Կոչ Հայ Երիտասարդութեան Հայոց Ցեղասպանութեան 105-րդ տարելիցի եւ Սեւրի Դաշնագրի 100 ամեակի առիթով
Ցեղասպանութեան ժառանգորդ հայ երիտասարդութիւն,
Արդի պատմութեան խորագոյն վէրքերէն մէկը տակաւին կը մնայ կոտտացող։
Այս տարի կ՚ոգեկոչենք 20-րդ դարու ամէնէն բարբարոս ոճիրին՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 105-րդ տարելիցը։
Կարդացեք նաև
Հայ ազգի ֆիզիքական գոյութեան անվտանգութիւնը, հայրենիքի hողային տարածքի ամբողջականութիւնը եւ մեր անկախ պետականութեան անսասանութիւնը գերագոյն արժէքներ են, որոնց նկատմամբ որեւէ ոտնձգութիւն դատապարտելի է եւ զանոնք վերականգնելու եւ հզօրացնելու իղձը՝ անյետաձգելի։
Հայութեան դէմ գործադրուած ցեղասպանութեան համար պատասխանատուութենէ զերծ չմնաց Օսմանեան կայսրութեան իրաւայաջորդ՝ Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը, շնորհիւ՝ հայութեան անխոնջ պայքարին եւ յատկապէս հայ երիտասարդութեան զոհաբերութեան, այսօր մեծաւ մասամբ ապահովուած է Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը:
Սիրելի՛ երիտասարդներ,
Գործընթացն ու միջոցը չշփոթենք նպատակին հետ։ Օտար պետութիւններու եւ նոյնիսկ Թուրքիոյ կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումով բաւականանալը, միայն ու միայն խաբուսիկ երեւոյթ է ու ցնորք: Մեր ազգային իրաւունքներու հատուցմամբ է, որ արդարութիւնն ու մեր խոցուած արժանապատուութիւնը կը վերականգնուին եւ մեր ազգի գոյերթը կը դառնայ անվտանգ ու անխափան:
Ցեղասպանութենէն 105 տարիներ ետք, մեր հողային, նիւթական եւ բարոյական արդար իրաւունքներու պահանջատիրութեան պայքարը տակաւին կը մնայ իր սկզբնակէտին մէջ:
2020 տարին կը յատկանշուի հայ ժողովուրդի ոտնահարուած իրաւունքներու արդար հատուցումն ապահովող՝ Սեւրի Դաշնագիրի 100-ամեակով։ Այս Դաշնագիրն ու Ուիլսընեան իրաւարար վճիռը անժամանցելի են։
Այսօր ընդվզումով կ՚արձանագրենք, որ 100 տարի ետք, Սեւրի Դաշնագիրն ու Ուիլսընեան իրաւարար վճիռը չեն իրագործուած, ոճրագործը չէ պատժուած, միջազգային ընտանիքը քաղաքական շահերէ մեկնած հրաժարած է իր իրաւարարի պարտականութենէն, իսկ հայութիւնը տակաւին կը մնայ իր արդար պահանջներուն չտիրացած՝ զոհի կարգավիճակին մէջ:
Արդ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան երիտասարդութեան համոզումն է թէ ՝
հրաժարիլ մեր արդար իրաւունքներէն, կը նշանակէ ո՛չ միայն դաւաճանել մեր միլիոնաւոր զոհերուն, այլեւ՝ մշտական դարձնել հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան հանդէպ թրքական եւ ազերիական սպառնալիքները եւ տկարացնել մեր ազգի անվտանգութիւնը:
Արեւմտեան Հայաստանը ո՛չ միայն պատմական տարածք է, այլեւ գրաւուած հայրենիք, որուն ազատագրման նկատմամբ մեր հաւատքը կը մնայ աներեր։
Սիրելի՛ երիտասարդներ,
Սեւրի Դաշնագիրի նպատակն ու բովանդակութիւնը համարելով հայ ժողովուրդի պահանջատիրութեան հիմքը, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան երիտասարդական շարքերը յանձնառու են զայն այժմէական հիմնախնդրի վերածելու եւ հասցնելու իր յաղթական նպատակակէտին։
Ուստի կոչ կ՚ուղղենք հայ երիտասարդութեան,
Հաւատալ թէ պիտի կարենանք վերականգնել մեր իրաւունքները: Միասնականութիւնն ու մեր պահանջուած իրաւունքներու գծով համախոհութիւնը յաջողութեան նախապայնններն են: Այս ուղութեամբ հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի համահայկական պահանջատիրական հռչակագիրը ունի այժմէական նշանակութիւն:
Որպէս ապագայ միացեալ Հայաստանի կորիզ, ճիգ չխնայել ու սատար կանգնիլ հայկական պետականութեան ու անոր հզօրացման: Արցախի ազատագրական պայքարի հայանպաստ լուծումը գրաւականն է մեր պահանջատիրութեան յաղթանակին:
Ամրացնել երիտասարդութեան կապը Արեւմտահայատանի պատմական, մշակութային, ազգագրական, աշխարհագրական տուեալներուն եւ արժէքներուն հետ։
Ձեռք բերել քաղաքագիտութեան, պատմագիտութեան, ցեղասպանագիտութեան, միջազգային իրաւունքներու վերաբերող մասնագիտական կարողութիւններ։
Մասնակից դառնալ Հայ Դատի հետապնդման աշխատանքներուն, նոր թափ hաղորդել անոնց եւ մշտապէս բարձրաձայնել հայութեան իրաւունքներու վերկանգման դատը։
Սիրելի՛ երիտասարդներ,
Համաշխարհային պատմութիւնը ցոյց կու տայ, որ իւրաքանչիւր ազգ, որ եղած է միասնակամ եւ ապաւինած է իր սեփական ուժին՝ հասած է իր ազգային իտէալներուն: Յարատեւ պայքարի ճամբով մենք ալ պիտի վերականգնենք մեր ազգի իրաւունքները:
21 Ապրիլ 2020
ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական Գրասենեակ