Արցախի համապետական ընտրութիւններու աւարտին, մրցակցային պայմաններու մէջ Արցախի ժողովուրդը ընտրեց իր նոր նախագահը եւ խորհրդարանի անդամները:
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը, իր Արցախի կառոյցի կազմած դաշինքի ընդմէջէն որպէս ընտրութիւններուն մասնակից կողմ, կ’ողջունէ մրցակցային եւ ժողովուրդի աշխոյժ մասնակցութիւն ապահովող պայմաններու մէջ կայացած ընտրութիւնները:
Միաժամանակ, մեծապէս կ’արժեւորէ ՌԱԿ-ի Արցախի միաւորի դրական ներկայութիւնը եւ ընտրութիւններու մասնակցութիւնը, վստահեցնելով, որ ՌԱԿ-ը իր պատմական աւանդը պիտի շարունակէ ունենալ ժողովրդավարական եւ իրաւական համակարգի հաստատման գործին՝ ի փառս Արցախի ժողովուրդին:
ՌԱԿ-ը կը հաւատայ, որ արդէն ժամն է Ազգային միասնականութեան, համախմբումին, համոզուած ըլլալով, որ ազգային միասնականութեան ամրապնդումն ու ժողովուրդի միասնական նպատակներու շուրջ համախմբումը այսօրուայ հրամայականն է եւ կենսականօրէն անհրաժեշտ է Արցախի անվտանգութեան եւ ընկերային ու տնտեսական զարգացման համար:
Կարդացեք նաև
Այսօր աւելի քան ակնյայտ է, որ ռամկավարութեան եւ ազատականութեան սկզբունքներու իրագործումը կարեւորագոյն գործօն է Արցախի համար: Արդ, լիայոյս ենք, եւ կը հաւատանք, որ արցախահայութեան շահերէն մեկնելով, նորընտիր իշխանութիւնները որդեգրելով միասնականութեան ճանապարհը, կ’առաջնորդուին ժողովրդավարական սկզբունքներով եւ ամենայն յանձնառութեամբ կ’իրագործեն Արցախահայութեան համար փայլուն ապագայ կերտելու տեսլականը:
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը յաջողութիւն կը մաղթէ Արցախի Հանրապետութեան յաջորդ նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանին եւ ձեւաւորուող իշխանութիւններուն:
Առանձնայատուկ երախտագիտութիւն կը յայտնենք մեր նախագահական թեկնածու Մասիս Մայիլեանին, բարձր գնահատելով առաջին հերթին անոր պարկեշտ, բանիմաց, հաւասարակշռուած, արհեստավարժ դիւանագէտի նկարագիրն ու անցած քաղաքական ուղին, ինչպէս նաեւ ընտրութիւններու ընթացքին անոր որդեգրած գիտակից պահուածքը եւ Արցախի ապագայի նկատմամբ դրսեւորած բարձր պատասխանատւութիւնը, եւ իրեն տրուած աւելի քան 26% վստահութեան քուէները կը համարենք պատուաբեր յաջողութիւն, որոնց համար ալ առանձնակի շնորհակալութիւն կը յայտնենք իրենց ձայնը մեր թեկնածուին վստահող քաղաքացիներուն:
Համազգային միասնականութեան կոչով եւ Ազգային անվտանգութեան սպառնացող պատուհասներու կանխումը ամէն ինչէ վեր դասելով, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը կու գայ անգամ մը եւս հաստատելու, որ հաւատարիմ մնալով հայ ժողովուրդի գերագոյն շահերը պաշտպանելու իր սկզբունքներուն, Սփիւռքի իր կառոյցներով եւ Հայաստանի ու Արցախի իր միաւորներով պիտի շարունակէ իր բոլոր միջոցները ծառայեցնել հայութեան գերագոյն շահերու պաշտպանութեան, համահայկական առաջնահերթ մարտահրաւէրներու դիմակայման եւ հայրենիքի ամրապնդման ու հզօրացման:
ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ
Ռաֆֆի ՊԱԼԵԱՆ / Ատենադպիր
Մայք ԽԱՐԱՊԵԱՆ / Ատենապետ