Այս օրերուն Քրիստոնէական մեծ ընտանիքը կը տօնախմբէ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան խորհուրդը, որ մշտապէս առաջնորդած է մեր ժողովուրդը եւ նոյն խորհուրդով ապրած իր բերկրանքը:
Այս ոգին պէտք է վերահաստատուի ամրութեամբ եւ միասնակամութեան ոգով հայրենի պետականութեան եւ հայ եկեղեցւոյ իշխանութեանց միջեւ: Անհրաժեշտ է պահպանել փոխադարձ յարգանքի անկեղծութիւնը՝ ապահովագրելու համար խնամքի եւ հոգածութեան յանձնուած ժողովուրդի անդորրը:
Ազգովին աղօթքը դարձնենք մեր կեանքի առանցքը, որուն մէջ պարտ ենք գտնել մեզ յուզող հարցերու խաղաղ լուծումը եւ անքակտելի միութիւնը մեր ազգի, պետութիւն եւ եկեղեցի մէկ ամբողջութեան առջեւ խոնարհումով:
ՀԱՅՑ. ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՄՆ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԹԵՄ