնչացուած է Օսմանեան սահմաններէն ներս ապրող հայերուն 77 առ հարիւր տոկոսը։ 1915-ին սկսած տարագրութիւնը եւ հետագային ի գործ դրուած քաղաքականութիւնը, զինուորական եւ նման նպատակներէն աւելի, բացայայտօրէն յայտնի կը դարձնէ, որ եղած է մէկ մասը Օսմանեան տարածքին վրայ հայ ժոովուրդին հետքն իսկ ջնջելու ջանքին։
Տարագրութեան օրէնքը հայ ժողովուրդը ոչնչացնելու նպատակ հետապնդելով հանդերձ, մեծ կորուստ պատճառած է նաեւ երկրի սահմաններէն ներս բնակող ասորի, քաղդէացի, եզիտի, յոյն եւ միւս քրիստոնեայ ժողովուրդներուն։ Ի գործ դրուած քաղաքականութեան արդիւնքին վանք, եկեղեցի, դպրոց եւ նման բազմաթիւ մշակութային կառոյցներ եւ անհատներու պատկանող կալուածներ կողոպտուած կամ պետական որոշմամբ առգրաւուած են։
1915-ին եւ վաղորդայնին ի գործ դրուած ոչնչացումի ծրագրեալ քաղաքականութիւնը քննարկուած է բազմաթիւ երկիրներու խորհրդարաններուն մէջ եւ համահունչ նկատուած՝ ՄԱԿ-ի «Ցեղասպանութեան յանցագործութիւնը» բնորոշող յօդուածներուն։
Հակառակ հայ ժողովուրդին ենթարկուած աղէտէն անցած 105 տարիներուն, նիւթը քննուած չէ Թուրքիոյ Ազգային ժողովին կողմէ, հաստատուած չէ արդարութիւնը ու կատարուածին գնահատական մը տրուած չէ։
Աշխարհասփիւռ Թուրքիոյ հայութիւնը դարէ մը ի վեր արդարութեան կը սպասէ, ինչ որ կարելի է հաստատել միայն Թուրքիոյ ժողովուրդներու հասարակաց խղճին վրայ ու Թուրքիոյ խորհրդարանէն ներս։ Ճիշդ այս պատճառով, հայոց պատահած մեծ աղէտը պէտք է քննարկուի Թուրքիոյ խորհրդարանէն ներս։
Հայոց ցեղասպանութեան, որու հետ առերեսում կատարուած չէ 105 տարիէ ի վեր եւ ենթարկուած է անտեսումի, Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ քննարկումը ծայր աստիճան կարեւոր է հանրային խաղաղութեան ապահովումին ու ճշմարտութեան վերհանման համար։
Շրջանի իշխանութիւնը քաղաքական որոշումով մը ոչնչացուց հայ ժողովուրդը։ Այս մեծ ոճիրին արդարութիւնն ալ կրնայ հաստատուիլ միայն խորհրդարանի քաղաքական որոշումով։
Այս շրջագծով կ՚առաջարկենք պատշաճը կատարել խորհրդարանական հետաքննութիւն մը սկսելու համար՝ 1915-ին հայ ժողովուրդի ենթարկուած աղէտը ուսումնասիրելու, պատասխանատուները ու ոճրագործները ճշդելու, անցեալի հետ առերեսուելու եւ ուշացած արդարութիւնը ապահովելու նպատակով։