«Ասպարեզ»/«Ակօս»․- Ինչպէս ծանօթ է, «Քորոնա» վարակը եւ անոր դէմ գործադրուած կանխամիջոցները բաւական սուղ արժած են գրաւոր մամուլին։ Սակայն, ճգնաժամը առաւել ծանր տանողներն են Թուրքիոյ ազգային փոքրամասնութիւններու պատկանող թերթերը։
Այդ առումով, յարմար դատեցինք անոնց մատնուած իրավիճակը լսել նոյնինքն հրատարակիչներէն։ «Մարմարա» օրաթերթի հրատարակութեան վարիչ Արի Հատտէլեր կը յայտնէ, թէ «Մարմարա»ն եւս մատնուած է լուրջ դժուարութիւններու։ «Որոշեցինք խմբագրատունը փակել եւ թերթը առցանց պատրաստել։ Զրկուելով տպագրուած թերթի վաճառքէն՝ արդէն նիւթական կորուստ մը ունեցած էինք։
Անոր աւելացաւ նաեւ եկեղեցական ծանուցումներուն դադրիլը։ Նախապէս կը կարծէինք, թէ հազիւ քանի մը շաբաթ պիտի տեւէ այս ընթացքը, իսկ հիմա կը տեսնենք, որ բնականոն աշխատանքի վերադառնալու համար աւելի երկար ժամանակի կը կարօտինք։ Չեմ գիտեր, թէ արդէն դժուար պայմաններով գոյատեւող թերթերը դեռ որքան կրնան դիմագրաւել նիւթական այս նեղ կացութիւնը։ Կ՛ուզեմ կոչ ընել մեր համայնքի պատասխանատուներուն, որ իրենց ծանուցումներուն համար բաւարար չտեսնեն «Դիմատետր»ի եւ այլ ընկերային ցանցերու ու իբր զօրակցութիւն ծանուցումներ տան մամուլին», կ՛ըսէ ան։
Պոլսոյ հնագոյն մամուլն է «Ժամանակ»ը, որ 113 տարիներէ ի վեր անխափան կը շարունակէ իր առաքելութիւնը։ «Ժամանակ»ի հրատարակութեան տնօրէն Արա Գօչունեան եւս մտահոգ է տիրող ծանր պայմաններով։ Ան կ՛ափսոսայ, որ համաճարակը զուգադիպեցաւ Մեծ Պահքի եւ Ս. Զատկի շրջանին՝ ըսելով․ ««Ժամանակ»-ը այժմ միակ հայատառ մամուլն է, որ կը շարունակէ իր տպագրութիւնը։ Մեծ զգուշութեամբ կը շարունակենք խմբագրատան մէջ թերթը պատրաստելու գործը։ Կը մաղթեմ, որ այս անցումային շրջանը յաղթահարենք՝ պահպանելով մեր հիմնական արժանիքները»։